Աղթամարի եկեղեցին Աղթամարի եկեղեցին 

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ

Անձրեւային եղանակ՝ դէմքի Վրայ:

Անձրեւ, ձիւն, կարկուտ, հեղեղ, փոթորիկ, բուք ու բորան, բոլորն ալ ձմրան եղանակին հետ առնչուած իմաստ ու բովանդակութիւն ունին: Սակայն անոնք նաեւ փոխաբերական նշանակութեամբ օգտագործուող նիւթեր են, ցոյց տալու այդ եղանակին նմանութիւնը մարդու բնաւորութեան հետ:
Այստեղ, մոլորակի բնութիւնը եւ մարդ էակի բնաւորութիւնը կը համեմատուին, անոնց միջեւ հասարակաց գիծեր յայտնաբերելու եւ բարոյական դասեր քաղելու համար:
Վստահաբար հանդիպած էք այնպիսի անձերու, որոնք ամպամած կամ անձրեւային օրերուն անտրամադիր կ՛ըլլան, ու նոյնիսկ չե՛ն ուզեր աշխատանքի երթալ: Ուրիշներ ընդհակառակը, աշխատելու բարձր տրամադրութեամբ կը լծուին գործի, յայտնելով շրջապատին, թէ նման կլիմայ մեծապէս կը նպաստէ իրենց կեդրոնանալու եւ գործ արտադրելու: Անշուշտ այս պարագային դուրսի աշխատանքներու մասին չէ՛ խօսքը, այլ շէնքերու մէջ կամ գրասենեակային աշխատանքներու: Այսպիսի անձեր նոյնիսկ ամրան եղանակը կամ պայծառ օրերու ջերմութիւնը իրենց համար թուլացնող կը նկատեն, որովհետեւ մարմնական տկարութիւն զգալով եւ միտքի պայծառութիւնը կորսնցնելով, չեն կրնար որեւէ աշխատանք տանիլ:
Ձմրան ամպամած ու փոփոխական եղանակները նաեւ կը մտահոգեն դաշտերու մէջ վարուցանք ընող մշակները, որոնք ամրան շոգն ու կիզիչ արեւը «վայելելով», երբ իրենց արտերը կը մշակեն ու ցանքը կը կատարեն, չեն ուզեր բնաւ, որ այդ աշխատանքը փճանայ կարկուտի անխնայ հարուածներով կամ անզսպելի անձրեւային հեղեղներու «լուացումներով»: Անոնք ակօս առ ակօս խնամած իրենց ցանքերը հասունցած տեսնելու յոյսով, ամէն օր կը հսկեն, սակայն բնութեան դէմ չեն կրնար պայքարիլ, երբ յանկարծ, չսպասուած մէկ պահուն կարկուտը հարուածէ արդէն իսկ ծլած ու ծաղկած ծառերը, կամ լայնարձակ տերեւներով բանջարեղէնը: Սեւ հետքերով վիրաւոր պտուղները, որոնք երբեմն շուկայի վրայ աժան արժէքով կը յաջողինք ձեռք բերել, կարկուտի «արուեստի գործեր» են յաճախ:
Արեւային տաք եղանակն ալ իր տարբեր ազդեցութիւնը ունի մարդու ո՛չ միայն ֆիզիքականին, այլ նաեւ հոգեկան ապրումներուն վրայ: Ոմանք կարօտով կը սպասեն ամրան եղանակը, վայելելու համար պայծառ ու ջերմացնող արեւը: Վերադառնալով նիւթին բարոյական նշանակութեան եւ կեդրոնանալով յատկապէս դէմքի արտայայտութիւններուն, որոնք բարացուցիչ են մարդկային զգացումներու, նկատելի է, որ ոմանց դէմքը միշտ ժպտուն է: Նոյնիսկ կարելի է զանոնք «Ժպիտ» անունով կանչել, քան այն անունով, որ կոչած են զիրենք իրենց ծնողները: Ժպիտը, ըստ կենսաբաններու, երբեմն մինչեւ իսկ երկարակեցութեան պատճառ կը դառնայ: Ուրախութիւնը, սակայն, պէտք չէ՛ շփոթել կեղծիքի կամ յիմարութեան հետ: Ոմանց դէմքին վրայ ժպիտը այնքան առատ է, որ իրենց հետ առաջին անգամ հանդիպում ունեցողներու համար անոնք կը թուին ելլալ «երջանիկ»ներ: Երջանկութիւնն ալ, սակայն, ունի իր եզրաբանութիւնը: Ուրեմն, եթէ ժպտացող դէմքերը փոխաբերական իմաստով ներկայացնելու համար կարելի է օգտագործել «արեւային պայծառ եղանակ»ի նմանութիւնը, պէտք է «անձրեւային եղանակ»ի պատկերը օգտագործել տխուր դէմքով եւ միշտ մտահոգ մարդոց արտայայտութիւններուն համար: Սակայն բոլորովին ճիշդ չէ՛ այս համեմատութիւնը. «անձրեւային եղանակի դէմք» ունեցող մարդիկ ընդհանրապէս երջանիկ ու անհոգ, եւ մինչեւ անգամ անտարբեր անձեր են…
_ Անձրեւ կու գայ նախադասութիւնը եթէ միայն բնութեան համար ըսուած ըլլայ կը մխիթարուինք մշակներուն հետ, որ երկնային ցնցուղով Աստուած կը ջրէ ցանքը, ու բարեբեր կը դարձնէ հողը: Ւսկ եթէ անիկա մարդոց դէմքին վրայ մնայուն հանգամանք ունի: Այդ է, որ մեզ կը համոզէ եզրակացնել, թէ՝ արեւային եղանակ չեն ցանկար անոնք երբե՛ք…
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/11/2018, 10:47