Ինտոնեզիայէն առնուած լուսանկար Ինտոնեզիայէն առնուած լուսանկար 

Միջազգային քարիթասի ահազանգը Ինտոնեզիոյ մէջ ողբերգական իրավիճակին ի տես:

Ինտոնեզիոյ մէջ երկրաշարժի եւ ծովաշարժի թիրախ քաղաքներուն մէջ առողջապահական իրավիճակը մտահոգիչ է:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Անցեալ 28 սեպտեմբերին, Ինտոնեզիոյ մէջ տեղի ունեցած երկրաշարժի եւ ծովաշարժի պատճառած զոհերուն թիւը հետզհետէ կ՝աճի: Մինչեւ այսօր արձանագրուած են 1944 մեռեալներ եւ աղէտի պատճառաւ տեղահան եղած են աւելի քան 7400 գաղթականներ, մինչ երկու գիւղեր ամբողջութեամբ քանդուած են :

Ինտոնեզիոյ ազգային բնական աղէտներուն գրասենեակի պատասխանատու՝ Վիլլեմ Ռափանճիլէի յայտարարութեամբ մը տեղեկացուց, որ աւերակներու տակ գտնուող վերապրողներու պեղումներուն աշխատանքները աւարտած են : Բնական աղէտէն ամէնէն շատ տուժուած են Փալու եւ Փեթոպօ քաղաքներուն բնակչութիւնը:

Ի տես Ինտնոնեզիոյ մէջ բնական աղէտի պատճառով ստեղծուած առողջապահական վատ իրավիճակին, միջազգային քարիթասը յայտարարութեամբ մը առաջնահերթ նկատած է  վերահաստատել երկրաշարժի թիրախ քաղաքներուն մէջ մաքուր ջուրի մատակարարումը, աղբերու եւ սեւ ջուրերու հաւաքելու ծառայութիւնը, դիտել տալով որ ապականած ջուրի պատճառաւ, կ՛աճի նաեւ հիւանդներուն թիւը, ինչ որ պատճառ կը դառնայ համաճարակ հիւանդութեան տարածումին, որուն մասնաւորապէս թիրախ են մանուկները:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/10/2018, 12:57