Որոնել

Հայր Փետրօ Արրուփէ Հայր Փետրօ Արրուփէ 

Սկիզբ տրուած է Յիսուսեան Միաբանութեան երբեմնի մեծաւոր՝ Հայր Փետրօ Արրուփէի երանացման դատին։

Հայր Արրուփէ Յիսուսեան միաբանութեան մեծաւոր եղած է 1965 – 1983 տարիներուն։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հայր Փետրօ Արրուփէ եղաւ «արտակարգ ու գորովով լի Աստուծոյ ու Եկեղեցւոյ մարդ։ Անոր յատուկ առաքելական հոգին, անոր հաւատարմութիւնը Յիսուսեան միաբանութեան ուխտին եւ անոր զգայնութիւնը ընկերային ողբերգական իրավիճակներուն նկատմամբ ինչպէս նաեւ անոր սէրն ու մօտիկութիւնը աղքատներուն» վկայուած են անոր բազմաթիւ միաբանակից եղբայրներու կողմէ»։ Այսպէս կը գրէ Յիսուսեան Միաբանութեան ընդհանուր մեծաւոր Հայր Արթուրօ Սոզա Ապասքալը Հայր Փետրօ Արրուփէի երանացման դատի սկիզբը հռչակող հրապարակած իր նամակին մէջ։

Հայր Արրուփէ ինք եւս եղած է միաբանութեան մեծաւոր 1965 – 1983 տարիներուն։

Հայր Սուզա կը նշէ թէ «Հայր Արրուփէ իր գործելակերպով  նոր ուղիներ բացաւ Յիսուսեաններու կեանքի վերանորոգումի ծիրէն ներս» մատնանշելով Վատիկանեան Բ Տիեզերական Ժողովի ընթացքին Հայր Արրուփէի ուղղած հրաւէրին «պայքարելու համար ամէն տեսակ անարդարութեան դէմ» ապա ունկնդրելու «փախստականներուն ճիչը» հուսկ յանձնառու ըլլալու խթանել «հաշտութիւնը, համամիութիւնն ու կրօնական երկխօսութիւնը»։

«Երանացման դատի սկիզբը, Սուրբ Աթոռի կողմէ «nihil obstat» ը ընդունելէ ետք հաւանաբար սկիզբ պիտի առնէ 5 փետրուար 2019-ին՝ Հայր Արրուփէի մահուան 28 տարեդարձին օրը՝ Լատերանի Սուրբ Յովհաննէսի անուան պազիլիքային մէջ» կը յայտնէ միշտ Հայր Սուզա իր նամակին մէջ ապա կոչ կ՛ուղղէ այս առընչութեամբ ՝ հայր Արրուփէի կեանքի մասին ու անոր մահուընէ ետք գոյութիւն ունեցող փաստերն ու տեղեկութիւնները ուղարկել սրբադասման դատի  ընդհանուր խնդրարկուին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/11/2018, 08:58