Չմմառու Վանք Չմմառու Վանք 

Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան փոխանորդի այցելութիւնը Հայաստան

Պատրիարքական Փոխանորդին հովուական այցելութեան առաջին հանգրուանը եղաւ Երեւան

Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութիւնը իր հիմնադրութեան օրէն՝ նուիրուեցաւ հայ ժողովուրդին ծառայութեան և իր բաժինը բերաւ հոգեւոր սնունդ մատակարարելով Մայր Հայրենիքի և Սփիւռքի Կաթողիկէ Հայոց: Առ այս՝ Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան Փոխանորդ՝ Հ. Գաբրիէլ Թ.Ծ.Վ. Մուրատեան, Միաբանութեան կանոնագրի 114 Յօդուածի ոգիէն մեկնելով, որ կ'ըսէ. «Պատրիարքական Փոխանորդը ըստ հնարաւորին իր պաշտօնավարութեան շրջանին մէջ գոնէ մէկ անգամ այցի կ'երթայ առաքելութեան մէջ գործող միաբաններուն», Շաբաթ 15 Սեպտեմբեր 2018-ին, մեկնեցաւ Հայաստան, ուր հանդիպումներ ունեցաւ թեմակալ եպիկոպոսին, միաբան հայրերուն և յատկապէս առաքելավայրերու մէջ նոր նշանակուած միաբան վարդապետներուն հետ:

Պատրիարքական Փոխանորդին հովուական այցելութեան առաջին հանգրուանը եղաւ Երեւան՝ Քանաքեռ շրջանի Հայ Կաթողիկէ կեդրոնատեղին: Այնտեղ Պատրիարքական Փոխանորդին դիմաւորեցին Արեւելեան Եւրոպայի և Հայաստանի Հայ Կաթողիկէ Թեմի Առաջնորդ՝ Արհի. Հ. Ռաֆայէլ Արք. Մինասեան, Արհի. Հ. Նշան Արք. Գարաքէհէյեան, դպրեվանքի տեսուչ և Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան անդամ՝ Հ. Մաշտոց Վրդ. Զահթէրեան, Ս. Գրիգոր Նարեկացի եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Տէր Կոմիտաս Քհն. Տաւէյեան, ինչպէս նաեւ Հ. Նարեկ Վրդ. Մնոյեան:
Հ. Գաբրիէլ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ և Գերերջանիկ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքի ողջոյնները և զօրակցութիւնը փոխանցեց ամենուն. Այնուհետեւ Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան և Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսաստանի և Արեւելեան Եւրոպայի Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդութեան միջեւ փոխադարձ համագործակցութեան համաձայնգիր մը ստորագրուեցաւ: Ապա Առաջնորդ Հօր ընկերակցութեամբ, Պատրիարքական Փոխանորդը այցելութիւն տուաւ դպրեվանք ու մօտէն հետեւեցաւ անոր նորոգման ծրագրին:
Կիրակի 16 Սեպտեմբեր 2018-ին, Պատրիարքական Փոխանորդին յաջորդ կայանը հանդիսացաւ Գիւմրի քաղաքը, ուր զինք դիմաւորեցին տեղւոյն հոգեւոր դասը: Մեծաւոր Հայրը Խաչվերացի տօնին առիթով՝ Սուրբ և անմահ պատարագ մատուցանեց Գիւմրիի Հայ Կաթողիկէ Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյն մէջ, հաւատացեալներու հոծ բազմութեան ներկայութեան: 
Պատրիարքական Փոխանորդին այցելութեան յաջորդ հանգրուանը եղաւ Արփենի և Հովտուն գիւղերը, ուր զինք դիմաւորեց շրջանի ժողովրդապետ և Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան անդամ՝ Հ. Եղիա Վրդ. Դերձակեան և շրջանի հաւատացեալ ժողովուրդը: Ան մօտէն ծանօթալով տեղւոյն իրավիճակին, այնտեղ տարուած աշխատանքներուն և դիմագրաւած դժուարութիւններուն, իր խորին գոհունակութիւնը յայտնեց Հ. Եղիային կատարած աշխատանքներուն համար ի գին ամէն զոհողութեան և հովուական հանդիպում ունեցաւ համայնքի զաւակներուն հետ: Այս առթիւ՝ Հ. Գաբրիէլ տեղւոյն ժողովուրդին խոստացաւ թէ Զմմառու Միաբանութիւնը, կամօքն Աստուծոյ մօտ ապագային պիտի սատարէ շրջանի համայնքին վերականգման նուիրական աշխատանքին:
Կիրակի երեկոյեան Առաջնորդ Հօր և միաբան Հայրերու հետ միասին Մեծաւոր Հայրը ներկայ գտնուեցաւ Հայաստանի անկախութեան տօնին նուիրուած մշակութային համերգին, որու ընթացքին Հ. Մաշտոց Վրդ. Զահթէրեան խօսք առնելով բարի գալուստ մաղթեց Մեծաւոր Հօր և յանուն Հայ Կաթողիկէ համայնքին յուշանուէր յանձնեց անոր: Այս առթիւ Պատրիարքական Փոխանորդը իր կարգին սրտի խօսք արտասանեց, և բարձր գնահատեց համերգին յաջողութիւնը և անոր բարեգործական վսեմ նպատակը, շեշտը դնելով ազգային միասնականութեան գաղափարին և անկախութեան իսկական իմաստին վրայ. Իր խօսքի աւարտին շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Հօր և Հայր Մաշտոցին, ապա իր հայրական խրատներն ու օրհնութիւնները փոխանցեց հանդիսականներուն:
Երեքշաբթի, 18 Սեպտեմբեր 2018-ին, Առաջնորդ Հօր ընկերակցութեամբ, Հ. Գաբրիէլ այցելութիւն տուաւ հիւսիսային Հայաստանի Տաշիր Քաղաքը: Այնտեղ ջերմ ընդունելութիւն գտաւ տեղւոյն ժողովրդապետ՝ Հ. Ներսէս Վրդ. Գալստեանի կողմէ, և յաջորդական այցելութիւններ տուաւ շրջանի եկեղեցւոյ և ժողովրդապետութեան: Ապա հիւրը եղաւ Տաշիրի քաղաքապետին, որուն հետ, Առաջնորդ Հօր և ժողովրդապետին ներկայութեան քննարկեց կրօնական և մշակութային զանազան հարցեր: 
Յիշատակութեան արժանի է՝ թէ Հ. Գաբրիէլ այս առթիւ խորհրդանշական այցելութիւն տուաւ Մեծաւան (Շահնազար) գիւղ, որու ընթացքին այցելեց տեղւոյն պատմական Վերի Վանքը և Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան կալուածը, և իր գնահատանքը յայտնեց մասնաւորապէս Վերի Վանքի վերանորոգման համար: 
Մայր Հայաստան հովուական այցելութեան աւարտին՝ Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան Փոխանորդ և վանքի Մեծաւորը ցանկութիւն յայտնեց, որ Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութիւնը աւելի մօտէն և սերտօրէն ուսումնասիրէ Հայաստանի Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդ Հօր հետ համագործակցութեան հետեւողականութիւնը և ամուր հիմերու վրայ պահեն զայն, որպէսզի աւելի եւս աշխուժանայ և արդիւնաւորուի միաբան հայրերուն հովուական ծառայութիւնը: Առ այս՝ գոհունակութիւն յայտնեց, որ Զմմառու միաբանները, աշխարհիս որ անկիւնը որ գտնուին անսակարկ նուիրումով կը ծառայեն ի սպաս Ս. Եկեղեցւոյ և Ազգին:

Դիւան Զմմառու Մայրավանքի

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/09/2018, 15:24