Կիրակնօրեայ Աւետարանը Կիրակնօրեայ Աւետարանը  

Կիրակնօրեայ Աւետարանը – Յիսուս խուլ ու համր մարդ մը կը բժշկէ

Ապա երկինք նայելով՝ հառաչեց ու ըսաւ անոր. «Եփփաթա», (որ ըսել է Բացուէ՛.)

 (Մարկոս 7, 31-37)

31 Նորէն Տիւրոսի ու Սիդոնի սահմաններէն ելլելով, գնաց Գալիլիայի ծովեզերքը, Դեկապոլիսի սահմաններուն մէջէն։ 32 Մէկը բերին անոր առջեւ, խուլ ու դժուարախօս ու կ’աղաչէին որ անոր վրայ ձեռք դնէ։ 33 Ժողովուրդէն մէկդի առնելով զանիկա, իր մատները անոր ականջներուն մէջ խոթեց ու թքաւ, եւ անոր լեզուին դպաւ, 34 Ապա երկինք նայելով՝ հառաչեց ու ըսաւ անոր. «Եփփաթա», (որ ըսել է Բացուէ՛.) 35 Եւ իսկոյն անոր ականջները բացուեցան ու անոր լեզուին կապը քակուեցաւ եւ շիտակ կը խօսէր։ 36 Յիսուս անոնց պատուիրեց որ մարդո՛ւ չըսեն։ Թէեւ ինք կը պատուիրէր անոնց, բայց անոնք ա՛լ աւելի կը տարածէին 37 Ու չափէ դուրս կը զարմանային ու կ’ըսէին. «Ամէն բաները աղէկ ըրաւ ասիկա, որ խուլերուն լսել կու տայ եւ համրերուն՝ խօսիլ»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/09/2018, 09:22