Որոնել

Սուրբ Հոգի Սուրբ Հոգի 

Ի՞նչ կը նշանակըէ Սուրբ եւ Ո՞վ է սուրբը:

«Դուք Սուրբ եղէք, որովհետեւ ես ձեր Տէր Աստուածը Սուրբ եմ» (Ղեւտ 19:20)

Եթէ բառարաններու բացատրութիւններուն նայինք, պիտի տեսնենք թէ «սուրբ» կը նշանակէ մաքուր, անարատ, անմեղ, յստակ, պարկեշտ եւ արդար:
Իսկ «սուրբ» բառին Աստուածաշունչի բացատրութիւնը կը տարբերի:
Ա.- Հին Կտակարանի բացատրութեամբ «Սուրբ» կը նկատուէր այն որ ընտրուած էր Աստուծոյ գործին համար:
Բ.- Նոր կտակարանի բացատրութեամբ, բոլոր անոնք կը հաւատան Տէր Յիսուս Քրիստոսի կը կոչուին «սուրբ» որովհետեւ շնորհքով փրկուած են ու զատուած՝ այս աշխարհէն, ըլլալու՝ նոյն աշխարհին մէջ, որպէսզի տարածեն եւ վկայեն Տէր Յիսուս Քրիստոսի լուրը բոլոր մարդկանց, սկսեալ անմիջական շրջանակէն:
Ո՞վ է Սուրբը:
Սուրբը այն է, ամէն մարդ, որ կ'ապրի աստուածային արժանիքներով՝ հաւատքի, յոյսի եւ սիրոյ մէջ իր կեանքին ընթացքին երկրի վրայ:
Սուրբերը եւ բարեկամները Քրիստոսի կը ծառայեն Աստուծոյ անօթութեան եւ ծարաւի մէջ, ցուրտի, աշխատանքի, յոգնութեան, հսկումներու եւ ծոմապահութեան, աղօթքներու եւ մտածականի մէջ:
Աղխատ են երկրաւոր ինչքերէն, սակայն հարուստ են շնորհքով եւ առաքինութիւններով:
Օտարականներ են աշխարհին, բայց միացած Աստուծոյ եւ անոր մտերիմ բարեկամներն են:
Կ'ապրին հնազանդութեամբ եւ եղբայրասիրութեամբ:
Եկեղեցին Սուրբերու հաւաքականութիւնն է:
Եկեղեցին կը պահանջէ նուազագոյնը երկու հրաշք, որպէսզի յայտարարէ անձի մը սրբութիւնը, եւ այդ հրաշքը կը պատահի ընդհանրապէս որոշ պարագաներու մէջ, յաճախ երբ անձ մը բուժուի այն ժամանակ երբ բժշկութիւնը անկարող կ'ըլլայ զայն բժշկելու:
«Սուրբ» կը կոչուի նաեւ որեւէ իր, առարկայ եւ ոեւէ անձ, որ կը զատուի իր տեսակին մէջէն եւ կը յատկացուի նուիրական նպատակի մը, եւ իբրեւ այդ՝ կը ստանայ յատուկ օրհնութիւն, եւ ոչ միայն քահանաները եւ վանականները:
Ըստ Քրիստոնէական հաւատալիքներուն փոխյարաբերութիւնները հաւատացեալ ապրողներուն եւ մահացածներուն մէջ չեն ընդհատուի հոգապէս, եւ հետեւաբար, ապրող հաւատացեալները միջնորդութիւն կ'ուզեն, քանի որ Սուրբերը կ'աղօթեն եւ կ'աղաչեն Աստուծոյ երկրի հաւատացեալներուն համար: Կրնանք ըսել թէ՝ բարեխօսութեամբ Սուրբեր են:
Ի վերջոյ միայն Աստուած կրնայ կոչել մարդը Սրբութեան, քանի որ Ինքը Ս. Հոգին է եւ աղբիւրը Սրբութեան:
Յամենայնդէպս, ամէն օր, հաւատացեալը կանչուած է նորոգելու իր ուխտը, հաւատարիմ մնալու իր անձը սրբացնող՝ Տէր Յիսուս Քրիստոսի եւ ապրելու անոր կամքին համաձայն վկայութեան եւ լուսաւոր կեանք: Ամէն:

Հայր Գէորգ Եպիսկոպոս Ասատուրեան

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/11/2018, 11:54