Սուրբ Յովկաննէս Մկրտիչի սրբանկար Սուրբ Յովկաննէս Մկրտիչի սրբանկար 

Վանականութիւն. «Վարք Հարանց» հաւաքածոյէն խրատներ:

Կատարելութեան հասնելու ճանապարհները բազմաթիւ են. սակայն փորձիչը միշտ մօտ է մարդուն։

Պատրաստեց Հայր Ներսէս Սագայեան

«Վարք Հարանց» հաւաքածոն լայն տեղ կը յատկացնէ միայնակեացի կամ ճգնաւորի մեղսականութիւնը բացայայտելով եւ ուղղութիւն ու միջոցներ կու տայ պայքարելու մեղսականութեան, փորձութիւններու, մեղքի դէմ։ Կատարելութեան հասնելու ճանապարհները բազմաթիւ են. սակայն փորձիչը միշտ մօտ է մարդուն։ Հետեւաբար միայնակեացը միշտ արթուն պէտք է ըլլայ եւ թոյլ չտայ որ փորձիչը որեւէ հնարքներով մեղքի տանի զինք։
«Եթէ պոռնկութեան մէջ իյնաս եւ այն տեղը ուր ինկար մօտ է, հեռացիր այնտեղէն, ապա թէ ոչ չես կրնար ապաշխարել։ Եթէ քու աչքովդ տեսնես թէ եղբայրդ կʼյինայ կամ կը մեղանչէ, այն ժամանակ ըսէ՝ նզովեալ սատանայ, որովհետեւ դուն եղբօր պատճառ կʼըլլաս, եթէ ոչ՝ եղբայրը բան մը պիտի չգործէր։ Եւ տես, սիրտդ զգոյշ ըլլայ եղբայրդ դատելու, եթէ ոչ՝ այն ժամանակ Սուրբ Հոգին քեզմէ հեռու է։ Եթէ եղբայր մը քու առջեւդ ուրիշ եղբօր մը մասին կը չարախօսէ՝ մի՛ ամչնար անկէ ըսելով՝ թէ այո´ այդպէս է, այլ կա´մ լռէ եւ կա´մ ըսէ անոր՝ ʼեղբայր, ես ընդհանրապէս դատապարտեալ մըն եմ, եւ այդպէս փրկէ անձդ եւ զայնʼ։
Եթէ հիւանդանաս եւ մէկէ մը բան մը խնդրես քու պէտքերուդ համար եւ քեզի չտայ, մի՛ խռովիր անոր դէմ, այլ մանաւանդ ըսէ՝ թէ եթէ արժանի էի ստանալու, այն ժամանակ Աստուած եղբայրս պիտի հաւանեցնէր։ Եւ իմացիր այս, թէ երեք հանգամանք կայ մէկէ մը սէր ստանալու՝ կատարեալ ճգնողները ոչ անմիջապէս սէր կʼընդունին մէկէ մը. իսկ միջինները չեն խնդրեր որ իրենց սէր տան՝ ապա եթէ մէկը ինքնաբուխ կու տայ՝ կʼընդունին զայն որպէս Աստուծմէ առաքուած. իսկ վերջինները, որ տկար են եւ չեն կարող անձին պէտքերը հոգալ, կրնան խնդրել խոնարհութեամբ եւ միշտ իրենց անձը մեղադրելով։
Եթէ տեսնես, թէ Աստուած որոշ ժամանակ մը կամ ամէն օր քեզի զղջում կու տայ, այն ժամանակ արհամարհէ ձեռագործը։ Եթէ տեսնես թէ օգուտ է քեզի, պարապէ, սակայն՝ սուգ պահելով, որովհետեւ թերեւս մօտեցած է այստեղէն ելլելու ժամդ, եւ անոր համար Աստուած քեզի սուգ շնորհած է, որպէսզի անով ողորմութիւն գտնես։ Որովետեւ ինչպէս սատանան մարդու վախաճանելուն ժամակ կը փութայ կորսնցնել զայն, նոյնպէս եւ Աստուած շատ անգամ մօտ է մարդու վախճանին՝ եւ որեւէ պատճառով մը կը փրկէ մարդը, որովհետեւ ողորմած է։ Քունէդ ելլելու ժամանակ, բերնիդ առաջին խօսքը ըլլայ զԱստուած փառաւորել, եւ միեւնոյն ժամանակ սկսիր Աստուծոյ օրհնութիւններ եւ սաղմոսներ բարձրացնել։ Որովհետեւ առաւօտեան քու մտքերդ ու´ր որ կʼընթանան, երկանի նման նոյնը կʼաղան ամբողջ օրը՝ ըլլա՛յ ցորեն ըլլա՛յ որոմ։ Ասոր համար ամէն օր փութացիր ցորեն դնել նախ քան որ թշնամին որոմ դնէ։
Եթէ երազներուդ մէջ կիներ տեսնես, մի ջանար այդ յիշել ցերեկը։ Անկողնիդ մէջ բազմելով, յիշէ գերեզմանդ՝ թէ արդեօք վաղը պիտի արթննա՞մ եւ կամ ոչ։ Եւ աղօթէ նախ քան քնանալդ, եւ երբ բազմած ես զգոյշ եղիր որ աղտեղի բաներ չմտածես։ Կին մարդու մասին մի մտածեր, թէպէտ եւ սուրբ ըլլայ, այլ մանաւանդ աղօթելով ննջէ։ Որովհետեւ այն ինչ որ մարդ կը խորհի ցերեկը, նոյնը կը գործէ գիշերը, ըլլա՛յ այդ բարի եւ կամ չար։ Դեւերն ալ մարդուն հետ են երբ ան անկողին կը մտնէ, այդ պահուն անոնք իր շուրջը կը նստին՝ մարդու մտքին մէջ կիներու յիշողութիւն դնելով։ Կան նաեւ սուրբ հրեշտակներ, որ ատով կը զբաղին եւ սահմանուած են միայնակեացներու պահպանութեան։ Իսկ երբ ցերեկ ու գիշեր մտացումներ կʼունենաս թէ՝ եկ եղբայր, աղօթէ Աստուծոյ, գիտցիր թէ սուրբ հրեշտակները որոնք կը պահպանեն քեզ, անոնք է որ քեզի կʼըսէն՝ եկուր աղօթէ՛. եւ երբ կʼարթննաս, քեզի թիկնակից եւ աղօթակից կʼըլլան՝ հալածելով քեզմէ դեւերը, որոնք քու վրադ կը մռնչեն։ Ապա եթէ չանսաս եւ դանդաղիս եւ չարթննաս, ապա քեզմէ կը հեռանան հրեշտակները, եւ կʼիյնաս քու թշնամիիդ ձեռքը։ Եթէ չունիս խոնարհութիւն եւ հոգեւոր աղօթքներ, գոնէ մարմնական աշխատանք կատարէ, որպէսզի մարմնաւոր գործերով հասնիս հոգեւորին, ապա թէ ոչ ունայն կը վաստակիս։»

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/10/2018, 07:56