Արհ Պետրոս Արք Միրիաթեան եւ «Տար Նաաման» հրատարակչական տան տնօրէնը Արհ Պետրոս Արք Միրիաթեան եւ «Տար Նաաման» հրատարակչական տան տնօրէնը 

«Որո՞ւ երթանք» հատորի մասին զրոյց Արհիապատիւ Պետրոս Արքեպիսկոպոս Միրիաթեանի հետ։

Հատորը հրապարակուած է Արհիապատիւ գերապայծառ Միրիաթեանի եպիսկոպոսութեան 25-րդ ամեակին առթիւ

Վերջերս Լիբանանի մէջ լոյս տեսաւ «Որո՞ւ երթանք» խորագիրով արաբերէն լեզուով հատորը որուն հեղինակն է Բերիոյ Հայ Կաթողիկէներու առաջնորդ՝ Արհ. Պետրոս Արքեպիսկոպոս Միրիաթեան։

Վերոնշեալ հատորը հրապարակուած է Արհիապատիւ գերապայծառ Միրիաթեանին  եպիսկոպոսութեան 25-րդ ամեակին առթիւ, եւ այնտեղ ամփոփուած են այդ տարիներու ընթացքին արտասանուած տարբեր նիւթերու մասին ճառեր, քարոզներ ու զեկոյցներ։

Առիթէն օգտուելով Վատիկանի  «Վատիկան Նիուզ» պաշտօնական գործակալութեան հայկական բաժինը զրոյց մը ունեցաւ Արհիապատիւ գերապայծառին հետ որուն ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ այս օրերուն Հռոմի մէջ գումարուած՝ «Երիտասարդները, հաւատքը եւ կոչումի զատորոշումը» նիւթով եպիսկոպոսներու սիւնհոդոսի մասին։

Զրոյց Արհիապատիւ Պետրոս Արքիեպիսկոպոս Միրիաթեանի հետ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/10/2018, 08:28