Որոնել

Հաւատացեալներու լուսանկար Հաւատացեալներու լուսանկար 

Աշխարհի մէջ կաթողիկէ հաւատացեալներուն թիւը աճած է բացի Եւրոպայէն։

Կաթողիկէ հաւատացեալներու թիւը ամենէն շատ աճ արձանագրած է Ափրիկէի մէջ:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Միսիոնարներու համաշխարհային օրուան առթիւ Ֆիտես Լրատու գործակալութեան հրապարակած վիճագրական տուեալներուն համաձայն, աշխարհի մէջ կաթողիկէ հաւատացեալներուն թիւը, բաղդատմամբ 2016 թուականին, 14,2 միլիոն աճ արձանագրած է, հակառակ եւրոպայի մէջ կաթողիկէներու թիւին նուազեցման :
Աշխարհի մէջ 7,4 միլիարտ բնակչութեան, 1,3 միլարտը կաթողիկէ հաւատացեալներ են: Համեմատութեամբ 2016-ին, կաթողիկէներու թիւը ամէնէն շատ աճ արձանագրած է Ափրիկէի ցամաքամասին մէջ, որուն կը յաջորդէ Ամերիկայի ապա Ասիոյ ցամաքամասերը: Մինչ՝ եւրոպայի ցամաքամասին մէջ կաթողիկէներուն թիւը նահանջ արձանագրած է, ուր համեմատութեամբ բնակչութեան աճ արձանագրած 1,3 միլիոն թիւին, մկրտեալներուն թիւը նուազած է :

Միշտ Ֆիտես լրատու գործակալութեան վիճակագրական տուեալներուն համաձայն աշխարհի մէջ քահանաներուն թիւը եւս նահանջ արձանգրած է: Աշխարհի քահանաներու թիւն է 414,949: Այս անգամ եւս քահանաներուն թիւը ամէնէն շատ նուազած է Եւրոպայի մէջ: Մինչ ափրիկէի եւ Ասիոյ մէջ քահանաներուն թիւը 1,181 աճ արձանգրած է :

Կրօնաւորներուն թիւը եւս նուազելով, անոնք այսօր աշխարհին մէջ կը հաշուեն 133,138 կրօնաւորներ: Ինչ կը հայի աշխարհին մէջ նորընծաներուն թիւին, համեմատութեամբ 2016 թուականին, ընդհանուր առմամբ աշխարհի մէջ անոնց թիւը նահանջ արձանագրած է:

Ֆիտես

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/10/2018, 11:31