Որոնել

Խումբ մը նորընծաներու լուսանկար Խումբ մը նորընծաներու լուսանկար 

Արդե՞օք նոր կոչումներ կը գտնենք Հայ եկեղեցւոյ մէջ

Յիսուս ապահովեցուց մարդկութեան երկնային սկզբունքներ, բարոյական արժէքներ եւ սրբութիւններ: Այս Սիրոյ դպրոցը շարունակելու համար, Ան հաստատեց Եկեղեցին, կղեր եւ աշխարհական:

«Չկայ աւելի մեծ սէր, քան իր կեանքը զոհել բարեկամներուն համար». Յիսուսի խօսքը ուղղուած է բոլոր քրիստոնեաներուս, եկեղեցին մտահոգ է քահանայական կոչումներով:

Յիսուս ապահովեցուց մարդկութեան երկնային սկզբունքներ, բարոյական արժէքներ եւ սրբութիւններ: Այս Սիրոյ դպրոցը շարունակելու համար, Ան հաստատեց Եկեղեցին, կղեր եւ աշխարհական, եւ ըսաւ Անոնց. «Գացէք ուրեմն, աշակերտեցէք բոլոր ազգերը եւ մկրտեցէք զանոնք, յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ: Սորվեցուցէք անոնց պահել ինչ որ ես պատուիրեցի ձեզի եւ ես ահաւասիկ ձեզի հետ եմ անէն օր՝ մինչեւ աշխարհի կատարածը»:

Քրիստոնեաներս, կանչուած ենք սրբանալու, միանալու Քրիստոսի սրբութեան աղբիւրին. «Ով որ մնայ իմ մէջս ու ես անոր մէջ, ան շատ պտուղ կու տայ: Որովհետեւ առանց ինծի ոչինչ կրնաք ընել» (Յովհ 15,5): Մոլորեցնող վարդապետութիւններու դէմ, կը դառնանք ճշմարիտ առաքեալներ Սիրոյ Աւետարանին, որպէսզի ամէն բան բուրէ Քրիստոսի սէրը:

Կենսունակ անդամներ Եկեղեցւոյ, Անոր մէջ կ'աճինք իմաստութեամբ եւ հասակով եւ կ'ունենանք իրաւունքներ ու պարտականութիւններ: Անկէ կ'առնենք ու կու տանք, կ'ուսանինք ու կ'ուսուցանենք, կը սրբանանք ու կը սրբացնենք: Արդ «Պարգեւները թէպէտ զանազան են, սակայն Հոգին նոյնն է» (Ա. Կորն. 12, 4-5), «եթէ մարգարէութիւն է, կիրարկենք զայն համեմատաբար հաւատքին: Եթէ պաշտօն է՝ ծառայելով, եթէ վարդապետութիւն է՝ սորվեցնելով: Ով որ կու տայ, անհաշիւ թող տայ, ով որ կը նախագահէ՝ եռանդով» (Հռոմ 12, 6-8):

Մեր պաշտելի Փրկիչը, իր իմաստութեամբ, յանձնեց ոմանց կարողութիւնը շարունակելու ստեղծագործութիւնը Ս. ամուսնութեամբ: Ուրիշներուն Ան յանձնեց յատուկ առաքելութիւնը սորվեցնելու ժողովուրդին աւետարանական ճշմարտութիւնը, սրբացնելու Ս. Խորհուրդներով եւ առաջնորդելու դէպի Երկնաւոր Հայրը: Այսօր մինչ առաքելավայրերը կը բազմանան Մայր Հայրենիքին եւ սփիւռքի մէջ, նորընծաները կը պարպուին: Ո՞ւր են այդ սրբակենցաղ առաքեալները եւ ուրկ՞է հայթայթենք զանոնք:

Կ'ուզե՞նք ապահովել մեր սիրելի Հայ Ազգին երիտասարդութիւն մը, ոգեւորուած քաջ Վարդանով եւ սրբանուէր Հռիփսիմէով, կը փափաքի՞նք օժտել Եկեղեցին ի սէր սրբութիւններուն սուրբ ծնողներով, որոնց պարծանքը պիտի ըլլայ քրիստոնէական առաքինութիւնը. չմոռնանք պատրաստել, մեր ընտանիքներէն ներս, պարարտ հող ապագայ սուրբ, գիտուն, նուիրուած ու եռանդուն քահանայական կոչումներու:

Մանկութեան օրերէն սկսեալ, մեր զաւակները թող զգան, թէ քահանայութիւնը իրենց հոգիին համար է՝ ինչ որ շունչը: մարմնին: Թող քահանան դառնայ ընտանիքի անդամներէն մին, որ կը նուիրէ կեանքը անոնց համար եւ կ'ընկերանայ անոնց կեանքի բոլոր պարագաներուն եւ հանգրուաններուն:

Անոնց հետ միասին, ընտանեկան տաքուկ մթնոլորտին մէջ, աղօթենք քահանաներուն համար: Քաջալերենք զիրենք, երբ զգանք անոնց մէջ փափաքը քահանայութեան:

Աղօթենք սիրելիներ կոչումներուն համար Սուրբ Քահանաներ տեսնելու մեր առջեւ. Խնդրենք մեր սիրտը եկող Յիսուսէն, որ ընտանիքներէն ընտրէ Սուրբ, գիտուն, եռանդուն ու ուրախ առաքեալներ ու զանոնք ղրկէ իր հունձքին, Հայաստան եւ սփիւռքի տարածքին, կերտելու համար արդար ու եղբայրական մարդկութիւն մը ի փառս Ս. Երրորդութեան, Հայր, Որդի եւ Ս. Հոգի. Ամէն:

Հայր Գէորգ Եպիսկոպոս Ասատուրեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/10/2018, 08:15