Որոնել

Սուրբ Կոյս Մարիամի փափուկ սիրտը Սուրբ Կոյս Մարիամի փափուկ սիրտը 

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ

Սիրտը քարէն տարբերողը:

Մարդկային մարմինին կեդրոնական մասը, ոսկորէ ամուր վանդակի մէջ ապահով բանտուած մկան մը կայ, որուն գոյութենէն կախեալ է ամբողջ մարմինը. արեամբ բաբախող ու երակներուն մէջ արիւն ներարկող սիրտն է այդ:
Հին ժողովուրդներ, որոնց շարքին նաեւ Հին Ուխտի ժողովուրդը, այնպէս կը պատկերացնէին, թէ սիրտն է կեդրոնը մարդկային մտածումներուն, զգացումներուն ու ապրումներուն (Հմմտ Ծն 73.7, Հռթ 8.27, Դն 2.30, Ա.Կր 4.5, Սղ 4.4, 7.9, 53.1): Բոլոր ժողովուրդներու գեղարուեստական գրականութեանց կամ վիպագրութեանց մէջ եւս, վերապահուած են մարդկային սիրտի նկատմամբ յատուկ էջեր, ուր կը նկարագրուի այդ մսեղէն գործարանը, իբրեւ շտեմարանը հոգեյոյզ ապրումներու եւ իբրեւ այն անտակ հորը, ուր կը պահուին գաղտնիքներ եւ մանաւանդ սէրեր: Ոմանք կը սիրեն զայն կոչել սիրոյ գանձարկղը, ուր այդ հարստութիւնը՝ սէրը, դնելու եւ դուրս բերելու յատուկ կանոններ կան:
Հակառակ այն իրողութեան, որ մարդկային մարմինի այս գործարանը փափուկ է, թրթռուն ու նոյնիսկ լպրծուն, եւ հազիւ կարելի է զայն պահել երկու ափերու մէջ, մարդիկ յաճախ զայն կը համեմատեն կոշտ քարի հետ…
Մէկը կրնայ ըսել. քարը ո՜ւր, սիրտը ուր:
Սակայն, կեանքը ինք ցոյց տուած է, ու ամէն օր իր յայտնաբերած նոր օրինակներով աւելի կ՛ամրապնդէ այն թէզը, թէ սիրտը իր փափկութեամբ, կրնայ քարի բնութենէն աւելի կարծր բնաւորութիւն ցուցաբերել, իբրեւ կոշտ վերաբերում ուրիշներու նկատմամբ:
«Սիրտը քար դարձեր է», «Քարէ սիրտ ունի», «Քարացուցած է իր սիրտը» մարդկային սիրտին համար ըսուած ամէն զգացողութիւն ցուցնող խօսք ու արտայայտութիւն պէտք է փոխաբերական իմաստով ընկալել եւ ոչ թէ նիւթական կամ ֆիզիքական:
Այլ արտայայտութիւններ ալ կան, ինչպէս «սիրտս նեղացաւ», «սիրտս լեցուեցաւ», «սիրտս թունդ ելաւ», «սիրտս կոտրեցաւ եւ այլ խօսքեր, որոնք բոլորն ալ զգացողութեան ու մարդկային տրամադրութիւններու եւ ապրումներու հետ առնչուած են:
Շատեր «սովորութիւն» դարձուցած են գաղտնիքները իրենց «սիրտին մէջ պահել»ու եւ ո՛չ թէ միտքին: Այս ալ անշուշտ գիտութեան զարգացումին հետ փոփոխութիւն չկրած արտայայտութիւններէն է, երբ մարդկային ուղեղի մասին գիտական ծանօթութիւն ու փաստեր ունենալէ ետք ալ, տակաւին մարդիկ կը շարունակեն սիրտը նկատի ունենալ իբրեւ խորհուրդներու շտեմարան, այնպէս ինչպէս արեւուն անշէջ հրագունդ ըլլալուն մասին գիտական հաստատում ունենալէ ետք ալ, մինչեւ այսօր ալ դեռ ամէն մարդ կ՛ըսէ. «Արեւը մար մտաւ»:
Այդ ինչքա՜ն խորունկ պէտք է ըլլար սոյն «պահեստ»ը՝ սիրտը, որ կարենար ամբարել այդքան տեղեկութիւն կամ նիւթ: Արհեստագիտութեամբ այսքան յառաջադէմ դարուն, իրենց համակարգիչներուն համար մարդիկ այսօր յաւելեալ «ուղեղներ» կը գնեն, եւ միշտ ալ սահմանափակ գտնելով անոնց տարողութիւնը, հետամուտ կ՛ըլլան աւելի «ընդարձակ» տարածք ունեցող համակարգչային ուղեղներ գտնելու: Սակայն, մարդիկ կը համաձայնին մեզի հետ, եթէ ըսենք, թէ մէկ մարդու սիրտին մէջ բիւրապատիկ աւելի շատ նիւթեր տեղաւորուած կրնան ըլլալ, քան՝ ամէնէն մեծ հնարաւորութիւն ունեցող համակարգչային ուղեղը: Այդ անիմանալի դարաններուն մէջ կողք-կողքի դասաւորուած են կենդանի տեսարաններէ սկսեալ, մինչեւ բարի ու չար խօսքեր, բարեկամական թէ թշնամական նայուածքներ, սիրոյ թէ ատելութեան արտայայտութիւններ, բազմապիսի ոճիրներու գաղտնիքներ եւ բազմաթիւ ու բազմատեսակ այլ նիւթեր: Միակ տարբերութիւնը մարդկային այս համակարգիչին եւ մետաղէ մասնիկներով կազմուածին միջեւ այն է, որ մինչ առաջինը կրնայ մոռացութեան հետեւանքով խանգարումներ ցոյց տալ, իսկ վերջինը՝ տրուած հրահանգին դիմաց շուտով կը բանայ պահանջուած ծրարը:
Իսկ ինչո՞ւ մարդիկ սիրտը կը համեմատեն քարի հետ: Քարը բնութեան ամէնէն կարծր տարրերէն կը համարուի: Մինչ կարծր նկատուող երկաթը կրնայ հալիլ ուժեղ կրակին դիմաց, կամ՝ այլ կարծր նիւթեր կրնան փշրուիլ, քարը դեռ կը մնայ ամէնէն աւելի տոկունն ու դիմացկունը, երբ բախուի այլ նիւթերու, կամ՝ այլ նիւթեր բախուին իրեն:
Սակայն, մարդկային սիրտը քարէն տարբերող հիմնական երեւոյթը սէ՜րն է, որուն բացակայութիւնը զայն կը կարծրացնէ, ու նոյնիսկ քարէն աւելի ամուր նիւթի կը վերածէ: Սէ՜րն է սիրտը փափկացնող նիւթը:
Այն սիրտը, որ սիրով լեցուն է, մահէն ետք անգամ երկար ժամանակ պիտի շարունակէ մնալ փափուկ ու գորովալի պիտի բաբախէ… Քար եւ սիրտ, իրենց բնութիւններով հակադիր այս բեւեռները իրարու մօտեցնողը, ու երկրորդով առաջինը չէզոքացնողը, միա՛յն սէրն է, որուն անմահական հիւթը կրնայ բոլոր տեսակի կարծրութիւնները փափկացնել ու քաղցրացնել:


 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/11/2018, 08:00