Որոնել

Արհիապ. Պօղոս Եպիսկոպոս Հաքիմեան Արհիապ. Պօղոս Եպիսկոպոս Հաքիմեան  

Արհիապ. Պօղոս Եպիսկոպոս Հաքիմեանի գահակալութեան պատարագ Սան Փաոլոյի մէջ։

Հայ Կաթողիկէ Եպիսկոպոսներու սիւնհոդոսին կողմէ ընտրուած Գերապայծառ Հաքիմեանի անուանումը՝ Սրբազան Քահանայապետին կողմէ հաստատուեցաւ անցեալ 4 յուլիս 2018-ին

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Անցեալ կիրակի 21 հոկտեմբեր 2018-ին, Լատին Ամերիկայի առաքելական Էկզարքութեան հայ կաթողիկէ հաւատացեալները՝ Սան Փաոլոյի Սուրբ Գրիգոր լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, իրենց մասնակցութիւնը բերին Լատին Ամերիկայի հայ կաթողիկէներու առաջնորդ՝ Արհիապատիւ Պօղոս Լեւոն Հաքիմեանի գահակալութեան հանդիսաւոր արարողութեան։

Ունկնդրէ լուրը

Հայ Կաթողիկէ Եպիսկոպոսներու սիւնհոդոսին կողմէ ընտրուած՝  Գերապայծառ Հաքիմեանի անուանումը Սրբազան Քահանայապետին կողմէ հաստատուեցաւ անցեալ 4 յուլիս 2018-ին, մինչ անոր եպիսկոպոսական օծումը տեղի ունեցաւ ձեռամբ Արհիապատիւ եւ գերերջանիկ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց՝ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի կաթողիկոս Պատրիարքին, Հռոմի Լեւոնեան Վարժարանի Սուրբ Նիկողայոսի անուան եկեղեցւոյ մէջ, անցեալ 26 սեպտեմբեր 2018-ին։

Գերապայծառ Հաքիմեան կը յաջորդէ Արհիապատիւ Վարդան Վալտիր եպիսկ. Պօղոսեանին, որ 37 տարիներ ամբողջ կառավարեց Լատին Ամերիկայի հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ թեմական կառոյցը։

Գահակալութեան հանդիսաւոր արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին, ի մէջ այլոց, Սան Փաոլոյի Արքեպիսկոպոսը՝ Կարդինալ Փետրօ Շերերը ու անոր փոխանորդ եւ Յոյն Մելքիթներու թեմին առաքելական հոգաբարձու՝  գերապայծառ Սերճօ Տիօ Պորկէսը, ինչպէս նաեւ Լատին Ամերիկայի հայ համայնքի ներկայացուցիչներ ու բազմաթիւ հաւատացեալներ։
  
Լատին Ամերիկայի Առաքելական Եպիսկոպոսութիւն

Լատին Ամերիկայի Հայ Կաթողիկէ Թեմը հիմնադրուած է 18 Յուլիս 1989-ին Յովհաննէս Պօղոս Բ. երջանկայիշատակ սուրբ Պապին կողմէ, Գերերջանիկ Յովհաննէս Պետրոս ԺԸ. Կաթողիկոսի օրով. Առաջին առաջնորդը եղած է Գերապատիւ Տէր Վարդան Պօղոսեան։ Թեմը ներկայիս ունի մօտաւոր 14000 հաւատացեալներ։ Թեմը կը բաղկանայ երկու ժողովրդապետութիւններէ.,Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի Հայ Կաթողիկէ Ժողովրդապետութիւն Եւ Զմմառու Ս. Կոյս Մարիամ Հայ Կաթողիկէ Ժողովրդապետութիւն։

Թեմէն ներս կը գործեն երիտասարդական-պատանեկան, մշակութային, մարզական եւ կնոջական միութիւններ։  Մինչ Պուէնըս Այրէսի Ս. Գրիգոր Նարեկացու ժողովրդապետութեան հաւատացեալներուն թիւը կը հասնի մօտաւորապէս  16000։ Թեմէն ներս կը գործէ նաեւ դպրոց մը կառավարուած  Մխիթարեան Միաբանութենէն:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/10/2018, 08:00