Որոնել

Հալածուած Քրիստոնեաներու յիշատակին Հալածուած Քրիստոնեաներու յիշատակին 

Տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւն հաստատութիւնը կարմիրով պիտի լուսաւորէ Վենետիկը։

Կարմիրով պիտի լուսաւորուին Սուրբ Կոյսին նուիրուած՝ «Santa Maria della Salute» պազիլիքային ճակատը, ու «Քանալ Կրանտէ» կամուրջի ջուրերը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւն Քահանայապետական բարեսիրական հաստատութիւնը յառաջիկայ 20 նոյեմբեր 2018-ին, որոշած է կարմիրով լուսաւորել Վենետիկի որոշ վայրեր յիշելու համար աշխարհի մէջ հալածուած միլիոնաւոր քրիստոնեաները ու յատկապէս Փաքիստանցի քրիստոնեայ Ասիա Պիպին որ  ութը տարիներ ամբողջ անիրաւ կերպով բանտարկուեցաւ ապա Փաքիստանի բարձրագոյն ատեանի վճիռով՝ ազատ արձակուեցաւ 31 հոկտեմբեր 2018-ին։

Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Վենետիկի թեմին երիտասարդներու աւանդական ուխտագնացութեան ծիրէն ներս, որուն այս տարուայ կեդրոնական նիւթն է կրօնի ազատութիւնը ու իրենց հաւատքին համար հալածուած քրիստոնեայ հասարակութիւններուն իրականութիւնը։

«Այդ առթիւ կարմիրով պիտի լուսաւորուին Սուրբ Կոյսին նուիրուած՝ «Santa Maria della Salute» պազիլիքային ճակատը, ու «Քանալ Կրանտէ» կամուրջի ջուրերը՝ խորհրդանշելու համար հալածուած քրիստոնեաներուն արիւնը» հաստատած է այս առթիւ Տառապող Եկեղեցւոյ Օգնութիւն հաստատութեան իտալական մասնաճիւղին տնօրէնը ՝ Տիար Ալեսսանտրօ Մոնթետուրօ, մատնանշելով նաեւ Ասիա Պիպիին ՝ «քաջ տիկինը որ իր հաւատքը չուրանալուն համար, բանտին մէջ մնաց 3420 օր» յայտնեց Մոնթետուրօ։

Նշենք թէ անցեալ տարիներուն կարմիր գոյներով լուսաւորուեցան այլ քաղաքներու կարեւոր յուշարձաններ՝ ինչպէս Հռոմի «Ֆոնթանա Տի Դրեվին», «Քոլոսսէումը», Լոնտոնի «Ուեսթմինսթերի» շէնքը, Փարիզի «Սուրբ Սիրտ» ապզիլիքան։

Ձեռնարկի  ծիրէն ներս նախատեսուած են նաեւ վկայութիւններ՝ որոնց շարքին գերապայծառ Պութրոս Ֆահիմի վկայութիւնը՝ Եգիպտոսի Մինիա շրջանի Կաթողիկէ Ղպտի եպիսկոպոսը, որ երիտասարդներուն եւ ուխտագնացութեան մասնակցող ուխտաւորներուն  պիտի պատմէ կրօնական ազատութիւնը ոտնակոխող ընկերութեան մը մէջ ապրելու դժուարութիւնները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/11/2018, 10:23