Որոնել

Խաչի լեզուն կը քարոզենք Խաչի լեզուն կը քարոզենք  

Կիրակի 28 Հոկտեմբեր 2018 7-րդ կիրակի Սուրբ Խաչին ­ Տօն Գիւտի Սուրբ Խաչին

Խաչի լեզուն կը քարոզենք (Մատթէոս 24, 27-36)

            Այսօր կը տօնենք դարձեալ սուրբ Խաչի տօներէն մին, Խաչին գիւտը, Կոստանդիանոս կայսեր մօր` Սրբուհի Հեղինէի կողմէ, 328 թուականին։ Քրիստոսի իսկական խաչափայտին երեւան գալը Գողգոթայի բլրան պեղումներու ընդմէջէն մեծապէս կը խանդավառէ համայն քրիստոնէութիւնը, որ անոր մէջ կը տեսնեն յաղթանակը իրենց հաւատքին եւ յոյսը իրենց փրկութեան։

Յետագային խաչը պիտի դառնայ խորհրդանիշը քրիստոնէութեան, նշանը որով քրիստոնեաները իրար պիտի ճանչնան եւ իրարու հետ պիտի հաւաքուին աղօթելու։ Հայ ժողովուրդը իր քարերուն վրայ պիտի անմահացնէ խաչի խորհուրդը, որ մարդկային փրկութեան թանկագին գործիքն է, որովհետեւ Քրիստոս իր արիւնը թափած է անոր վրայ։ Խաչքարերը մեր ժողովուրդի հաւատքի արտայատութիւնն են։

Սակայն սուրբ Խաչի գիւտէն դարեր առաջ` արդէն Պօղոս առաքեալ մեզի կը խօսի խաչի մասին։ Պէտք չէ մոռնալ որ խաչը չարչարանքի ահաւոր գործիք մըն էր, որով Հռովմայեցիները կը պատժէին գլխաւորաբար չարագործները եւ ստրուկները, որոնք օրերով կախուած կը մնային անոր վրայ, մինչեւ որ մեռնէին։ Եւ Առաքեալը քաջութիւնն ունի քարոզելու խաչը, խօսելու խաչի լեզուն, ինչ որ վստահաբար գայթակղութիւն կը պատճառէ նեղմիտ եւ օրինապահ հրէաներուն, իսկ ազատամիտ ու անօրէն հեթանոսներուն համար` պարզապէս յիմարութիւն է։

Ի՞նչ բանի մէջ կը կայանայ իրականութեան մէջ խաչի լեզուն։ Մեզի տուած գլխաւոր դասն է որ փրկութեան հասնելու համար, հարկ է որ ընթանանք չարչարանքի ճամբէն։ Յիսուս յստակօրէն ըսած է. Ով որ կ՛ուզէ ինծի հետեւիլ, թող վերցնէ իր խաչը եւ իմ ետեւէս թող գայ։ Սակայն ինչու՞ այս պարտքը, որ կարծէք անէծքի մը նման կը բերցուի քրիստոնեաներուս վրայ. Ինչու՞ հանգիստ եւ ուրախ կեանք մը չի տրուիր մեզի եթէ ուզենք հաւատարիմ մնալ Քրիստոսի. Ինչու՞ խաչը եւ միշտ խաչը մեր ուսին։

Պօղոս առաքեալ կը ջանայ մեզ համոզել թէ խաչը, թէեւ բացասական իրականութիւն մըն է մարդկային տեսակետէն, սակայն, Աստուծոյ համար` ան զօրութիւն է եւ իմաստութիւն։ Աստուած ինքն է որ, իր Որդւոյն` Քրիստոսի օրինակով`  ուզած է չարչարանքը, քաւելու համար մեր մեղքերը, թողութիւն տալու համար մեր գործած բոլոր յանցանքներուն։

Ուստի երբ խաչը կը դնենք մեր վզին, կամ կը կրենք մեր կուրծքին, չենք կրնար անգիտանալ թէ ան պարզ սիրուն զարդարանք մը չէ այլ նշան մը մեր յանձնառութեան հանդէպ Յիսուսի, որ մեռաւ անոր վրայ, մեզ փրկելու համար, մեր համոզումին թէ առանց չարչարանքի փրկութիւն չկայ նաեւ մեզմէ ամէն մէկուն համար, թէ մեր բոլոր կեանքի ընթացքին` մեր համբերութեամբը հանդէպ նեղութիւններուն պիտի կարենանք շահիլ յաւիտենական կեանքի երանութիւնը։

Ոչ ոք կամաւորապէս ինքզինք կ՛ենթարկէ չարչարանքի, սակայն երբ նեղութիւն-ները պատեն մեզ, երբ ամէն կողմ դժուարութիւններու հանդիպինք, երբ մեր շուրջ պատահած դէպքերը տխրութեամբ համակեն մեզ, երբ հիւանդութիւնը արմատ ձգէ մեր մարմնոյն մէջ, այն ատեն, չկորսնցնենք մեր յոյսը, այլ աչքերնիս սեւեռենք դէպի խաչելութիւնը եւ անոր վրայի խաչեալը եւ ուժ խնդրենք որպէսզի կարենանք տոկալ եւ յառաջանալ մեր կեանքին մէջ, միշտ խնդրելով օգնութիւնը եւ օրհնութիւնը սուրբ խաչին, որով զօրացած` պիտի կարենանք յաղթահարել բոլոր դժուարութիւններուն։

Հայր Յովսէփ Քէլէկեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/10/2018, 08:00