Որոնել

Խաչեալ Յիսուսը Խաչեալ Յիսուսը 

Հպարտանանք մեր խաչով

Խաչը՝ որ կը ներկայացնէր խաչուած Քրիստոսը, հրեաներուն համար նկատուեցաւ գայթակղութիւն, իսկ հեթանոսներուն համար՝ յիմարութիւն։

Խաչը խորհրդանիշն է ու միջոցը մարդոց փրկութեան։

Քրիստոսի փրկչագործական խաչելութեամբ է որ չարը պարտուեցաւ եւ մարդկութիւնը ազատեցաւ անոր գերութենէն։
Խաչը՝ ամօթալիօրէն, որպէս գործիք կը գործածուէր մահապարտներու կեանքին վերջ տալու, սակայն ան դարձաւ փրկագործութեան միջոց, մարդկութիւնը մահէն դէպի նոր կեանք փոխադրելով։ Արդարեւ, հռոմէական հասկացողութեամբ խաչը մահուան խորհրդանիշ ու միջոց էր, իսկ Քրիստոսի յաղթական յարութեամբ՝ ան դարձաւ կեանքի աղբիւր եւ եղաւ գրաւականը անդենական ու երկնային կեանքի ժառանգութեան համար։
Խաչը՝ որ կը ներկայացնէր խաչուած Քրիստոսը, հրեաներուն համար նկատուեցաւ գայթակղութիւն, իսկ հեթանոսներուն համար՝ յիմարութիւն։
Քրիստոնեաներուն համար Խաչը եղաւ մարդկութիւնը մահուընէ դէպի կեանք առաջնորդող կամուրջը, որ կը կերպարանափոխէ հին մարդը՝ անոր տալով աստուածային լուսաւոր զգեստը եւ զինք առաջնորդելով դէպի Քրիստոնեայ հաւատքը։
Մեղքի պատճառով կը հեռանանք Աստուծմէ, կը հեռանանք լոյսէն եւ խաւարին մէջ կը գալարուինք՝ մեղքի ծանրութիւնը մեր ուսերուն։
Սուրբ Խաչին հանդէպ իր ունեցած ջերմեռանդութեան համար՝ Հայ ժողովուրդը կոչուած է նաեւ Խաչապաշտ։ Պատմական Հայաստանի աշխարհագրական դիրքը եւ այլակրօն պետութիւններէ շրջապատուած ըլլալը՝ Հայ ազգը աւելի ու աւելի կապած է Խաչին, որ դարձաւ անոր միակ ապաւէնը արհաւիրքներուն դիմաց։ Խաչը շաղախուած է հայու գիտակցութեան մէջ, դառնալով կենսաբաշխ աղբիւր, որ յագեցուցած է բոլոր անոնք որոնք դիմած են անոր, ապաւինած անոր հովանաւորութեան ու պաշտպանութեան։
Հայոց համար՝ Սուրբ Խաչը կը հանդիսանայ խաւարը լուսաւորող աստղ յատկապէս ամէն անգամ որ պատմութեան ընթացքին խաւարի եւ մշտատեւ վտանգի ենթարկուած է հայ ժողովուրդին գոյութիւնը։ Խաչին ապաւինելով Հայը յաղթահարած է ամէն արհաւիրք՝ որ վտանգած է հայ ժողովուրդին գոյութիւնը։ Զուր տեղ չէ որ ան Սուրբ Խաչին իր հաւատարմութեան վկայութիւնը տուած է միշտ եւ ամենուրեք։
 

Հայր Գէորրգ Եպիսկոպոս Ասատուրեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/09/2018, 08:41