Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիին արձանը Վատիկանի պարտէզներուն մէջ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիին արձանը Վատիկանի պարտէզներուն մէջ 

Վանականութիւնը հայոց պատմութեան հոլովոյթին:

«Վարք Հարանց»էն անապատի հայրերու խրատները եւ յորդորները՝ ուղղուած միայնակեացներուն։

Պատրաստեց Հայր Ներսէս Սագայեան 

Այսօր կը շարունակենք մեր ունկնդիրներուն ներկայացնել «Վարք Հարանց»էն անապատի հայրերու խրատները եւ յորդորները՝ ուղղուած միայնակեացներուն։
«Ճիգ թափենք, մենակեացներ, յանցանք չգործել, որպէսզի ձեր բնակիցը զԱստուած չթշնամանէք եւ ձեր հոգիներէն չհալածէք։ Միայնակեացը պէտք է անստացուածք կեանք ընդունի, հոգիի եւ մարմնի խաղաղութիւն եւ անձին պարկեշտութիւն, չափաւոր ձայն եւ խօսքերուն մէջ բարեկարգ. կերակուր եւ ըմպելիները ճաշակէ անխռով եւ հանդարտօրէն։ Երէցներուն առջեւ լռութիւն պահէ, իմաստուններուն առջեւ լսողութիւն, ընկերակիցներուն հանդէպ սէր, կրտսերներուն՝ բարի խրատով, հեռանայ ժանտ, մարմնաւոր բաներէ եւ չար խնդիրներէ։ Միշտ մտածէ, եւ սակաւ խօսի։ Խօսքերու մէջ յանդուգն չըլլայ, շատախօս չըլլայ, ծաղրի պատրաստ չըլլայ։ Պատկառանքով զարդարուի, աչքը վար պահէ, եւ մտածումները՝ վեր։ Հակառակող չըլլայ, այլ հնազանդ։ Աշխատի ձեռքերով, միշտ յիշէ վախճանը, յուսով ուրախանայ, անդադար աղօթէ, ամէն ինչի մէջ գոհ ըլլայ, նեղութիւններուն համբերէ, բոլորին առաջ ըլլայ խոնարհ, ատէ ամբարտաւանութիւնը։ Սնափառ չըլլայ, սիրտը պահէ չար մտածումներէ, աչքերը դարձնէ օտար գեղեցկութիւններէ եւ չարէն։ Աղքատութիւնը անոր ըլլայ կցորդակից, եւ պարկեշտ զգեստը՝ գանձ երկնքի մէջ, ըստ պատուիրանին. անձը դատէ ամէն օր մտածումներուն եւ գործերուն համար։ Աշխարհի մէջ շատախօսութեամբ չշաղապատէ, պղերգներու կեանքը չքննէ, այլ միայն սուրբ հայրերու վարքերուն հանդէպ նախանձ ունենայ։ Ուրախակից ըլլայ անոնց հետ, որոնք ուղիղ վարք ունին, եւ չչարակնէ։ Վշտակից ըլլայ վշտացեալներուն, չդատապարտէ եւ չթշնամանէ այն անձը, որ դարձած է մեղքէն։ Ինքզինքը երբէք չարդարացնէ, այլ ինքզինք խոստովանի իբր ամենէն մեղաւորը՝ Աստուծոյ եւ մարդոց առջեւ։ Խրատէ անկարգները, մխիթարէ նեղսիրտները, սպասաւոր ըլլայ հիւանդներուն, լուա սուրբերուն ոտքերը, հոգ տանի եղբայրսիրութեան եւ օտարասիրութեան, ընտանի հաւատացեալներուն հետ խաղաղութեամբ ապրի, հերձուածողներէն հեռու մնայ, Սուրբ Կտակարանները կարդայ, եւ ինչ որ ծածուկ է՝ ամենեւին չնայի անոր։ Հօր եւ Որդւոյ եւ Սուրբ Հոգիին համար խնդիրներու մէջ չիյնայ, այլ անստեղծ եւ միասնական Երրորդութիւնը համարձակութեամբ դաւանի եւ իմանայ։ Եւ անոնք որոնք կը հարցնեն, թող ըսէ՝ թէ մկրտուեցէք այնպէս ինչպէս ընդունեցաք, հաւատացէք՝ այնպէս ինչպէս մկրտուեցաք, փառաւորեցէք՝ այնպէս ինչպէս հաւատացիք։ Բարի գործերու մէջ ընթանայ. ամենեւին չերդնու, վարձքով դրամ չտայ, եւ գինի եւ ձէթ չամբարէ։ Ոչ մէկուն տայ կամ արգիլէ գրաւական. արբեցութենէ, ցնորքներէ եւ աշխարհական հոգերէ հեռու կենայ։ Նենգութեամբ չչարախօսէ, եւ չարախօսողներուն ախորժանքով չլսէ։ Որեւէ բանի անմիջապէս չհաւատայ։ Բարկութենէն չբռնաբարուի, եւ ցանկութենէ չյաղթուի. ի զուր տեղ չբարկանայ մերձաւորին։ Ո՛չ մէկուն հանդէպ ոխակալ ըլլայ. չարին չարով չհատուցանէ, մանաւանդ թէ նախընտրէ չարախօսուիլ՝ քան թէ չարախօսել, հարուածուիլ՝ քան թէ հարուածել, զրկուիլ՝ քան թէ զրկել, տալ՝ քան թէ առնել, անիրաւուիլ՝ քան թէ անիրաւել։ Միայնակեացը ամենէն աւելի պէտք է ժուժկալ ըլլայ կիներու եւ գինարբուներու հետ հանդիպելէ, որովհետեւ կիները եւ գինին կը գայթակղեցնեն իմաստունները։ Իր ամողջ զօրութեամբ ընթանայ պատուիրաններով։ Չվհատի, այլ վարձատրութիւնը, գովութիւնը եւ յաւիտենական կեանքի վայելչութիւնը Աստուծմէ ակնկալէ։ Միշտ աչքին առջեւ ունենայ Դաւիթի խօսքը՝ թէ ʼՏէրը կը տեսնէի իմ դէմս ամէն ժամուʼ։ Որդիի նման սիրէ զԱստուած բոլոր սրտով եւ զօրութեամբ եւ մտքով, եւ ծառայի նման զարհուրի եւ երկնչի. երկիւղով եւ դողութեամբ փրկութեան ընթանայ եւ հոգիով տոջորի։ Պէտք է միշտ հաւատքի զրահը զգենու, եւ ընթանայ ոչ թէ դէպի աներեւոյթները, այլ կռուի եւ ոչ թէ օդ ծեծէ, եւ պատերազմի թշնամիին դէմ՝ այս տկար մարմնով եւ աղքատ հոգիով, եւ ամէն ինչ կանոնաւոր կերպով կատարէ։ Ինքզինք անարգ համարի եւ հաճոյ ըլլայ ահաւոր Աստուծոյ։ Ոչ մի բան գործէ հպարտութեամբ եւ սնափառութեամբ, այլ ամէն ինչ Աստուծոյ եւ Անոր կամքին համար ընէ, որովհետեւ Աստուած կը ցրուէ մարդահաճոներու ոսկորները։ Ամենեւին չպարծենայ, եւ իր անձի մասին գովասանքներու չլսէ, եւ ոչ ալ ախորժելով լսէ եթէ մէկը իր մասին գովասանքով խօսի։ Ամէն ինչի մէջ ծառայէ Աստուծոյ, եւ մարդոց ցոյց չտայ, այլ միայն Տիրոջմէ խնդրէ գովասանքը։ Անոր ահաւոր եւ փառաւորեալ գալուստը եւ այս աշխարհէս փոխուելու եւ արդարներու համար Աստուծոյ կողմէ պատրաստուած բարիքներու մասին մտածէ, ինչպէս նաեւ սատանայի եւ անոր հրեշտակներուն համար պատրաստուած կրակի մասին մտածէ։ Եւ այս ամէն բանի մէջ յիշէ առաքեալին խօսքը՝ թէ այս ժամանակի չարչարանքները չեն համեմատուիր հանդերձեալ փառքին հետ, որ պիտի յայտնուի մեզի։ Եւ Դաւիթ մարգարէին հետ ըսէ՝ անոնք որոնք կը պահեն Աստուծոյ պատուիրանները, պիտի ստանան բազում հատուցում եւ շատ վարձք եւ արդարութեան պսակը, անապական զգեստը, յաւիտենական բնակութիւններ, անվախճան կեանքը, անպատմելի ուրախութիւնը, երկնաւոր Հօր մօտ անհասանելի օթեվանը, դէմ յանդիման տեսութիւնը. պիտի պարէ հրեշտակներու հետ, հայրերու եւ հայրապետներու հետ, մարգարէներու եւ առաքեալներու հետ, մարտիրոսներու եւ աւետարանիչներու հետ, խոստովանողներու եւ եպիսկոպոսներու հետ, եւ անոնց հետ որոնք սկիզբէն հաճոյ եղան. փութանք անոնց հետ ըլլալ, եւ աղօթենք Քրիստոսի շնորհքով. եւ անոր փառք յաւիտեանս. ամէն։»
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/10/2018, 07:53