Մեսրոպեան Վարժարանի 80 ամեկակի առթիւ Սուրբ Պատարագ Մեսրոպեան Վարժարանի 80 ամեկակի առթիւ Սուրբ Պատարագ 

Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի հիմնադրութեան 80-ամեակի տօնակատարութիւններու բացման Ս. Պատարագ

Յընթացս Ս. պատարագի յաւուր պատշաճի քարոզեց Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս-պատրիարքը:

Հինգշաբթի, 1 նոյեմբեր 2018-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Պուրճ Համուտի հայ կաթողիկէ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ հանդիսաւոր Ս. պատարագով մեկնարկը կատարուեցաւ Հայ կաթողկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի հիմնադրութեան 80-ամեակի տօնակատարութիւններուն: Ս. պատարագին հանդիսապետեց Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս-պատրիարքը` ներկայութեամբ յարանուանական, քաղաքական, կուսակցական, միութենական անձնաւորութիւններու եւ հոծ բազմութեան: Ս. պատարագը մատուցեց Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան փոխանորդ եւ Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան վարժարաններու վարչական խորհուրդի նախագահի տեղակալ Գաբրիէլ թ. ծ. վրդ. Մուրատեան, իսկ երգեցողութիւնը կատարեց Մեսրոպեան վարժարանի աշակերտական երգչախումբը` ղեկավարութեամբ Մանուէլ Քէշիշեանի:

Յընթացս Ս. պատարագի յաւուր պատշաճի քարոզեց Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս-պատրիարքը: Ան նշեց, որ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի հիմնադրութեան 80-ամեակը պատկառելի յոբելեան մըն է, որ փոխանակ հիւծելու եւ սպառելու ուժն ու կայտառութիւնը այս բազմավաստակ հաստատութեան, տարուէ տարի աւելի բեղմնալից կը դարձնէ զայն` յօգուտ մտային ու հոգեւոր դաստիարակութեան եւ զարգացումին իրերայաջորդ հայ սերունդներուն:

Ապա անդրադառնալով Մեսրոպեանի առաքելութեան` ամենապատիւ հոգեւոր տէրը յայտնեց, որ ան լիուլի արդարացուցած է իր գոյութիւնը շնորհիւ այն անյողդողդ հաւատարմութեան եւ սկզբունքներուն, որոնցմէ ներշնչուած են իր հիմնադիրները` տէր կանգնելով Ցեղասպանութենէն զերծ մնացած ու գաղթած հայ ընտանիքներու զաւակներուն, ջամբելով անոնց մտքի ու հոգիի սնունդ, առանց որոնց ազգ մը կը դադրի ազգ ըլլալէ եւ գոյատեւելէ: Այս սերունդին շնորհիւ է, որ Մեսրոպեանը հասցուցած է հոյլերը աշակերտներուն, որոնք արդիւնաբերած են այլազան մարզերու մէջ` մշակութային, գեղարուեստական, դաստիարակչական, տնտեսական, քաղաքական ու հոգեւոր գետնի վրայ: Հոգեւոր տէրը ըսաւ, որ անոնք եղած են ընտանիքի տիպար հայրեր ու մայրեր, որոնց առաջին մտահոգութիւնը ըլլալով իրենց զաւակները այս դպրոցը ղրկելը, ապահոված են անոնց կրթութիւնը` հիմնուած ազգային, քրիստոնէական ու բարոյական արժէքներու վրայ:

Հայ կաթողիկէ համայնքը կը պարծենայ այս հաստատութեամբ, որուն ծաղկումին համար տրամադրած է իր լաւագոյն զաւակները` իբրեւ տնօրէններ, ուսուցիչներ եւ հոգեւոր դաստիարակներ, նպաստելով, որ դպրոցը կանգուն մնայ` բարգաւաճելով եւ համապատասխանելով մեր ընտանիքներուն ազգային ու հարազատ ակնկալութիւններուն: Ամենապատիւ հոգեւոր տէրը գնահատեց  բոլոր նուիրեալները եւ մաղթեց, որ Մեսրոպեան վարժարանը հաստատ մնայ ու յարատեւէ իր նուիրական կոչումին մէջ:

Ապա Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս-պատրիարքը խօսքը ուղղելով աշակերտներուն  ըսաւ, թէ շատ դժուար պայմաններու մէջ կարտինալ Գրիգոր Պետրոս Աղաճանեան ԺԵ. պատրիարքը հիմնեց այս վարժարանը: Ան հայութեան դեսպանը եղած է ամէնուրեք իր հեզութեամբ ու սիրով: Ուստի  պարտին տէր կանգնիլ հիմնադիրներու հաւատքին, կոչումին ու առաքելութեան:

Ս. պատարագէն ետք Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ գործադրուեցաւ պատշաճ գեղարուեստական յայտագիր, որ ընթացք առաւ Մեսրոպեան վարժարանի «Ծիծեռնակ» երգչախումբին անդամներուն երգով. անոնք ներկայացուցին «Մեսրոպեան` մեր սիրուն վարժարան» քայլերգը եւ «Քիչ ենք, հայ ենք» խմբերգը:

Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստ ներկայացուց տնօրէնութեան խօսքը: Ան ըսաւ, թէ լոյս եւ յոյս ներշնչող Մեսրոպեան վարժարանը 80 տարեկան է: Ան հայրենիքէն հեռու Հայաստան է, ամուր բերդ եւ օտարութեան դէմ կանգնող զրահ: Մեսրոպեան վարժարանը աղօթատեղի է, հաւատքի վանք եւ սիրոյ աղբիւր: Վարժարանը իր բազմաթիւ աշակերտներով, դիմագիծով եւ պատկանելիութեամբ Պուրճ Համուտի սիրտն է եւ լիբանանահայութեան գոյութեան երաշխիքներէն մէկը: Մեսրոպեան վարժարանը միշտ յառաջդիմութեան մէջ է` քայլ պահելու արդի արհեստագիտութեան ու ժամանակակից մանկավարժութեան հետ երիտասարդ պահելու պատմական վաստակ ունեցող կառոյցը եւ ապահովելու ազգային, հոգեւոր եւ կրթական երթը բոլոր ժամանակներուն:

Կրեկուար Գալուստ պարծանք յայտնեց շրջանաւարտներուն նկատմամբ, որոնք աշխարհի տարբեր կողմերը պատուաբեր դիրքեր գրաւած են` հաւատարիմ մնալով իրենց ազգային ու հոգեւոր պատկանելիութեան եւ Մեսրոպ Մաշտոցի կտակին:

Իր խօսքի աւարտին Գալուստ շնորհակալութիւն յայտնեց հիմնադիր կաթողիկոս-պատրիարքին, անցեալի տնօրէններուն, դաստիարակներուն, Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս-պատրիարքին, Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան վարչական խորհուրդին, Գաբրիէլ թ. ծ. վրդ. Մուրատեանին, Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետութեան, միութիւններուն, կազմակերպութիւններուն եւ ծնողներուն:

Գալուստ եզրափակեց իր խօսքը խոստանալով յառաջանալ դէպի 100-ամեակ` հպարտալի անցեալով, հաստատուն քայլերով եւ ամուր հաւատքով:

Գեղարուեստական յայտագիրով ելոյթ ունեցաւ երաժշտական քառեակ մը` բաղկացած Մեսրոպեանի նախկին սաներէ. Գէորգ Քէշիշեան (սրինգ), Մարինէ Հալլաճեան (ջութակ) եւ Նարէ Աշգարեան (ջութակ) եւ Նանոր Ղազէլեան (ջութակ)` ղեկավարութեամբ Վիգէն Չայլեանի, ներկայացուցին Կոմիտասի «Քելէ քելէ» եւ «Հապրպան» ժողովրդական երգերը:

Հուսկ, Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան փոխանորդ եւ Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան վարժարաններու վարչական խորհուրդի նախագահի տեղակալ Գաբրիէլ թ. ծ. վրդ. Մուրատեան արտասանեց փակման խօսքը: Ան յայտնեց, որ այս համախմբումը` 80-ամեակի տօնակատարութիւնը առիթ է փառք տալու Աստուծոյ, որ այս վարժարանը կանգուն պահեց ութսուն տարիներ` նուիրեալ եւ անձնուէր պատասխանատուներու հովանիին ներքեւ: Վարժարանը հիմնուած է 1939-ին, Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ հողամասին վրայ, նախաձեռնութեամբ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց երջանկայիշատակ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեան կաթողիկոս-պատրիարքին եւ հայր Պօղոս Արիսին: Ան երախտագիտութիւն յայտնեց Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս-պատրիարքին, որ 1961 – 1969 տարիներուն Մեսրոպեան վարժարանի տեսչութեան պաշտօնը վարած է եւ իր բաժինը բերած այս օճախին բարգաւաճման:

Ապա անդրադառնալով այս տօնակատարութեան նպատակին ան յայտնեց, որ վարժարանը 80 տարիներ շարունակ կրթեց ու դաստիարակեց հայ պատանին ու պարմանուհին` պահպանելով հայ ժողովուրդի աւանդութիւններն ու մշակոյթը:

Հայ եկեղեցին եւ դպրոցը, երբ միասին կը գործակցին սփիւռքի իրականութեան մէջ, ապա այն ատեն կ՛երաշխաւորեն սերունդներու գոյատեւումը իբրեւ հայ, ինչպէս եղաւ այս վարժարանի պարագան: Անոնք հսկայ աշխատանք կը տանին օտարացման ու ձուլման դէմ:

Գաբրիէլ թ. ծ. վրդ. Մուրատեան նշեց, որ ազգի մը գոյութեան մեծագոյն ուժը իր կրօնը, մշակոյթը, լեզուն, արուեստը, գիտութիւնը, իմացական կարողութիւնը, ճարտարապետութիւնը, ճարտարարուեստը, իր տոհմային երգն է ու երաժշտութիւնը: Այսօր սփիւռքի պատասխանատուները պէտք է միջոցներ հայթայթեն հայ կրթական օճախներուն` արդի գիտութեան հետ քայլ պահելը երաշխաւորելու առումով:

Իր խօսքը ուղղելով աշակերտներուն ան ըսաւ, թէ դուք պիտի կերտէք ներկան ու ապագան` հաստատուն քայլերով յառաջանալով դէպի գիտութեան բարձրունքները, յաղթահարելով ամէն տեսակի դժուարութիւն:

Գաբրիէլ թ. ծ. վրդ. Մուրատեան շնորհաւորեց Մեսրոպեան վարժարանի մեծ ընտանիքին 80-ամեակը. այդ ընտանիքին անդամները ամենայն նախանձախնդրութեամբ նեցուկ կանգնեցան վարժարանին: Ան մաղթեց, որ վարժարանը ծաղկի ու բարգաւաճի ի փառս Աստուծոյ եւ ի շինութիւն Ս. եկեղեցւոյ:

Յայտագիրի վերջին բաժինով  պարգեւատրուեցան Մեսրոպեան վարժարանին մէջ երեսուն տարուան վաստակ ունեցող հետեւեալ պաշտօնեաները. Պերճ Բարմաքսըզեան, Սթիւ Մեսճեան, Նայիրի Էթոյեան, Անի Պապլուզեան եւ Թերեզ Ազար:

Քաղուած Ազդակ օրաթերթէն

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/11/2018, 09:13