Որոնել

Երանելի Հայր Թուլիօ եւ երանելի եղբայր Օպտուլիօ Երանելի Հայր Թուլիօ եւ երանելի եղբայր Օպտուլիօ 

Երանելի կը հռչակուին Հայր Թուլիօ եւ եղբայր Լուիս Օպտուլիոն:

Վերոնշեալ երկու մարտիրոսներուն երանացման դատը, Ֆրանչիսկեան միաբանութեան խնդրանքով սկզիզբ առած է Իտալիոյ Վենեթօ թեմին մէջ 30 յունուար 2006-ին

Շաբաթ, 27 հոկտեմբերին,Կուաթեմալայի Մորալես քաղաքին մայր տաճարին մէջ, Սուրբերու դատի կառավարիչ կարդինալ Անճելօ Պեչչուի գլխաւորած սուրբ պատարգի ընթացքին, Տիեզերական եկեղեցին կ՝ունենայ այլ երկու երանելիներ. Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասսիզացիի երրորդ կարգի միաբանութեան անդամ՝ հայր Թուլիօ Մարուցօ ու միեւնոյն միաբանութեան անդամ աշխարհական եղբայր Լուիս Օպտուլիօ Առոյօ Նավառոն:

Նորահռչակ երկու երանելիներուն հակիրճ կենսագրականը:

Հայր Թուլիօ Մարուցօ, աւազանի անունով Մարչելլօ, ծնած է Իտալիոյ Վիչենցա Քաղաքի Լափիօ գիւղաքաղաքին մէջ՝ 23 յուլիս 1929-ին: Ընդառաջելով քահանայ դառնալու Աստուծոյ կոչին՝ իր եղբօր հետ միասին կ՛անդամակցին Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասիզացցի երրորդ կարգի միաբանութեան՝ 15 յուլիս 1951-ին, ապա միասնաբար երկու եղբայրներ քահանայ կը ձեռնադրուին 21 յունիս 1953-ի ն:

1960 թուականի, Հայր Թուլիօ քահանայ ձեռնադրուելէ մի քանի տարի ետք, որպէս միսիոնար կ՝առաքուի Կուաթեմալա՝ բնիկ ժողովուրդներուն աւետարանումի առաքելութեամբ:

Ան աւետարանումի կողքին, բնիկ ժողովուրդները զինած է կրթական եւ մշակութային հոգեւոր եւ մտային զէնքերով՝ իրենց հողերն ու հայրենիքը, լատինաց արշաւանքէն փրկելու համար, անհրաժեշտութեան պարագային ՝ ինչպէս կը վկայեն իրեն ծանօթ մարդիկ, ինք եւս անձամբ պայքարած է այդ հոսանքին դէմ, աւետարանումի եւ ոչ դատապարտումի արարքներու միջոցաւ:

1 յուլիս 1981-ին, Լոս Ամաթես շրջանէն տուն վերադարձին ճանապարհին վրայ. խումբ մը ոճրագործներու կողմէ սպաննուած է ինք ու իր միաբանակից՝ հաւատարիմ ընկեր՝ Լուիս Օպտուլիօ Առոյօ Նաւառոն:

Յիշեալ երկու մարտիրոսներուն երանացման դատը, Ֆրանչիսկեան միաբանութեան խնդրանքով սկզիզբ առած են Իտալիոյ Վենեթօ թեմին մէջ՝ 30 յունուար 2006-ին եւ վերջ գտած են 2008-ին: 8 հոկտեմբեր 2017-ին, ֆրանչիսկոս Պապ, սուրբերու դատի ժողովին կ՝արտօնէ հրապարակել երկու մարտիրոսներուն երանացման հրամանագիրերը:

Եղբայր Լուիս Օպտուլիօ Առոյօ Նավառօ:

Լուիս Օպտուլիօ Առոյօ Նավառօ, Հայր Թուլիոյին հաւատարիմ ընկերը ծնած է Կուաթեմալա Կուիրկա քաղաք՝ 21 յունիս 1950-ին: Ան իր օրուան հացը կ՝ապահովէր, վարելով քաղաքապետարանի մէջ վարորդի պաշտօնը: 26 տարեկանին, որպէս աշխհարական անդամակցած է Ֆրանչիսկեան երրորդ կարգի միաբանութեան, ստանցնելով կրօնուսուցիչի պաշտօնը ժողովրդապետութիւններուն մէջ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/10/2018, 08:35