Որոնել

Երիտասրադներ Երիտասրադներ  

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ կաթողիկէ երիտասարդներու հաւաք։

Մենք այս երիտասարդներուն կ՛ուզենք ըսել՝ մի վախնաք, որովհետեւ իրենք եւս կարող են ուրախանալ Աստուծոյ շնորհքով:

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան 

26 եւ 27 հոկտեմբերին Արաբական միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ տեղի պիտի ունենայ Կաթողիկէ Երիտասարդներու ամենամեծ հաւաքը որ կը զուգադիպի երիտասարդներուն նուիրուած եպիսկոպոսական սիւնհոդոսի աշխատանքային նիստերու աւարտին։

18-25 տարեկան աւելի քան 1000 երիտասարդներ՝ արաբական տարածաշրջանի երկիրներէն պիտի համախմբուին Ռաս Էլ Խէյմէյի Սուրբ Անտոն Փատովացիի անուան եկեղեցւոյ մօտ, իրենց մասնակցութիւնը բերելու կաթողիկէ երիտասարդաց վերոնշեալ հաւաքին։

Եկեղեցին երիտասարդներու կողքին։

«Հաւաքը կազմակերպուած է ընդառաջելու համար Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի հրաւէրին՝ հանդիպելու երիտասարդներուն, իրենց ապրած միջավայրերուն մէջ, որպէսզի անսանք անոնց ձգտումներուն ու անոնց դարձեալ առաջարկելու Յիսուսին դիմագիծը՝ վկայուած եւ հռչակուած եկեղեցւոյ կողմէ, որ միշտ պատրաստ է հիւրընկալելու, ներառելու ու անոնց հետ միասին քալելու կողք կողքի», գրուած է վերոնշեալ ձեռնարկի ներկայացման առթիւ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ։

«Մենք կ՛ուզենք զօրացնել այդ երիտասարդներուն հաւատքը ու անոնց ցուցաբերել մեր զօրակցութիւնն ու սէրը, ի տես անոնց ապրած դժուարութիւններուն» յայտնած է ապա  Գերապայծառ Փոլ Հինտէրը՝ Արաբական Էմիրութիւններու մօտ առաքելական փոխանորդը։ 

Մի վախնաք

Հաւաքի ընթացքին առաջարկուած խորհրդածութեան նիւթն է. «Մի վախնար Մարիամ. Որովհետեւ Տիրոջ առջեւ շնորհք գտար» Ղուկաս աւետարանիչէն քաղուած սոյն հատուածը որ է նաեւ՝ 22-27 յունուար 2019-ին Փանամայի մէջ կայանալիք  յառաջիկայ երիտասարդներու համաշխարհային օրուան կեդրոնական նիւթը։ 

«Մենք այս երիտասարդներուն կ՛ուզենք ըսել՝ մի վախնաք, որովհետեւ իրենք եւս կարող են ուրախանալ Աստուծոյ շնորհքով։ Սուրբ Կոյս Մարիամը մեզի կարող է սորվեցնել ապրիլ որպէս Աստուծոյ զաւակներ ու տարածել սէր, ուրախութիւն եւ խաղաղութիւն աշխարհի մէջ» հաստատած է միշտ գերապայծառ Հինտէր։ 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/10/2018, 10:46