Որոնել

Երիտասարդներու նուիրուած  եպիսկոպոսներու սիւնհոդոսէն առնուած լուսանկար Երիտասարդներու նուիրուած եպիսկոպոսներու սիւնհոդոսէն առնուած լուսանկար 

Սիրելի երիտասարդներ եկեղեցին ձեզի հետ է :

Սրբազան Պապը բացումը եւ փակումը կատարեց երիտասարդներու սիւնհոդոսին, որուն ընթացքին եկեղեցւոյ հայրերը, որոնք եկած էին աշխարհիս զանազան թեմերէն ուսումնասիրելու երիտասարդներու այսօրուայ հրատապ հարցերը:

Հոկտեմբեր ամսուն ընթացքին տեղի ունեցաւ երիտասարդներու սիւնհոդոսը նախագահութեամբ Փրանկեսկոս քահանայապետին:
Սրբազան Պապը բացումը եւ փակումը կատարեց երիտասարդներու սիւնհոդոսին, որուն ընթացքին եկեղեցւոյ հայրերը, որոնք եկած էին աշխարհիս զանազան թեմերէն ուսումնասիրելու երիտասարդներու այսօրուայ հրատապ հարցերը:
Պապը անձամբ ներկայ գտնուեցաւ բոլոր նիւթերուն յոյսի նոր զարթնում մը յարուցանելու սիւնհոդոսի միջոցաւ:
Սիւնհոդոսի բացման խօսքը ուղղելով երիտասարդներուն ըսաւ: «Երիտասարդները մեզ կը կոչեն իրենց հետ միասին յանձն առնելու ներկան ու պայքարելու իրենց արժանապատուութեան զարգացումը սահմանող իրականութիւններուն դէմ»:
«Իսկ մխիթարիչ Սուրբ Հոգին զոր Հայրը իմ անունովս պիտի ղրկէ, Ան ձեզի պիտի սորվեցնէ ամէն բան եւ պիտի յիշեցնէ բոլոր ըսածներս» (Յովհ 14,26):
Սրբազան արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին աշխարհի բոլոր երկիրներէն ժամանած սիւնհոդոսական 267 հայրեր, յետմիջօրէին Վատիկանի սիւնհոդոսական սրահին մէջ ընթացք կու տան «Երիտասարդները, Հաւատքը եւ Կոչումի զատորոշումը» խորագրով եպիսկոպոսական 15 րդ սովորական սիւնհոդոսն, որ ամբողջութեամբ նուիրուած է երիտասարդներու:
Իր մտահոգութիւնը ներկայացնելով ժողովական հայրերուն ըսաւ. « Անոնք մեզմէ կը պահանջեն ստեղծագործ նուիրում, իմաստուն եւ յոյսով լի շարժականութեան մը որպէսզի զանոնք միայնակ չի թողունք մահուան շուկային մէջ, որ կը ճնշէ անոնց կեանքին վրայ եւ կը մթագնէ անոնց տեսլականը: Միասին երազելու կարողութիւնը, որ Տէրը այսօր մեզի կը նուիրէ որպէս եկեղեցի՝ Սուրբ Պօղոսի խօսքերուն համաձայն կը պահանջէ որ «իւրաքանչիւրը փնտռէ ոչ միայն իր շահը, այլ նաեւ ուրիշներուն շահը» ու խոնարհութեամբ մէկը մոյսը ունկնդրենք, որպէսզի միասին զատորոշենք այն ինչ որ Տէրը կը խնդրէ իր եկեղեցիէն, խուսափելով ինքնակառավարման տրամադրութենէն»: ըսաւ ապա նորին Սրբութիւնը կարեւորելով (անկեղծ ունկնդրութիւնը): « Ունկնդրել Աստուած որպէսզի անոր հետ ունկնդրենք մարդկային ճիչը, ունկնդրել մարդիկը որպէսզի անոնց հետ շնչենք մեզ կանչող Աստուծոյ կամքը» ըսաւ սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Կոյս Մարիամի մայրական հովանիին տակ դնելով այս ժամանակահատուածը որպէսզի մեզի ընկերանայ ճանչնալու համար Հոգիին հետքերը եւ անոնց վրայէն ընթանալով ընկերանանք ու խրախուսենք մեր երիտասարդները որպէսզի երբեք չի դադրին մարգարէանալէ»:
Եկեղեցին կը փափաքի որ այդ ընկերութիւնը որ դուք կը պատրաստուիք կառուցել, յարգէ արժանապատուութիւնը, ազատութիւնը եւ մարդկանց իրաւունքը:
Իմաստը այդ վստահութեան թէ գոյութիւն ունի արդար ու բարի Աստուած մը: Ահա այն Աստուծոյ եւ անոր Միածին Որդի՝ Յիսուսի անունով է որ մենք այսօր կը խրախուսենք ձեզ ընդլայնելու ձեր սրտերը ըստ աշխարհի չափերուն, հասկնալու ձեր եղբայրներուն կոչը ու համարձակօրէն անոնց ծառայութեան ի սպաս դնել ձեր ուժականութիւնը: Պայքարեցէ՛ք ամէն եսասիրութեան դէմ: մերժեցէ՛ք բռնութեան եւ ատելութեան բնազդները, որոնք պատերազմ եւ թշուառութիւն կը յառաջացնեն: Եղէ՛ք վեհանձն բիւրեղ, յարգալիր, անկեղծ: Եւ ոգեւորութեամբ կառուցեցէ՛ք այսօրուայ աշխարհէն աւելի լաւ աշխարհ մը»: (Պօղոս Զ- Երիտասարդներուն ուղղուած պատգամ 8 Դեկտեմբեր 1965):
«Միայն երկխօսութիւնն է որ մեզ կարող է աճեցնել»: յարեց Սրբազան Քահանայապետը, նշելով թէ թափանցիկ եւ ազնիւ քննադատութիւնը շինիչ է եւ օգտակար մինչ ունայն շատախօսութիւններն ու նախապաշարումները միմիայն ժխտական են:
«Յանձնառու ըլլանք փնտռելու ապագան ու այս սիւնհոդոսէն դուրս գալու ոչ միայն փաստաթուղթով որ յաճախ քիչերը կը կարդան եւ շատերը կը քննադատեն, այլ դուրս գանք հովուական եւ շօշափելի առաջարկներով, որոնք կարող ըլլան սիւհնոդոսին պարտականութիւնը իրականացնել այսինքն ծաղկեցնել երազները, հրահրել մարգարէութիւն եւ եւ տեսլական, ծիլ տալ յոյսին, խրախուսել վստահութիւն, խնամել վէրքեր, ստեղծել յարաբերութիւն, մէկը միւսէն սորվիլ ու ստեղծել դրական երեւակայութիւն մը՝ որ լուսաւորէ մտքերը, ջերմացնէ սրտերը ուժ պարգեւէ ձեռքերուն, ու երիտասարդները ներշնչէ ապագայի նկատմամբ ունենալու Աւետարանի ուրախութեամբ լի տեսլական մը» ըսաւ Փրանկեսկոս Պապը եզրափակելով խօսքը:
Այս գեղեցիկ խօսքերով եւ որոշումներով եկեղեցին ուզեց փաստել երիտասարդներուն թէ նախ մենք ձեզի կը մտածենք, կը սիրենք եւ կը մտահոգուինք ձեզմով:

Հայր Գէորգ Եպիսկոպոս Ասատուրեան

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/11/2018, 08:16