Կրօնային ազատութիւն Կրօնային ազատութիւն 

«Տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւն» հիմնարկի տեղեկագիրը. 300 միլիոն քրիստոնեաներ հալածուած են:

Ճնշումի եւ անհանդուրժողականութեան տարբեր ձեւերու ամենէն շատ թիրախ դարձած են քրիստոնեայ հասարակութիւնները:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Աշխարհի աւելի քան 38 երկիրներու մէջ, հալածանքի եւ խտրականութեան արարքներուն թիրախ են բազմաթիւ քրիստոնեաներ եւ այլ դաւանանքի հաւատացեալներ:

Այս մասին նշուած է քահանայապետական « Տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւն» բարեսիրական հիմնարկի, Սուրբ Աթոռի մօտ Իտալական դեսպանատան մէջ ներկայացուցած 14-րդ տեղեկագիրին մէջ, որուն  իրենց մասնակցութիւնը բերին ու ելոյթ ունեցան հիմնարկի ներկայացուցիչներ ու պատասխանատուներ՝ ի մէջ այլոց Կարդինալ Մաուրօ Փիաչենցան, հիմնարկին միջազգային բաժանմունքի նախագահը:

Տեղեկագիրին մէջ նշուած է թէ աշխարհի մէջ աւելի քան 300 միլիոն քրիստոնեաներ կ՝ապրին խտրականութեան եւ հալածանքի ողբերգական իրավիճակի մէջ նկատել տալով, որ տառապողները, մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն մարմինն ու արիւնն են:

Յունիս 2016 - յունիս 2018 ժամանակաշրջանը ուսումնասիրող տեղեկագիրին մէջ ի յայտ կը գայ որ ճնշումի եւ անհանդուրժողականութեան տարբեր ձեւերու ամենէ շատ թիրախ դարձած են քրիստոնեայ հասարակութիւնները, քան այլ դաւանանքի հասարակութիւններ, սակայն աճ արձանագրուած է նաեւ այլ բազմաթիւ դաւանքներուն կրօնային ազատութեան ոտնակոխման արարքներուն թիւը:

38 երկիրներու մէջ ամենէն շատ կրօնային ազատութեան իրաւունքը բռնաբարուած է Աֆղանիստանի, Սուատիայ Արապիոյ , Պանքլատեշի ինչպէս նաեւ այլ երկիրներուն մէջ:

«Տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւն միջազգային բաժանմունքի նախագահ, Կարդինալ Փիաչենցա իր ունեցած ելոյթին մէջ յիշել տուաւ, որ քրիստոնեաները նպաստած են ազատութեան գաղափարին ուղիղ հասունութեան: Անոնք կարեւոր դեր ունեցած են, ոչ միայն կրօնային գետնի վրայ այլեւ պատմամշակութային ոլորտէն ներս: Ծիրանաւորը ընդգծեց, թէ կրօնային ազատութեան իրաւունքը պէտք չէ նկատուիլ մարդկային բազմաթիւ իրաւունքներէն մին, այլ անիկա ճայրն է, որուն վրայ մարդկային իրաւունքները կ՝ամրապնդուին, որովհետեւ կրօնային ազատութեան իրաւունքը կը վերաբերի մարդկային անձի գերբնական ծաւալին հաստատելով, որ կրօնական ազատութեան մէջ կայ մտքի ազատութիւն, նոյնիսկ այն ազատութիւնը որ հեռու կը մնայ կրօնական տարրէն:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/11/2018, 09:54