Աղօթք Աղօթք 

Երիտասարդներուն նուիրուած Եպիսկոպոսական սիւնհոդոսին աղօթքը:

«Երիտասարդները, Հաւատքը եւ Կոչումի զատորոշումը» խորագիրն է 3-էն 28 հոկտեմբեր 2018-ին Վատիկանի մէջ կայանալիք Եպիսկոպոսական Սիւնհոդոսին

Միանալով Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին, մեր աղօթքը կը բարձրացնենք Աստուծոյ ըսելով. 

Տէ՛ր Յիսուս, 
Եկեղեցիդ, որ կ՛ուղղուի դէպի Սիւնհոդոս, 
Դարձուր անոր նայուածքը դէպի աշխարհի բոլոր երիտասարդները: 
Մեր աղօթքը կը բարձրացնենք քեզի որպէսզի անոնք քաջութիւնն ունենան՝ 
իրենց ձեռքերուն մէջ առնելու իրենց կեանքը, 
ձգտելու ամէնագեղեցիկ ու ամէնախոր բաներուն 
Եւ միշտ ունենալու ազատ սիրտ մը:

Օգնէ՛ իրենց որպէսզի
ուղեկցութեամբ իմաստուն եւ վեհանձն առաջնորդներու, 
պատասխանեն կոչին զոր դուն կ՛ուղղես անոնցմէ իւրաքանչիւրին, 
որպէսզի իրագործեն իրենց կեանքին ծրագիրը, 
եւ հասնին երջանկութեան: 
Իրենց սրտերը բա՛ց մեծ երազներու դիմաց 
եւ զիրենք ուշադիր դարձուր իրենց եղբայրներուն բարիքին:

Նման Սիրուած Աշակերտին, 
թող անոնք եւս գտնուին Խաչին ոտքին, 
ընդունելու համար քու Մայրդ, զինք ստանալով Քեզմէ որպէս պարգեւ: 
Թող ըլլան վկաները քու Յարութեանդ, 
Եւ թող գիտնան ճանչնալ Քեզ, կանգուն իրենց կողքին, 
ուրախութեամբ յայտարարելով որ Դուն ես Տէրը: 
Ամէն:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/10/2018, 11:25