Որոնել

Սուրբերու մրցավազքը Սուրբերու մրցավազքը 

«Սուրբերու մրցավազքը» ձեռնարկի ներկայացում։

Ձեռնարկին նպատակն է հանրութեան ուշադրութիւնը հրաւիրել «Ամենայն Սրբոց» տօնին ու անոր կարեւորութեան վրայ։

Չորեքշաբթի հոկտեմբեր 31-ին «Փալացցօ Փիօ» Վատիկանի հաղորդակցութեան շէնքի Մարքոնի անուան սրահին մէջ նախատեսուած է «Սուրբերու մրցավազքը» ձեռնարկի 11-րդ փուլի ներկայացումը։ Ձեռնարկը կազմակերպուած է «Տոն Պոսքոյի առաքելութիւնը աշխարհի մէջ» հաստատութեան կողմէ ու հովանաւորուած է Քահանայապետական Մշակոյթի ու Աշխարհականներու, Ընտանիքի եւ Կեանքի բաժանմունքներու կողմէ։

Ձեռնարկին նպատակն է հանրութեան ուշադրութիւնը հրաւիրել «Ամենայն Սրբոց» տօնին ու անոր կարեւորութեան վրայ։

Ամենայն Սրբոց տօնակատարութիւնը որ Լատին Եկեղեցին   կը յիշատակէ ամէն տարուայ նոյեմբեր մէկին, ծնունդ առած է Հռոմի մէջ՝ 1957-ին Աստուծոյ Ծառայ Հայր Կուլիելմօ Ճաքինթայի առաջարկով։ Սկզբնական շրջանին տօնը կը յիշատակուէր միայն Հռոմի մէջ ապա Իտալիոյ այլ քաղաքներու ու թեմերու մէջ, մինչ այժմ դարձած է Տիեզերական Եկեղեցւոյ ժառանգութիւն մը։

Հայր Կուլիելմօ Ճաքինթա եղած է նաեւ «Վասն սրբութեան շարժումի» հիմնադիրը։

Օրուան նպատակն է բոլորին ըսելու որ Աստուծոյ բարեկամութիւնը սահմանուած չէ միայն քիչերուն այլ յատկացուած է բոլորին։ Այդ օրը առիթ է նորոգելու ու բաժնեկցելու աւելի լաւ ու տարբեր աշխարհի մը երազը՝ ուր բոլոր մարդիկը միասին կ՛ապրին որպէս եղբայրներ։

Այդ օրը կ՛ուզէ համայն մարդկութեան հաղորդել թէ Աստուած մեզ կը սիրէ անհուն կերպով ու կը սպասէ միայն մեր պատասխանին՝ քալելու համար սրբութեան ճանապարհին վրայ։

Սրբութեան ու եղբայրութեան ճանապարհը կը պահանջէ բաժնեկցութիւն։ Սրբութեան պատգամը չի կրնար փակուած մնալ եկեղեցւոյ մը պատերու ներքոյ։ Կարիքը ունի դուրս ելլելու, հանդիպելու մարդոց ու կիներու, անոնց հետ քալելու ու բաժնեկցելու ուրախութեան ու տօնախմբութեան օր մը, ու սիրով նորոգուած աշխարհի մը երազը»։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/10/2018, 11:17