Որոնել

Սուրբ Պետրոսի  գմբէթը Սուրբ Պետրոսի գմբէթը  

Եկեղեցին Սուրբ...եւ մեղաւոր։ Գերյ Գեորգ Ծ. Վ. Զապարեանի խորհրդածութիւնը

Եկեղեցին միաժամանակ մեղաւոր է՝ իր Հիմնադիրին պատուիրած ճամբէն շեղող հետեւորդներուն պատճառով:

Եկեղեցին կը բնութագրուի իբրեւ սուրբ եւ մեղապարտ, միանգամայն:

Այս Քրիստոսահիմն Հաստատութիւնը սուրբ է շնորհիւ զինք հիմնող Աստուածորդիին՝ ակնաղբիւրը սրբութեան: Քրիստոսի այս Խորհրդական Մարմինը սուրբ է, նաեւ, շնորհիւ իր սրբակենցաղ անդամներուն, որոնք հետեւելով իրենց աստուածային Վարդապետին՝ սուրբ Խորհուրդներուն միջոցով միացած կը մնան Անոր:

Եկեղեցին միաժամանակ մեղաւոր է՝ իր Հիմնադիրին պատուիրած ճամբէն շեղող հետեւորդներուն պատճառով:

Այս կրկնակ երեւոյթը ի յայտ եկաւ Վատիկանեան Երկրորդ Ս. ժողովին. «Մինչ Քրիստոս, սուրբ, անմեղ եւ անարատ է, մեղքը չճանչցաւ ու եկաւ՝ միայն քաւելու համար ժողովուրդին մեղքերը. Եկեղեցին իր ծոցին մէջ կը կրէ նաեւ մեղաւորներ, միանգամայն թէ' սուրբ ըլլալով եւ թէ' միշտ կարօտ մաքրութեան. որով չի' թողլքեր երբեք ապաշխարանքի եւ վերանորոգումի ճիգը» (Լոյս Ազգաց, 8):

Չկորսնցնելու համար մեր տեսադաշտէն սրբութեան ու մեղաւորութեան այս կրկնակ իրողութիւնը, ի մասնաւորի մեր օրերուն՝ երբ հոգեւոր պաշտօնեաներուն երեւան եկած գայթակղութիւնները կը վխտան, դաւաճանութիւնները իրարու կը յաջորդեն, եւ խծբծանքները իրար կը հրմշտկեն, Եկեղեցին, գիտակից մնալով զինք բնորոշող այս հակադրութեան՝ կը շարունակէ կատարել իր անփոխարինելի առաքելութիւնը, մասնաւորապէս իր Հիմնադիրին աշխարհ բերած փրկչագործութիւնը՝ առանց երբեք մոռնալու՝ սրբութեամբ եւ մեղաւորութեամբ ընդխառնուած իր վիճակը:

Արդարեւ, մէկ կողմէ, ամէն սուրբ Զոհին սկիզբը, յանձին պատարագիչ քահանային, ինքզինք մեղաւոր կը նկատէ ու ներում կը հայցէ իր գործած յանցանքներուն համար. «Խոստովանիմ առաջի Աստուծոյ եւ սրբուհւոյ Աստուածածնին եւ առաջի ամենայն սրբոց....զամենայն մեղս  զորս  գործեալ եմ... Մեղայ խորհրդով, բանիւ եւ գործով եւ ամենայն մեղօք՝ զոր գործեն մարդիկ: Աղաչեմ զձեզ՝ խնդրեցէք վասն իմ յԱստուծոյ զթողութիւն»: Իսկ, միւս կողմէն, Աստուածային ծիսակատարութեան ժամանակ, սուրբգրային ընթերցումներէն ետք՝ յանձինս հաւատացեալներուն, իր հաւատքը կը հռչակէ. «Հաւատամք ի մի միայն ընդհանրական եւ առաքելական Սուրբ Եկեղեցի»:

Տասնեակ տարիներէ ի վեր, Եկեղեցին հարկադրուած է զինք արատաւորող մեղքին իրազեկ ըլլալու, յատկապէս, իր ծոցին մէջ, հովուական առաքելութիւն ստանձնող կարգ մը հոգեւոր պաշտօնեաներուն գործած սեռային ոճիրներուն՝ անչափահասներուն անմեղութիւնը խլելով, անոնց կեանքը քանդելով եւ անոնց հաւատքը սասանելով:

Բազմաթիւ մանկապղծութեան արարքներ գործուած ու փաստուած են, բայց քողարկուած, հովանաւորուած կամ անփութօրէն թողլքուած են: Անոնց զոհերը տառապած են ու տակաւին կը տառապին՝ ջանալով ամէն գնով դարմանել իրենց հոգեվիճակը եւ սպիացնել իրենց վէրքերը:

Իր կարգին, Եկեղեցին, իր մեղաւոր անդամներով, կը հետամտի յարատեւօրէն  մաքրազտուիլ, հատուցանել եւ ներում հայցել. իսկ, իր սուրբ Գլուխով, կը շարունակէ մնալ յաւիտենական փրկութեան առանձնաշնորհեալ լաստը՝ Քրիստոսի անստուեր խօսքին համաձայն. «Դժոխքի դռները պիտի չյաղթահարեն» (Մատթէոս 16,18):

Քրիստոս Աստուած մեր, Դո'ւն որ «Մեղապարտ ազգէն Լուսաւորիչ մեզ շնորհեցեր», մեղքի թողութիւն պարգեւէ մեզի մեղաւորներուս, որպէսզի մեղսաթաթաւ մեր կեանքը  մաքրազտենք ու սրբութեամբ ապրինք՝ քու հիմնած Եկեղեցիդ սրբութեան փայլով պայծառացնելու համար:

Հ. Գ. Զ.

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/09/2018, 08:32