Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետը Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետը 

Արամ Ա. Կաթողիկոսի ձեռնադրութեան 50-ամեակի հանդիսաւոր նշում` Անթիլիասի մայրավանքին մէջ

Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ Ս. եւ անմահ պատարագ մատուցեց վեհափառ հայրապետը:

Կիրակի, 21 հոկտեմբեր 2018-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ժամանակակից պատմութեան մէջ կարեւոր օր մը դարձաւ, երբ մեր ժողովուրդը հանդիսաւոր կերպով իր յարգանքը մատուցեց Արամ Ա. կաթողիկոսին` իր ձեռնադրութեան 50-ամեակին առիթով: Յայտնենք, որ վեհափառ հայրապետը փափաքած էր, որ այս նշումը ըլլայ սահմանափակ, առանց թեմերու մասնակցութեան, կրօնական արարողութեան շրջագիծին մէջ: Սակայն, հակառակ այս իրողութեան, վեհափառ հայրապետին 50-ամեակի նշումը կատարուեցաւ արժանի յարգանքով: 50-ամեակի նշման ներկայ էին Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան եւ իր տիկինը, Լիբանանի նախագահի ներկայացուցիչ երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան, վարչապետի ներկայացուցիչ երեսփոխան Նազիհ Նաժըմ եւ խորհրդարանի նախագահի ներկայացուցիչ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, քրիստոնեայ համայնքապետերու ներկայացուցիչները, պետական նախարարներ, երեսփոխաններ, դեսպաններ, քաղաքական կուսակցութեանց ու կազմակերպութեանց ներկայացուցիչները, Հայաստանէն եկած նախարարներ, ազգային բարերարներ եւ մեր ժողովուրդի զաւակները:

Արդարեւ, 21 հոկտեմբեր 2018-ի առաւօտեան, Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ Ս. եւ անմահ պատարագ մատուցեց վեհափառ հայրապետը:

Վեհափառ հայրապետը օրուան պատգամը ուղղեց հայերէնով եւ ֆրանսերէնով: Իր պատգամին իբրեւ բնաբան վեհափառ հայրապետը ընտրած էր Քրիստոսի այն խօսքը, որ կ՛ըսէ, թէ «Ես աշխարհ եկայ ո՛չ թէ ծառայութիւն ստանալու, այլ ծառայելու» (Հմմտ. Մտ 20.28): Վեհափառ հայրապետը ընդհանուր գիծերով պարզեց ծառայութեան իմաստը քրիստոնէական տեսանկիւնէն դիտուած: Ան յիշեցուց, թէ եկեղեցին ինքզինք կ՛ըլլայ, իր հարազատ էութեամբ, ծառայութեան ճամբով, որովհետեւ եկեղեցին ո՛չ անշարժ կառոյց է եւ ո՛չ ալ զմռսուած մտածողութիւն, այլ ժողովուրդին գացող ծառայական առաքելութիւն է: Ապա, ան ըսաւ, թէ կեանքի դժուար պայմաններուն մէջ, անցնող 50 տարիներուն, յատկապէս իբրեւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ եւ ապա կաթողիկոս, փորձած է Քրիստոսի թելադրութեան հաւատարիմ ըլլալ իր ծառայական կեանքին մէջ: Ան յիշեց, որ ինք Ցեղասպանութեան վերապրողներու զաւակ է եւ հայ եկեղեցւոյ` Լիբանանի մէջ ծնած առաջին կաթողիկոսը:

Վեհափառ հայրապետը լայնօրէն անդրադարձաւ Լիբանանի կատարած օգնութեան Հայոց ցեղասպանութենէն ետք: Ան ըսաւ, որ Լիբանանի մէջ հայ համայնքը ո՛չ միայն շուտով ինքզինք վերակազմակերպեց, այլ նաեւ դարձաւ յառաջապահը հայ ժողովուրդի վերածննդեան ու սիրտը սփիւռքի հայութեան: Իբրեւ Լիբանանի եօթը գլխաւոր համայնքներէն մէկը, Լիբանանի հայութիւնը միշտ տէր է իր պարտաւորութիւններուն եւ իրաւունքներուն, շեշտեց վեհափառ հայրապետը:

Իր գնահատանքը յայտնելէ ետք Լիբանանի նախագահին, վարչապետին ու խորհրդարանի նախագահին,  վեհափառ հայրապետը յատուկ կերպով ողջունեց վարչապետի պաշտօնակատար Փաշինեանը` շեշտելով, որ հայրենի ժողովուրդի կամքին ու սպասումներուն թարգմանը ըլլալով` ան նոր էջ բացաւ Հայաստանի ներկայ ժամանակներու պատմութեան մէջ: Վեհափառ հայրապետը միաժամանակ վստահեցուց, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը պիտի շարունակէ վերանորոգ հաւատքով իր մասնակցութիւնը բերել Հայաստանի հզօրութեան ու ծաղկման աշխատանքներուն:

Իր պատգամի աւարտին, վեհափառ հայրապետը կոչ ուղղեց, որ Լիբանանի ու Հայաստանի միջեւ եղբայրական սերտ կապն ու գործակցութիւնը աւելի ամրապնդուին:

Պատարագէն ետք, վեհարանի դահլիճին մէջ, խօսք առաւ Ազգային կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Ստեփան Տէր Պետրոսեան եւ շեշտելէ ետք վեհափառ հայրապետին 50-ամեայ ծառայութեան կարեւորութիւնը մեր եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին, ինչպէս նաեւ Լիբանանի կեանքին մէջ, յաջորդաբար հրաւիրեց Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին ու պապին ներկայացուցիչները եւ ապա վարչապետի պաշտօնակատար Փաշինեանը` իրենց խօսքերը արտասանելու:

Նաթան արք. Յովհաննիսեան կարդաց Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի շնորհաւորական ուղերձը: Իր խօսքին մէջ, Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը կ՛ընդգծէ վեհափառ հայրապետին  յիսնամեայ ծառայութեան անկիւնադարձային փուլերը. «Դուք ջանացել էք արդիւնաւորել Աւետարանի կենարար խօսքի քարոզութիւնը եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան խնամքի ներքոյ գտնուող հայորդաց հոգեւոր հոգածութիւնը` վայելելով հոգեւոր դասի ու հաւատացեալների սէրն ու յարգանքը», ըսած է Ամենայն Հայոց կաթողիկոս ու աւելցուցած, որ  Արամ Ա. կաթողիկոս իր վաստակը ունի նաեւ հայ եկեղեցւոյ հոգեւոր ու ազգային կեանքին եւ միջեկեղեցական աշխարհին մէջ: Գարեգին Բ. կաթողիկոս իր ուղերձին մէջ կ՛ընդգծէ, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան առաքելութեան ծաւալուն աշխատանքին արդիւնքով նոր հորիզոններ բացուած են հայ եկեղեցւոյ առջեւ` պայծառացնելու աշխարհասփիւռ հայերու հոգեւոր կեանքը եւ հզօրացնելու անոր միասնականութիւնը. «Հաւատում ենք, որ միասնակամ գործակցութեամբ պիտի շարունակենք լուծման առաջնորդել հոգեւոր-եկեղեցական մեր անդաստանում առկայ մարտահրաւէրները», կ՛եզրափակէ ուղերձը:

Պապական նուիրակ Ճոզեֆ Սփիթերի կարդաց Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապին ուղերձը: Պապը իր խօսքին մէջ կը շնորհաւորէ վեհափառ հայրապետին քահանայական ձեռնադրութեան եւ օծման 50-ամեակը, եւ կ՛աղօթէ անոր քաջառողջութեան եւ երկարակեցութեան համար:

Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահին անունով խօսք առաւ երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան: Ան ըսաւ, թէ  այս առիթը իր մէջ կը պարփակէ ազատութեան, հաստատ սկզբունքներու եւ համակեցութեան պատգամները: Ան հանրապետութեան նախագահին անունով յայտարարեց, որ Լիբանանի ժողովուրդը մէկ է եւ միշտ իբրեւ մէկ ամբողջութիւն պիտի կանգնի` Լիբանանի յարութեան համար: «Դուք` Նորին Սրբութիւն եւ հայ համայնքը, կը կազմէք այս հայրենիքին ամէնէն կարեւոր բաղկացուցիչ տարրերէն մին», շեշտեց Քանաան:

Հանդիսութեան վերջին խօսքը արտասանեց Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան: Ան վեր առաւ վեհափառ հայրապետին եկեղեցանուէր, ազգանուէր ու ազգաշէն գործունէութիւնը եւ նշեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դերն ու դերակատարութիւնը Ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայութեան կեանքի վերակազմակերպման առաքելութեան մէջ: «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը սփիւռքի առաքելական հայերի մի մեծ հատուածի հոգեւոր կեդրոնն է, եկեղեցական եւ կրօնական աւանդոյթների պահպանման ու հարստացման իւրայատուկ դարբնոցը: Անթիլիասը հազարաւոր հայերի սրտում է: Շնորհակալ ենք, որ այս պատերի ներքոյ տարիներ ի վեր փայփայուել են մեր ազգային ինքնութիւնը, մշակութային արժէքները, խրախուսուել ազգապահպանութեան ծրագրերը», ըսաւ վարչապետի պաշտօնակատարը: Ան ընդգծեց, որ լիբանանահայ գաղութը ընդհանրապէս եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան աթոռը յատկապէս իրենց ներդրումը ունեցած են  Լիբանանի վերելքին:

Ան կարեւորութեամբ շեշտեց վեհափառ հայրապետին տարած աշխատանքը` Հայոց ցեղասպանութեան արդար հատուցման ապահովման նպատակով եւ նշեց. «Մենք հիացած ենք Ձեր ստեղծագործ եւ լայնածաւալ աշխատանքով, որի արդիւնքում յաջողութեամբ կերտում էք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ նրա սփիւռքեան թեմերի ու թեմական կառոյցների երէկուայ ու այսօրուայ պատմութիւնը», ու աւելցուց, որ անժխտելի է վեհափառ հայրապետին օրհնութեան եւ իմաստուն խօսքի ազդեցութիւնը ազգային կեանքին, հայոց պետականաշինութեան եւ համազգային առաջնահերթութիւններու իրականացման հոլովոյթին մէջ: Ան նաեւ շեշտեց վեհափառ հայրապետին միջեկեղեցական ոլորտին մէջ եւ միջազգային գետնի վրայ ունեցած գործունէութիւնն ու համբաւը:

Փաշինեան նաեւ վեր առաւ Լիբանանի ապահովութեան եւ կայունութեան պահպանման կարեւորութիւնը եւ ընդգծեց Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հոլովոյթին մէջ Հայաստան-սփիւռք փոխադարձ գործակցութեան մէջ վեհափառ հայրապետին ջանքերը:

Փաշինեան իր խօսքը եզրափակեց ըսելով. «Երախտապարտ ենք, որ Դուք ձեր ականաւոր գիտնականի, հայագէտի եւ կրօնագէտի իմաստութիւնը միահիւսելով Ձեր անհուն հայրենասիրութեանն ու մշտական ծառայութեանը` շուրջ կէս դար Ձեր սրբազան առաքելութիւնն էք կատարում առ Աստուած, առ Հայաստանեայց առաքելական սուրբ եկեղեցին եւ առ հայրենիք»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/10/2018, 08:05