Ռաուտայի Մխիթարեան Վարժարանի բացումը Ռաուտայի Մխիթարեան Վարժարանի բացումը 

Հանդիսաւոր արարողութեամբ բացումը կատարուեցաւ Ռաուտայի Մխիթարեան

Ուրբաթ, 28 Սեպտեմբեր 2018-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, հանդիսաւոր արարողութեամբ տեղի ունեցաւ Ռաուտայի վերանորոգ Մխիթարեան Վարժարանի բացումը։

Մխիթարեան Միաբանութեան քահանայապետական պատուիրակ՝ արհիապատիւ Հայր Լեւոն Արք. Զէքիեանի բարձր հովանաւորութեամբ, եւ նախագահութեամբ Պրն. Իմատ Աշքարի, Ուրբաթ, 28 Սեպտեմբեր 2018-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, հանդիսաւոր արարողութեամբ տեղի ունեցաւ Ռաուտայի վերանորոգ Մխիթարեան Վարժարանի բացումը, ներկայութեամբ Պէյրութի Պատրիարքական թեմի փոխանորդ Գերպ. Հ. Գաբրիէլ Թ.Ծ. Վրդ. Մուրատեանի, Միջին Արեւելքի եւ Լիբանանի մէջ Մխիթարեան Միաբանութեան մեծաւոր Գեր. Հ. Մեսրոպ Ծ. Վրդ. Սիւլահեանի,  Լիբանանի մէջ ՀՀ դեսպան Պրն. Սամուէլ Մկրտչեանի եւ հիւպատոս Պրն. Լէոնար Ապաճեանի, Լիբանանի Կաթողիկէ Վարժարաններու ընդհանուր քարտուղար Հայր Պութրոս Ազարի, գերապատիւ վարդապետներու, առաքինազարդ քոյրերու, Ժտէյտի-Պուշրիէ շրջանի քաղաքապետ Պրն. Անթուան Ժպարայի, քաղաքական կուսակցութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներու, հիւրերու եւ բարեկամներու: Զէքիեան արքեպիսկոպոսը, դժբախտաբար, առողջական անակնկալ անհանգստութեան պատճառով կը բացակայէր հանդիսութենէն:

Վարժարանի մուտքին բացման արարողութեան՝ կարմիր ժապաւէնի հատումէն ետք, գերյարգելի Սիւլահեան օրհնեց դպրոցը եւ աղօթք բարձրացնելով Աստուծմէ հայցեց Մխիթարեան Վարժարանը պահել անսասան եւ հաստատ: Ներկաները ապա բարձրացան դպրոցին սրահը, ուր տեղի ունեցած յայտագիրով ազդանշանը տրուեցաւ վարժարանի մեկնարկին:

Լիբանանի, Հայաստանի եւ Մխիթարեան Միաբանութեան քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, հանդիսավարներ Լիւսի Տէօքմէճեան՝ հայերէնով, եւ Յակոբ Խրիմեան՝ անգլերէնով, բարի գալուստի խօսքին մէջ անդրադարձան ընդհանրապէս դպրոցին եւ մասնաւորապէս հայ դպրոցին ունեցած կարեւոր դերին՝ սերունդներու դաստիարակութեան եւ մարդակերտումի ու հայակերտումի առաքելութեան մէջ: Այունհետեւ բեմ հրաւիրուեցաւ Մխիթարեան Վարժարանի տնօրէնութիւնը ստանձնած Տիկ. Ռիթա Պոյաճեանը, որ իր խօսքը սկսաւ ըսելով, որ այսօր ուրախութեան եւ հպարտութեան օր է, այսօր ցնծալու եւ պարծենալու պահ է, որովհետեւ Ռաուտայի Մխիթարեան Վարժարանին բացումը երջանկութեան եւ տօնական առիթ է ոչ միայն դպրոցը հովանաւորող Մխիթարեան Միաբանութեան, այլ նաեւ լիբանանահայ գաղութի իւրաքանչիւր անհատի համար: Ան շեշտը դրաւ այն իրողութեան վրայ, որ վարժարանը, դիմակայելով բոլոր դժուարին մարտահրաւէրները եւ հերոսութեան համազօր քայլով մը կայացուց 2018-2019 տարեշրջանին գործելու հսկայական որոշումը, երբ շատ ուրիշներ կը փակէին իրենց դարպասները: Ան ներկայացուց նաեւ դպրոցին ցանկութիւնը՝ դառնալու ոչ-սովորական դպրոց մը՝ նորարարութիւններ ընդգրկող, ուր լիբանանեան կրթական ծրագրին կողքին կը ներառուին միջազգային, եւ մանաւանդ ֆինլանտական ուսումնական շարք մը մեթոտներ եւ սկզբունքներ: Աւարտին, ան շնորհակալութեան խօսք ուղղեց գերապայծառ Զէքիեանին՝ իր օրհնաբեր աղօթքներուն համար, գերյարգելի Սիւլահեանին՝ իր մշտական հետեւողականութեան եւ աջակցութեան համար, Լիբանանի կրթութեան եւ բարձր ուսման նախարարութեան մէջ սեփական վարժարաններու բաժնի տնօրէն Պրն. Իմատ Աշքարին՝ իր անմիջական նեցուկին եւ ցուցմունքներուն համար, Հայր Պութրոս Ազարին՝ իր ուղղորդող ներկայութեան համար, հայ դպրոցին առաքելութեան հաւատացող կրթական գործիչներուն՝ իրենց անձնդիր աշխատանքին համար, եւ ի վերջոյ հայ ծնողներուն, որոնց վստահութեան շնորհիւ այսօր հայ աշակերտը պիտի ուսանի այժմէական եւ ժամանակակից յատկանիշերով օժտուած հայաշունչ եւ հայադրոշմ կրթօճախի մէջ՝ Մխիթարեան վարժարանին մէջ:

Ցուցադրուեցաւ նորաբաց Մխիթարեան Վարժարանի ծննդոցին մասին տեսերիզ մը, որմէ ետք խօսք առաւ գերյարգելի Սիւլահեանը, ըսելով. «Մխիթարեան Միաբանութիւնը հայ ժողովուրդի մշակութային ու հոգեւոր Վերածնունդը մեկնարկած եւ խթանած հաստատութիւնն է, որ յառաջընթացի անզուգական կոչումով եւ իր միաբան հայրերու անձնուրաց նուիրումով այսօր եւս, հայ կրթական պատմութեան նոր էջերը արձանագրելու դիտաւորութեամբ, կը խոստանայ լաւագոյն ծառայութիւնը տալ հայ ապագայ սերունդին, լոզունգ ունենալով՝ գործը եւ ո՛չ թէ խօսքը»: Ան երախտագիտութիւն յայտնեց Զէքիեան սրբազանին, տիար Հրայր Սարգիսեանին, Իմատ Աշքարին, Հայր Պութրոս Ազարին, Պուշրիէի քաղաքապետին, ճարտարապետ Պերճ Շիշմանեանին, եւ տնօրէնուհի Ռիթա Պոյաճեանին ու իր գլխաւորած անձնակազմին, որոնց բոլորին աջակցութեամբ եւ աշխատանքներով կարելի եղաւ երազը դարձնել իրականութիւն: Սիւլահեան վարդապետը իր խօսքի աւարտին փոխանցեց Զէքիեան սրբազանին խօսքը, ըստ որուն, Մխիթարեան Միբանութիւնը այս նորաբաց դպրոցով Լիբանանի մէջ իր ներկայութիւնը կը վերահաստատէ եւ ինքզինք կը վերանորոգէ: Թէ՝ Միաբանութիւնը դպրոց չի փակեր, այլ կը շարունակէ իր առաքելութիւնը Ռաուտայի դպրոցին մէջ:

Գեղարուեստական բաժնով «Հայոց Տառեր» եւ «Սիրելի Ուսուցիչ» երգերով ելոյթ ունեցաւ լիբանանահայ սոփրանօ Շողիկ Թորոսեան: Այնուհետեւ բեմ հրաւիրուեցաւ Պրն. Իմատ Աշքարը, որ Սիւլահեան վարդապետին եւ դպրոցի տնօրէնուհիին ձեռամբ պարգեւատրուեցաւ հայոց այբուբենն ու խաչը կրող նուէրով մը:  Աշքար նախ դրուատեց բազմադարեան գործը Մխիթարեան հայրերուն, որոնք լուսաւորեցին հայ միտքը եւ պահեցին հայկական ինքնութիւնը: Ան նաեւ շեշտը դրաւ այն իրողութեան վրայ, որ, հակառակ լիբանանեան կրթական համակարգին մէջ գոյութիւն ունեցող տագնապին, Մխիթարեանները, նման իրենց հիմնադիրին, յառաջընթաց կ’արձանագրեն եւ կը բանան դուռերը այս դպրոցին, որ, թէեւ այսօր մինչեւ 8-րդ կարգի աշակերտներ կ’ընդունի, բայց անոր արտօնագիրը կ’ընդգրկէ մինչեւ երկրորդական դասարանները: Ան շնորհաւորեց Միաբանութիւնը այս նոր դպրոցին համար, որ, յոյս յայտնեց, փարոս մը պիտի ըլլայ լիբանանեան իրականութենէն ներս:

Գեղարուեստական երկրորդ ընդմիջումով, «The Prayer», «You Raise Me Up» եւ «Adagio» երգերով ելոյթ ունեցան սոփրանօ Օլկա Քիք Քաատի եւ թենոր Շարպէլ Քաատի: Յայտագրի վերջին բաժնով, Զէքիեան սրբազանին բացակայութեան, Հայր Պութրոս Ազարէն խնդրուեցաւ փոխանցել իր սրտի խօսքը, որուն մէջ ան շեշտեց, որ թէեւ կրթական համակարգը կը տառապի բազմաթիւ տարաձայնութիւններէ եւ ամբաստանութիւններէ, սակայն երբ կը տեսնենք դպրոց մը, որ նոր հասակ կ’առնէ կրթական, ազգային, մարդկային եւ ընկերային առաքելութիւն կատարելու համար, այս մէկը կ’ուրախացնէ մեզ եւ որոշ յոյս կը ներշնչէ: Ան նշեց, որ կաթողիկէ վարժարանները ուրախ են, որ իրենց փաղանգին կը միանայ նոր յանձնառու դպրոց մը, որուն համար շնորհաւորեց հայ ժողովուրդը, հայ եկեղեցին, շրջանի քաղաքապետը եւ ամբողջ Լիբանանը:

Աւարտին, բոլոր ներկաները հրաւիրուեցան հիւրասիրութեան, որուն ընթացքին տեղի ունեցաւ բացման կարկանդակի հատում: Ներկաները նաեւ առիթ ունեցան շրջելու նորակառոյց դպրոցին բոլոր բաժինները:

ԼՐԱՏՈՒ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/10/2018, 08:10