Սուրբ Գիրք Սուրբ Գիրք 

Կիրակի 11 Նոյեմբեր 2018 9-րդ կիրակի Սուրբ Խաչին

Հաւատքդ քեզ կը փրկէ (Ղուկաս 8, 49-57)

Յիսուս կը հրաւիրուի բուժելու Յայրոս կոչուած ժողովարանի մը պետին աղջիկը. Սակայն տակաւին անոր տունը չհասած, աղջիկը կը մեռնի։ Երբ Յայրոսի ազգականները կու գան լուր տալու թէ աղջիկդ մեռաւ, վարդապետին նեղութիւն մի տար այլեւս, Յիսուս կը նայի շեշտակի Յայրոսի եւ կ՛ըսէ. Դուն միայն հաւատա եւ աղջիկդ պիտի փրկուի։

Յիսուս կը բուժէ հիւանդները հրաշագործութեամբ, այն զօրութեամբ որ տրուած է իրեն որպէս Աստուծոյ Որդի. Բայց արդեօ՞ք այս զօրութիւնը կրնայ աւելի մեծ ազդեցութիւն գործել եւ մեռեալի մը յարութիւն տալ։ Ահա այս դէպքին յաջողութեան համար, Յիսուս կը պահանջէ ուժեղ եւ հաստատուն հաւատք ենթակայէն։

Մենք այս օրերուն կը տառապինք ահաւոր դժուարութիւններով. Պատերազմը չի դադրիր աշխարհի ամէն կողմերը, կը շարունակուին հալածանքները քրիստոնեա-ներուն եւ մանաւանդ Հայերուն հանդէպ։ Արեւելքի մեր ժողովուրդին երեք քառորդը արդէն տեղահան եղած է, աննկարագրելի դժուարութիւններու ընդմէջէն անցնելով, մեր ժողովուրդը ենթակայ կ՛ըլլայ երկրորդ ցեղասպանութեան մը, առաջինէն հարիւր տարիներ ետք. Ան դարձեալ ցիրուցան կ՛ըլլայ աշխարհի չորս ծագերուն։

Ու՞ր էիր Աստուած բացագանչեցին անոնք առաջին եղեռնէն ետք, երբ քու հաւատացեալ ժողովուրդդ սպանդի ու ջարդի կ՛ենթարկուէր. Ու՞ր ես Տէր Աստուած, կը բացագանչենք այսօր մենք, երբ դարձեալ քեզի ապաւինած ու քեզի հաւատացող հայ ժողովուրդը կը տեղահանուի։

Մենք սակայն չենք լսեր Աստուծոյ ձայնը որ կ՛ըսէ. Ու՞ր մնացիք դուք, ու՞ր է ձեր հաւատքը, երբ կիրակի օրերը եկեղեցիները դատարկ կը մնան. Ինչու՞ կը մեղադրէք զԱստուած երբ յանցաւորը դուք էք, որովհետեւ տկարացաք ձեր պապերուն հաւատքին մէջ եւ թուլացաք ձեր հոգեւոր եւ բարոյական պարտականութիւններուն մէջ։ Հին Կտակարանին մէջ յաճախ կը հանդիպինք այս տեսակի երկխօսութեան Աստուծոյ եւ իր ընտրեալ ժողովուրդին միջեւ. Երբ ժողովուրդը կը հեռանայ ճշմարիտ Աստուծոյ պաշտամունքէն, չարիքները կը տեղան անոր գլխուն, իսկ երբ դարձեալ մօտենայ Աստուծոյ, երկիրը բարիքներով կը լեցուի։

Ուրեմն նախ փորձելու ենք մեր հաւատքը. Ո՞ր աստիճանի հաւատարիմ ենք մեր հոգեւոր պարտականութիւններուն, որքանո՞վ կարելի է այսօր մեզ կոչել քրիստոնեայ ժողովուրդ, ինչու՞ եղբայրսիրութիւնը յաճախ կը պակսի մեր յարաբերութիւններուն մէջ իրարու հանդէպ։

Ուստի եթէ անդրադառնանք որ տկարացած է մեր հաւատքը, ջանանք դարմանել զայն մօտենալով մեր Փրկչին` Քրիստոսի։ Հաւատքը բան մըն է որ պէտք է սնուցանել, ինչպէս որ բոյս մը կը ջրենք որպէսզի ողջ մնայ եւ չի թառամի, նոյնպէս ալ մեր հոգին հարկ է որ լեցնենք աղօթքի պահերով օրուան ընթացքին, աւետարանի ընթերցումով եւ մանաւանդ յաճախելով մեր եկեղեցիները կիրակի եւ տօնական օրերը, որպէսզի մեր հաւատքը զօրանայ եւ Աստուած ալ ողորմի մեզի։

Յայրոսի աղջկան պատահած հրաշքը, որով ան մահուընէ դէպի կեանք դարձաւ, կրնայ պատահիլ մեզմէ ամէն մէկուն, եթէ հոգեւոր մահուընէ դառնանք դէպի իսկական քրիստոնէական կեանք մը. Ասոր համար հարկաւոր է որ ունկնդրենք Յիսուսի խօսքին, որ մեզի կը հասնի Սուրբ Գրքին ընդմէջէն, ինչպէս նաեւ վարդապետներու տուած ուսուցումէն, եկեղեցիներէն ներս։ Այն ատեն Հաւատքը մեզ կը փրկէ. Ամէն։

Հայր Յովսէփ Քէլէկեան    

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/11/2018, 07:42