Տաթեւի Վանքը Տաթեւի Վանքը 

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ

Առիթ թէ պատահականութիւն

Առիթները ոմանք պատահականութեան հետ կը շփոթեն: Առիթները երբեք ալ պատահականութիւն չե՛ն, այլ՝ մեզի համար տնօրինուած պատեհութիւններ: Երբեմն ատոնք մեզի կու գան կեանքէն՝ հաւաքականութեան տնօրինումով, երբեմն անհատներէ, եւ մէկ անգամ ալ՝ Աստուծմէ:
Այո՛ անհեթեթութիւն չէ՛ սա: Աստուած մեր պաշտօնեան չէ՛ որ մեր պահանջած վայրկեանին, ու մեր ուզած ձեւով մեզի ծառայութիւն մատուցէ: Մեր մարդկային բոլոր ակնկալութիւնները համադրելու եւ առաջնահերթութիւնները դասաւորելու դժուարութիւն ունենալով, յաճախ զԱստուած կը գտնենք յանցաւոր, ըսելով թէ՝ առիթ չընծայեր մեզի, հասնելու մեր նպատակին, մեր փափաքներուն ու մեր երազներուն:
Մարդու կեանքին տարբեր հանգրուանները ուսումնասիրելով, յայտնի կը դառնայ, որ բազմաթի՜ւ առիթներու դէմ հանդիման կը գտնուի ան: ՝՝Առիթ՝՝ բառը պէտք է զանազանենք ՝՝բախտ՝՝ կոչուած երեւոյթէն, որ ամբողջութեամբ զուգադիպութիւն կը նկատուի:
Առիթը՝ պայմաններու բերումով, ճիշդ է՝ երբեմն անակնկալ կը տրուի մեզի, սակայն մի՛շտ հիմնաւորուած պատճառներ կամ ենթահող կ՛ունենայ: Իսկ բախտը՝ թռչունին, աննպատակ նետուած քարին զարնուելով վար իյնալու կացութեան կարելի է նմանեցնել, որու աւարտին, ո՛չ մէկ ճիգ թափած մարդը, ՝՝քաջ որսորդի՝՝ տիտղոսին կ՛արժանանայ:
Լսուած խօսք է, թէ Աստուած ամէն մարդու գէթ մէկ անգամ առիթ կու տայ: Այս ՝՝առիթը՝՝ կեանքի մէջ յաջողելու իմաստով պէտք է հասկնալ: Մնացեալը՝ այսինքն հոգեկան փրկութեան առիթները բազմաթիւ կերպերով ու միջոցներով կը կատարէ Ան, որպէսզի ոչ մէկ մեղաւոր կորսուի, այլ հասնի Իր երկնային թագաւորութեան:
Աստուծոյ պարգեւած վերոյիշեալ միակ առիթը ինչո՞ւ համար կը տրուի մարդուն: Կը տրուի, որպէսզի երբեք չ՛այպայնէ ո՛չ իր Արարիչը, եւ ո՛չ ալ իր նմանը, երբ մանաւանդ տեսնէ վերջինին յաջողակ կեանքը, կամ դիզած հարստութիւնը:
Քե՛զ ալ առիթ ընծայած է Աստուած, նախ՝ իմաստութիւն տալով, որպէսզի կեանքդ տնօրինես:
Աստուծոյ մարդոց տուած միակ առիթէն տարբեր, կեանքի մէջ մարդիկ բազմաթիւ առիթներ կը ստանան:
Երկրորդ առիթ անպայման տուր փափաքողներուն, սակայն ո՛չ երբեք երրորդը, որովհետեւ այնպէս ընելով դուն մարդկութեան դէմ քայլ առած պիտի ըլլաս, օժանդակելով որ քայքայուի մարդկային ընկերութիւնը, եւ զայն պիտի լեցնես իմաստուններուն վրայ խնդացած ըլլալու բաւարարութիւն զգացող տգէտ, խեղճ ու հասարակ մարդոցմով:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/10/2018, 07:48