Որոնել

Յիսուս Էմմաուսի առաքեալներուն հետ Յիսուս Էմմաուսի առաքեալներուն հետ 

Երախտագիտութիւնը

Սուրբ Հոգիի շնորհի արժանանալու համար՝ երախտագիտութիւնը շատ հզօր կեցուածք մըն է, ինչպէս կը վկայէ Լիզիէոյի Սրբուհի Թերեզան:

Ապերախտութիւնը, գանգատը, նախանձը, պահանջկոտութիւնը կը փակեն մեր սիրտը եւ մեզ կը զրկեն Աստուծոյ պարգեւներէն։
Սուրբ Հոգիի շնորհի արժանանալու համար՝ երախտագիտութիւնը շատ հզօր կեցուածք մըն է, ինչպէս կը վկայէ Լիզիէոյի Սրբուհի Թերեզան ըսելով.
«Բարին Աստուծոյ շնորհներուն ամէնէն աւելի արժանի դարձնողը երախտագիտութիւնն է, որովհետեւ եթէ Անոր շնորհակալ ըլլանք բարիքի մը համար, կը զգացուի եւ կը փութայ մեզի պարգեւելու տասը ուրիշ բարիքներ եւ եթէ դարձեալ Անոր շնորհակալ ըլլանք միեւնոյն ջերմութամբ, շնորհները կը բազմապատկուին անհամար կերպով։ Ես այս փորձառութիւնը ունեցայ։ Դուք ալ փորձեցէք եւ պիտի տեսնէք։ Երախտագիտութիւնս սահման չունի այն ամէն բանի համար զոր Ան կու տայ ինծի եւ երախտագիտութեանս ապացոյցը կու տամ հազարումէկ ձեւերով»։
Արտաքնապէս թեթեւ ու զուաճալի թուելով հանդերձ, այս վկայութիւնը կ’արտայայտէ մեծապէս խոր այն ճշմարտութիւն որ երախտագիտութիւնը մեր առջեւ կը բանայ շնորհին պարգեւները։ Ոչ որովհետեւ ան աւելի առատաձեռն կը դարձնէ Աստուած (Ան արդէն լիովին առատաձեռն է), այլ որովհետեւ մեզ աւելի բաց եւ ընդունակ կը դարձնէ անոր սիրոյն, մեր ուշադրութիւնը շեղելով մեր անձին վրայէն, զայն ամբողջութեամբ կ’ուղղէ դէպի Իրեն։ Երախտագիտութիւնը շատ բեղմնաւոր է որովհետեւ ան ցոյց կու տայ որ լաւապէս հասկցած եւ ընդունած ենք Աստուծոյ սէրը, եւ կը նախապատրաստէ մեզ աւելին ընդունելու։ «Անոր որ արդէն ունի՝ աւելի պիտի տրուի եւ առատութեան մէջ պիտի գտնուի. Սակայն այն որ բան չունի եւ որ չընդունիր այն ինչ որ իրեն արդէն տրուած է, ասկէ պիտի առնուի նոյնիսկ այն ինչ որ ունի» կ’ըսէ Յիսուս (Մատթ. 24, 29)։
Սէրը սէր կը բերէ։ Երախտագիտութիւնը ծայր աստիճան ազդու է ընկալուելու տեսակէտէն, մինչ ապերախտութիւնը, գանգատը, նախանձը, պահանջկոտութիւնը կը փակեն մեր սիրտը եւ մեզ կը զրկեն Աստուծոյ պարգեւներէն։ Սուրբ Պեռնար միեւնոյն ձեւով կ’արտայայտուի տասը փորոտներու աւետարանական դրուագի մէկ մեկնաբանութեան մէջ, նշելով որ Յիսուս առողջացուց տասն ալ, սակայն անոնցմէ մէկը միայն, սամարացի մը, եկաւ շնորհակալութիւն յայտնելու Իրեն։
«Երանի անոր որ իւրաքանչիւր շնորհի համար կը վերադառնար անոր որուն մօտ կը գտնուի շնորհներուն լիութիւնը։ Ստացուած պարգեւներուն համար առանց ապերախտութիւն ցոյց տալու, մենք մեր մէջ կը նախապատրաստենք շնորհի տարածք մը՝ աւելի եւս պարգեւներ ստանալու համար։ Միայն ապերախտութիւնն է որ արգելք կ’ըլլայ առաջ երթալու մեր քրիստոնէական յանձնառութեան մէջ, որովհետեւ պարգեւատուն՝ կորսուած նկատելով այն ինչ որ իրմէ ստացանք առանց երախտագիտութեան, զգոյշ կ’ըլլայ։ Ան գիտէ որ որքան աւելին տայ ապերախտի մը, կ’աւելցնէ կորուստը։ Ուրեմն, երանի անոր որ ինքզինք օտար մը կը նկատէ եւ որ սակայն նուազագոյն բարիքին համար մեծապէս փառք կու տայ։
Պառի Քոյր Մեքթիլտը եւս միեւնոյն ձեւով կ’արտայայտուի ըսելով.
«Զաւակներս, կը հրաւիրեմ ձեզ ձեր ամբողջ կեանքը ապրելու խոնարհ երախտագիտութեան սիրով, շնորհակալ ըլլալով Աստուծոյ, փառաբանելով եւ օրհնելով անոր բոլոր բարիքներուն համար։ Ասիկա սուրբ սովորութիւն մըն է ուր ես գտայ հրաշալիքներ եւ շատ յատուկ շնորհներ։ Շնորհակալութիւն յայտնելով մեր Տիրոջ, արժանի կը դառնաք նոր օրհնութիւններու»։

Հայր Գէորգ Եպիսկոպոս Ասատուրեան
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/11/2018, 08:28