Որոնել

Տաթեւի Վանք Տաթեւի Վանք 

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ

Ո՛չ Բացակայիր, Ո՛չ Ալ Կասկածիր:

Աւետարանին մէջ այնքան աչքի զարնող ու սրտամօտ հատուած մը կայ, որ պատճառ դարձած է մեր լեզուին մէջ նշանաւոր ասոյթի մը գործածութեան: Ո՞վ չէ լսած կամ չի գիտեր թէ ի՞նչ կը նշանակէ «Անհաւատ Թովմաս» կոչումը: Երբեմն Աստուածաշունչին հետ բարեկամութիւն չունեցող մարդիկ ալ գիտեն անոր իմաստը:

Սոյն ասոյթին տուն տուող դէպքը այն է, որ Յիսուսի յարութենէն ետք երբ աշակերտները մէկտեղուած էին տան մէջ, եւ նոյնիսկ դռները փակած էին հալածանքի վախէն, յանկարծ Յիսուս երեւցաւ անոնց մէջ, եւ ողջոյն տալէ ետք, իր մարմնին վրայի վէրքերը ցոյց տուաւ անոնց, փաստելու համար, թէ ճշմարտապէս ինքն է որ նոյն մարմնով յարութիւն առած է մեռելներէն: Բնականաբար աշակերտները նախ ուրուական մը կարծեցին իրենց երեւցող անձը, սակայն երբ տեսան խաչելութեան հետեւանքով իր ստացած վէրքերուն հետքերը, եւ մանաւանդ երբ Յիսուս իրենց հետ ընթրիքի նստաւ, վստահ գիտցան որ Ան իսկապէս յարութիւն առած է նոյն մարմնով:

Այս դէպքէն բացակայ էր Թովմաս առաքեալ: Երբ իրեն պատմեցին պատահածը, Թովմաս չհաւատաց: Երեւակայական դէպք մը թուեցաւ իրեն այն, ինչի մասին կը խօսէին իր աշակերտակիցները: Անոնց պնդումները, թէ՝ իսկապէս Տէրը տեսած էին, չբաւարարեցին իր հոգին, ու չգոհացուցին իր միտքը: Ուստի պնդելով պնդեց, թէ ինք պէտք է անպայման անձամբ տեսնէ այն անձը որուն մասին կը խօսին, ապա իր մատը դնէ անոր վէրքերուն վրայ, որպէսզի վստահ ըլլայ թէ Յիսո՛ւսն է ան, եւ այն ատեն ապահովաբար հաւատայ թէ ան իսկապէս յարութիւն առած է մեռելներէն:

Եւ չուշացաւ այդ պահը: Յաջորդ անգամ երբ դարձեալ հաւաքուած էին, Յիսուս եկաւ ու անոնց մէջտեղ կանգնեցաւ, ըստ սովորութեան ողջունեց ամէնքը, եւ Թովմասին դառնալով, ըսաւ որ գայ ու իր մատը դնէ իր վէրքերուն վրայ եւ ստուգէ իր ինքնութիւնը: Թովմաս անմիջապէս հաւատաց ու դաւանեցաւ զԻնք իբրեւ իր Տէրն ու Աստուածը: Սակայն Յիսուսի պատասխանը անոր տրուած՝ աւելի քան յանդիմանութիւն մըն էր: Որովհետեւ նոյն խօսքը իրմէ ետք ուղղուած է այն բոլոր անձերուն, որոնք թերահաւատութեամբ ու կասկածամտութեամբ կը նային Աւետարանի բարի լուրին: Թովմասին արտօնելէ ետք որ իր մարմնին վէրքերը ձեռնէ, Յիսուս ըսաւ. «Զիս տեսնելուդ համար հաւատացիր, չէ՞. երանի՜ անոնց՝ որոնք առանց զիս տեսնելու կը հաւատան»:

Կեանքի բոլոր մակարդակներու վրայ Թովմասներ կը գտնուին. ընտանիքներու մէջ, մեր առօրեայ զբաղումներու ընթացքին, ընկերային կեանքի մէջ, ամէնուրեք: Բայց Թովմասներ կը գտնուին նաեւ եկեղեցւոյ մէջ, ու մանաւանդ… անկէ դուրս:

Ամենէն հետաքրքրական պարագան, որ այս յօդուածին բուն նիւթը կը կազմէ ու բովանդակութիւնը կը կառուցանէ՝ եկեղեցիէն դուրս գտնուող Թովմասներն են:

Թովմաս առաքեալն ալ իր ընկերներուն հետ չէր. ուրիշ խօսքով՝ եկեղեցւոյ մէջ չէր երբ իր չհաւատալուն վրայ պնդեց: Այսինքն, ան որ բացակայ է, դիւրաւ կրնայ ժխտել, իր բացակայութեան ընթացքին պատահած դէպք մը: Մինչ՝ աչքով տեսած դէպքին մասին ժխտելը ստել պիտի ըլլայ: Թովմաս առաքեալի բացակայութիւնը կը խորհրդանշէ եկեղեցիէն մեր բացակայութիւնը, որուն հետեւանքով ամէն ինչ կասկածի տակ կ՛առնենք. Աստուծոյ գոյութիւնը, Որդիին մարդեղացումը, Սուրբ Հոգիին անսպառ շնորհաբաշխումը, մեր նմաններուն ունեցած հաւատքը երկնային իրականութեան մասին, եւ շատ մը այլ սրբութիւններ:

 Ամէնէն տկար դիրքն է այս՝ անհաւատ մարդուն համար. հեռու մնալ իրականութենէն եւ անգոյ նկատել այն ամէնը, զոր մեր աչքով չենք տեսած: Անջրպետին մէջ հաւանաբար կան նաեւ ա՛յլ արեգակնային դրութիւններ, որոնց լոյսը մեզի չէ հասած, ոչ ալ առ այժմ հնարաւորութիւն ունինք անոնց գոյութեան մասին տեղեկութիւն ստանալու: Սակայն կա՞յ գիտնական մը որ կը ժխտէ անոնց գոյութիւնը: Երբ չենք տեսած, չի՛ նշանակեր թէ անոնք չկան, կամ չեն կրնար գոյութիւն ունենալ: Լաւագոյնը պիտի ըլլար չխօսիլ այն բաներուն մասին, որոնց վրայ արժանահաւատ տեղեկութիւններ չունինք: Թովմաս առաքեալի սխալը կը կայանար ո՛չ այնքան չհաւատալուն, որքան իր տեսակէտը իբրեւ վերջնական հաստատում յայտարարելուն մէջ: Եթէ ան բացակայ չըլլար այդ օր, նման յայտարարութիւն մը պիտի չկատարէր, ո՛չ ալ կասկած պիտի յայտնէր Յիսուսի անձին վաւերականութեան մասին, մանաւանդ երբ տեսնէր որ իր բոլոր բարեկամները միասնաբար հաւատք կ՛արտայայտեն Յիսուսի անձին հանդէպ: Ուրիշ խօսքով, իր հաւատքը պիտի խթանուէր, տեսնելով ուրիշներու հաւատքին բորբ ապրումները:

Եկեղեցին, իբրեւ հաւատացեալներու ամբողջութիւնը, հաւատքի վառարան մըն է, ուր կը բորբոքի սէրը հանդէպ Քրիստոսի, եւ ուր հաւատացեալներու փոխադարձ փորձառութիւնը հաւատքի կեանքին մէջ՝ վարակիչ կը դառնայ ու եկեղեցին կը դարձնէ մէկ մարմին, Քրիստոսով միացած ու ամրապնդուած:

 Բացակայութիւնը եկեղեցիէն՝ հաւատացեալին դիմաց կասկածամտութեան դուռը կը բանայ: Չկա՞ն ծնողական աւանդութեան ճամբով քրիստոնէական մկրտութիւն ստացած անձեր, որոնց համար եկեղեցին մեռած ծէսերու եւ անկենդան աւանդութեան ժամադրավայր մըն է: Մարդիկ՝ որոնք եկեղեցւոյ պատերէն ներս վերջին անգամ իրենց մկրտութեան պահուն մտած են, թերեւս անգամ մըն ալ իրենց թաղման առիթով մտնեն: Եկեղեցւոյ կեանքէն բացակայ այս մարդիկը չեն գիտեր, թէ իրենց կասկածամտութեան առարկայ պէտք է դարձնեն նախ իրենց անձերը, եւ այն սահմանափակ գիտութիւնը զոր ունին Աստուծոյ ու անոր եկեղեցիին մասին:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/10/2018, 08:17