Որոնել

Վանական քոյրեր Վանական քոյրեր  

Ֆրանսայի Վանքերը իրենց դռները կը բանան երիտասարդներուն առջեւ։

«Եկուր եւ Տես» խորագիրով ձեռնարկը յատկացուած է 16-30 տարեկան երիտասարդներուն

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Երիտասարդները, հաւատքը եւ կոչումի զատորոշումը» բնաբանով Վատիկանի մէջ կայացած եպիսկոպոսական սիւնհոդոսին առթիւ, շաբաթ 6 հոկտեմբեր 2018-ին, Ֆրանսայի բոլոր վանքերն ու աբբայարանները իրենց դռները բաց պիտի պահեն երիտասարդ այցելուներու առջեւ։

«Եկուր եւ Տես» խորագիրով այս ձեռնարկը յատկացուած է 16-30 տարեկան երիտասարդներուն որուն միջոցաւ կարելիութիւն պիտի տրուի անոնց, մօտէն ճանչնալու  կրօնաւորական կեանքը եւ միւս կողմէ առիթ պիտի հանդիսանայ նաեւ կրօնաւորներուն՝ իրենց կարգին շփման մէջ մտելու երիտասարդ սերունդին հետ, անոնց ներկայացնելով իրենց կեանքի փորձառութիւնը ու գիտակցելու երիտասարդներուն իղձերուն, ձգտումներուն ու դժուարութիւններուն, զանոնք նուիրելու համար Տիրոջ։

Ամէն մէկ վանք ունի իր իւրայատուկ շնորհապարգեւը։ Արրասի Քլարիս իգական միաբանութեան վանքը, զոր օրինակ, իր դռները կը բանայ առիթ ընծայելով երիտասարդներուն մասնակցելու ծիսական արարողութիւններուն ապա միասին կիսելու եղբայրական ճաշը, հուսկ յատուկ զրոյց-հանդիպումի ձեռնակի առթիւ ներկայացնելու միաբանութեան ուղեւորութիւնը եւ միւս կողմէն ունկնդրել երիտասարդները՝ հասկնալու համար անոնց մտածումները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/10/2018, 08:34