Եւրոպայի Եպիսկոպոսական համահաւաք դասերու խորհուրդ Եւրոպայի Եպիսկոպոսական համահաւաք դասերու խորհուրդ 

Եւրոպայի եպիսկոպոսներուն տարեկան հաւաքը Լեհաստանի մէջ։

Հաւաքին գլխաւոր ու կեդրոնական նիւթը պիտի ըլլայ «զօրակցութիւնը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

13 – 16 սեպտեմբեր 2018-ին, Եւրոպայի Եպիսկոպոսական համահաւաք դասերու խորհուրդը իր տարեկան ընդհանուր ժողովը կը գումարէ Լեհաստանի Փոզնան քաղաքին մէջ, որպէս գլխաւոր ու կեդրոնական  նիւթ ունենալով «զօրակցութիւնը»։ Այս առթիւ եպիսկոպոսները առիթը պիտի ունենան հանդիպելու նաեւ Լեհաստանի նախագահ Անտրէյ Տուտայի հետ։

Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետին ծննդավայր՝ Լեհաստանի մէջ տեղի ունենալիք վերոնշեալ հաւաքը, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Եւրոպական ցամաքամասի 45 երկիրներ ներկայացնող եպիսկոպոսական դասերու նախագահներ, առիթ կը հանդիսանայ նաեւ տօնախմբելու Լեհաստանի անկախութեան ձեռքբերումին 100 ամեակը եւ Փոզնան քաղաքի թեմին հաստատման 1050 ամեակը։

Հաւաքի ընթացքին, ինչպէս նշեցինք, եպիսկոպոսները պիտի զեկուցեն Եւրոպայի մէջ զօրակցութեան նիւթի մասին ու այս ծիրէն ներս եկեղեցւոյ առաքելութեան մասին, ինչպէս նաեւ զանազան պետութիւններու ու եպիսկոպոսական համահաւաք դասերու միջեւ կապերու մասին։ Հաւաքի ընթացքին նախատեսուած է նաեւ Վատիկանի «Մարդկային համապարփակ զարգացումի» բաժանմունքի քարտուղար՝ Գերապայծառ Պրունօ Մարի Տիւֆֆէյի բաժանմունքի գործունէութեան հայող ելոյթը։

Եւրոպայի Եպիսկոպոսական համահաւաք դասերու խորհուրդի ընդհանուր ժողովի բացման արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն լեհացի եկեղեցական ու քաղաքական իշխանութիւններ ու քրիստոնեայ այլ եկեղեցիներու պատասխանատուներ։

15 սեպտեմբերին աշխատանքային նիստերուն իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Լեհաստանի նախագահը՝ Անտրէյ Տուտան։

Ընդհանուր ժողովը իր աշխատանքները կ՛եզրափակէ կիրակի 16 սեպտեմբերին Փոզնանի Սուրբ Պետրոս եւ Սուրբ Պօղոս աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած սուրբ պատարագով։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/09/2018, 08:50