Որոնել

 Սուրբ ՆԵրսէս Շնորհալի Սուրբ ՆԵրսէս Շնորհալի 

Յորդորներ ուղղուած միայնակեացներու, ճգնաւորներու եւ կրօնաւորներու:

Միայնակեացը պէտք է ունենայ խոնարհութիւն եւ համեստութիւն եւ ճանչնայ իր անձին տկարութիւնները եւ մեղսականութիւնը, հեռու պէտք է մնայ ըսի-ըսաւներէ, պէտք է տրտմութեամբ ապաշխարէ եւ զղջայ մեղքերուն վրայ։

Պատրաստեց Հայր Ներսէս Սագայեան

Միայնակեացին համար ամբարտաւանութիւնը, հպարտութիւնը, սնափառութիւնը եւ ինքնահաւանութիւնը ծանր մեղքեր են, որովհետեւ անոնք կʼառաջնորդեն նաեւ այլ մեղքերու։ Հետեւաբար միայնակեացը կամ կրօնաւորը շատ զգոյշ պէտք է ըլլան այդ ախտերէն։ Այս պատճառով է, որ կրօնաւորներու ուղղուած հոգեւոր գրականութեան մէջ միշտ անդրադարձ կայ այդ ախտերուն։ Նախորդ հաղորդումներուն մէջ այդ մասին լսեցինք բազմաթիւ խրատներ, քաղուած «Վարք Հարանց» հաւաքածոյէն։ Այսօր կը շարունակենք ունկնդրել Հայրերու յորդորներուն՝ ուղղուած միայնակեացներու, ճգնաւորներու եւ կրօնաւորներու։ Ապա նաեւ միայնակեացը պէտք է ունենայ խոնարհութիւն եւ համեստութիւն եւ ճանչնայ իր անձին տկարութիւնները եւ մեղսականութիւնը, հեռու պէտք է մնայ ըսի-ըսաւներէ, պէտք է տրտմութեամբ ապաշխարէ եւ զղջայ մեղքերուն վրայ։
«Եթէ օտարութեան մէջ կը գտնուիս եւ քեզ չեն ընդունիր, մի տրտմիր, այլ ըսէ՝ եթէ արժանի ըլլայի, Աստուած ինծի հանգիստ կու տար։ Եթէ սիրոյ սեղանի կոչուիս եւ քեզ աւելի ցած տեղ կը նստեցնեն, մի տրտնչեր, այլ ըսէ՝ թէ ասոր ալ արժանի չեմ։ Որովհետեւ, կʼըսեմ քեզի, թէ ոչ անարգանքներ եւ ոչ նեղութիւններ եւ ուրիշ որեւէ բան որ կու գան մարդու վրայ, եւ սակայն վերէն Աստուծմէ կու գան՝ ոմանք փորձելու համար են եւ ոմանք մեղքերու պատճառով։ Եւ ան որ այսպէս չի մտածեր, չի հաւատար թէ Աստուած արդարադատ է։
Եթէ անապատին մէջ տեղ մը նստած ես, զգոյշ եղիր որ չըլլայ թէ մտածումներդ քեզ հեգնեն, եւ դեւը քեզի ըսէ՝ թէ լաւ է որ նստիս, այսպէսով հեռու կը մնաս մարդոց չարախօսութենէն եւ ըսի-ըսաւէն, եւ կը կատարես քու փոքր պաշտօնդ։ Եթէ այսպէս մտածես, այն ժամանակ Աստուած իր օգնութիւնը քեզմէ կը վերցնէ, եւ այն ժամանակ պիտի ճանչնաս անձիդ տկարութիւնը։ Այլ մանաւանդ միշտ ըսէ՝ վա՛յ ինծի որ թէեւ մարմնով անապատի մէջ եմ սակայն հոգւով աշխարհի մէջ կը տատանիմ, եւ մարդիկ կը կարծեն թէ հայրերու վարքը ունիմ՝ տգիտանալով թէ ամբողջ օրը պիղծ խորհուրդներով եւ պղերգութեամբ կʼանցընեմ, ուտելով եւ ըմպելով եւ քնանալով։ Եւ եթէ երթաս հայրերու հարցնելու մտածումներուդ մասին, նախ Աստուծոյ աղօթէ եւ ըսէ՝ Տէր, ինչ որ կը հրամայես ինծի՝ դիր այն ծերին բերանը որ ինծի յայտնէ. որովհետեւ, Տէր, անոր ըսածներուն իբրեւ քու բերնէդ ելած պիտի լսեմ։ Հաստատէ անձդ վէմի նման այս խօսքին մէջ. որովհետեւ աշխատանքը եւ լռութիւնը եւ աղքատութիւնը մարդուն մէջ կը ծնին խոնարհութենէն, եւ խոնարհութիւնը կը քաւէ մեծ մեղքերը։ Եթէ եղբայր մը քեզի գայ, սուգը երեսէդ հեռացուր եւ թաքցուր զայն քու սրտիդ մէջ մինչեւ արձակես եղբայրը, եւ դարձեալ սուգը երեսիդ ունեցիր, որովհետեւ այդ տեսնելով դեւերը կը փախչին քեզմէ։
Եթէ ամբարտաւանութեան մտածումը կը նեղէ քեզ, ըսէ դեւին՝ Աստուած ըսաւ թէ ամէն մարդ որ կը բարձրացնէ իր անձը՝ պիտի խոնարհի։ Ապա եթէ դեւը թոյլ տայ որ մտածես թէ լաւ ես եւ երկիւղած, եւ թէ խոնարհութիւն ունիս, ապա գիտցիր թէ հեռացած ես Աստուծմէ, որովհետեւ Տէրը հակառակ է ամբարտաւաններուն։
Եթէ բնակիս եղբայրներու մօտ, զգոյշ եղիր անձիդ որ անոնց վրայ իշխելով հրամաններ չտաս, որպէսզի չըլլայ թէ սիրտդ հպարտանայ։ Սակայն առ երեսանց (իշխանութիւն) ցուցաբերէ, որպէսզի համարձակութիւն չունենան, իսկ հոգւով անոնց ծառայ եւ փոքրագոյն եղիր։»

Եթէ մեղքի մէջ իյնաս եւ դառնաս անկէ եւ սկսիս ապաշխարել եւ տրտմիլ, զգոյշ եղիր եւ մի դադրիր տրտմելէ եւ Աստուծոյ յառաչելէ, մինչեւ մահուանդ օրը, ապա թէ ոչ, շուտով պիտի իյնաս նոյն խորհուրդներուն մէջ. որովհետեւ Աստուծոյ առաջ ցուցաբերուած տրտմութիւնը, անհատին աչքին նման է՝ որ թոյլ չի տար որ իյնայ։
Երբ տեսնես զԱստուած, որ կʼողորմի քեզի եւ քու անձիդ զղջում կու տայ, այն ժամանակ սատանան քու միտքդ կը ձգէ քու խուցիդ մէջ կատարելիք գործ մը ըսելով՝ այս կարեւոր գործ է, այսօր ա՛յս գործէ, կամ ել գնայ այսինչին մօտ որ հիւանդ է։ Իսկ այս բոլորը կʼընէ, որպէսզի քեզի թոյլ չտայ պարապիլ եւ վայելել սուգի քաղցրութիւնը։ Իսկ եթէ մարդ մը իմանայ սատանային նենգութիւնը եւ պահպանէ իր անձը եւ առանձնապէս պարապի աղօթքի զղջումով, այն ժամանակ ուշադիր պիտի մնայ փորձութեան մէջ, որ կու գայ մարտնչումէ, կամ մարդոցմէ, կամ դեւերէն. որովհետեւ սատանան ա՛յն ժամանակ մարդուն հետ կը մարտնչի, երբ մարդը կը մարտնչի անոր դէմ բարիով։ Ո՞ր տրտմութիւնը աւելի է քան ամէն զղջում եւ հոգւոյ խոնարհութիւն։ Երբ նստիս, մտածումները եւ դեւերը շուրջդ կʼըլլան մեղուներու նման. այն ժամանակ ել եւ աղօթէ եւ քիչ մը դուրս ել, եւ անոնք պիտի ցրուին քու քովէդ։
Շատ սիրէ խոնարհութիւնը եւ աղքատութիւնը, եւ մի ուզեր ունենալ մանր-մունր բաներ քու խուցիդ մէջ, որովհետեւ երբ անձդ բան մը փնտռէ եւ չգտնէ եւ կը խոնարհի, այն ժամանակ Աստուած կը մխիթարէ զայն եւ անոր կու տայ զղջում։ Իսկ երբ ան կը ճաշակէ Աստուծոյ քաղցրութիւնը, կʼատէ նոյնիսկ իր զգեցած հանդերձը եւ նոյնիսկ իր մարմինը։ Որովհետեւ այս կʼըսեմ քեզի, որդեա՛կ, եթէ մարդ իր մարմինը չատէ իբր իր թշնամին եւ ոսոխը՝ անոր ոչ մէկ բանով ոչ իսկ դոյզն կերպով հեշտութիւն տալով, չի կրնար ազատիլ բանսարկուի որոգայթներէն։
Որեւէ մարդու եւ մանաւանդ մանուկ մարմիններու ձեռք մի տար, ինչպէս կը պատուիրէ Աբբա Եսայի, եւ մի՛ շօշափեր օտար մարմին մը առանց հիւանդութեան պատճառի, եւ այդ ալ ըրէ երկիւղով։ Օտարի ձեռք քեզի թող չմօտենայ եւ ոչ ալ քեզ շօշափէ, եւ ոչ մէկը քու գլուխէդ կամ մօրուքէդ կամ հանդերձիդ մէջէն ոջիլ հանէ։ Քու ամբողջ կենդանութեանդ ժամանակ ո՛չ մէկուն մօտ քնացիր, եւ համբոյր մի տար մանուկներու, որոնք մօրուք չունին, ո՛չ իսկ եկեղեցւոյ մէջ եւ ո՛չ ալ երբ օտարութենէ կու գայ։ Մանուկի հետ մի ծիծաղիր, որպէսզի անձդ չկորսուի։ Եւ անոր մօտ մի նստիր եւ անոր հետ մի՛ երթար, որպէսզի չըլլայ թէ իրարու հպիք. ուրիշի մօտ մի նստիր ջուր թափելու համար, որովհետեւ ան որ ճշմարիտ պատկառանք ունի, կʼամչնայ իր անձէն իսկ։ Որովհետեւ շատեր այս բաները արհամարհելով՝ իբր չնչին եւ անպէտ բաներ, ինկան ասոնցմով խորխորատներու մէջ եւ կորսուեցան։ Որովհետեւ մեծամեծ չարիքներ սկիզբ կʼառնեն փոքր բաներէ եւ կը մեծնան։ Թող Քրիստոս Աստուած ասոնք հեռացնէ իր ծառաներէն, եւ անոր փառք՝ Հօր եւ Սուրբ Հոգւոյն հետ յաւիտեանս յաւիտենից. ամէն։»
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/10/2018, 08:00