Որոնել

Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Գրիգոր Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքը այցելեց Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին: Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Գրիգոր Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքը այցելեց Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին: 

Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքը այցելեց Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին:

Հոգեւոր տիրոջ այցելութեան նպատակն էր շնորհաւորել վեհափառ հայրապետին ձեռնադրութեան յիսնամեակը:

Կիրակի, 4 նոյեմբեր 2018-ի երեկոյեան, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը Անթիլիասի մայրավանքին մէջ ընդունեց Հայ կաթողիկէ Գրիգոր Պետրոս Ի. հոգեւոր տէրը: Հոգեւոր տիրոջ կ՛ընկերանային Պէյրութի հայ կաթողիկէ թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեան, Մանուէլ եպս. Պաթագեան եւ պատրիարքարանի տեղեկատուական բաժանմունքի պատասխանատու Սեպուհ վրդ. Կարապետեան: Հանդիպման ներկայ էին նաեւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արք. Ալեէմէզեան, մայր տաճարի լուսարարապետ Մակար եպս. Աշգարեան եւ կաթողիկոսարանի տեղեկատուական բաժանմունքի վարիչ Պետրոս վրդ. Մանուէլեան:

Շուրջ ժամ մը տեւած հանդիպումը առիթ մը եղաւ քննարկելու Հայաստան-սփիւռք, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ միջեւ գործակցութեան, ինչպէս նաեւ Լիբանանի ներկայ կացութեան առնչուած հարցեր:

Յայտնենք, որ հոգեւոր տիրոջ այցելութեան նպատակն էր շնորհաւորել վեհափառ հայրապետին ձեռնադրութեան յիսնամեակը:

Քաղուած Ազդակ օրաթերթին կայքէջէն:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/11/2018, 08:12