Որոնել

Առաքելական Ճամբորդութիւն Էսթոնիա Առաքելական Ճամբորդութիւն Էսթոնիա 

Էսթոնիայի մէջ աղօթքի եւ ծոմապահութեան օր՝ ի պատրաստութիւն Քահանայապետի այցին։

Նախապատրաստական ձեռնարկներու շարքին է նաեւ Թալլինի համալսարանի մէջ նախատեսուած բանավէճը՝ Ֆրանչիսկոս Պապին համաշխարհային առաջնորդի դերի մասին

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Էսթոնիայի Թալլին քաղաք ժամանելէն (25 սեպտեմբերին) գրեթէ մէկ ամիս առաջ, Էսթոնիայի կաթողիկէ Եկեղեցին մէկ սեպտեմբերը հռչակած է աղօթքի եւ ծոմապահութեան օր, առ ի պատրաստութիւնն Ֆրանչիսկոս Պապին  պատմական այցելութեան։

Լուրը հաղորդուած է  Էսթոնիայի կաթողիկէ Եկեղեցւոյ կայքէջի միջոցաւ, ուր եւ հրաւէր ուղղուած է բոլոր կաթողիկէներուն «աղօթքով եւ ծոմ պահելով հոգեւորապէս պատրաստուելու այդ պատմական եղելութեան», Էսթոնիայի Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ այդ իւրայատուկ օրուան, որպէսզի «այդ այցելութեան պտուղները գոյատեւեն սրտերու ու հոգիներու մէջ» նշուած է միշտ վերոյիշեալ կայքին մէջ։

Նախապատրաստական ձեռնարկներու շարքին է նաեւ Թալլինի համալսարանի մէջ նախատեսուած  բանավէճը՝ Ֆրանչիսկոս Պապին  համաշխարհային առաջնորդի դերի մասին, որ տեղի կ՛ունենայ 3 սեպտեմբեր 2018-ին եւ որուն առթիւ բացումը կը կատարուի նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապին նուիրուած շրջուն ցուցահանդէսին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/09/2018, 10:02