Իրաքի երիտասարդները տեսերիզով մը շնորհակալութիւն կը յայտնեն Ֆրան

 Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Անցեալ 13 հոկտեմբեր 2018-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հանդիպած էր Սաֆա Ալ Ապպիա անունով իրաքցի երիտասարդի մը, ընդառաջելով  անոր խնդրանքին, որ որպէս դէտ կը մասնակցէր երիտասարդներուն հայող եպիսկոպոսական սիւնհոդոսին եւ որ  հարազատ մօր հիւանդութեան պատճառաւ ստիպուած եղած էր վերադառնալ իր երկիրը։

Հանդիպումին ընթացքին Սրբազան Քահանայապետը անոր նուիրած էր վարդարան մը որպէսզի զայն տանի իր մօր, ապա քաջալերանքի խօսքեր ուղղած էր համայն իրաքի երիտասարդներուն զանոնք խրախուսելով յառաջ ընթանալ առանց յուսալքումի, ապագային նայելով յոյսով- ու Տիրոջ վրայ միշտ վստահութիւն ունենալով։  Քահանայապետը այդ առթիւ երիտասարդներուն ապահովեցուցած էր նաեւ իր աղօթքները։

Երիտասարդ Սաֆան հազիւ Իրաք ժամանած իր տարեկիցներուն փոխանցեց Սրբազան Քահանայապետին մօտիկութեան ու քաջալերանքի պատգամը, ապա խանդավառութենէ մղուած ուզեց Սրբազան Հօր փոխանցել Իրաքի երիտասարդներուն պատասխանը որ ամփոփեց  տեսերիզի մը մէջ, ուր անոնք շնորհակալութիւն կը յայտնեն Ֆրանչիսկոս Պապին, ապահովելով իրենց աղօթքը Քահանայապետին ու միութիւնը համայն եկեղեցւոյ հետ, ու Նորին Սրբութեան ժամադրութիւն տալով Իրաքի մէջ։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/10/2018, 14:20