Որոնել

Գերապայծառ Հէքիմեանի եպիսկոպոսական  ձեռնադրութեան արարողութիւն Գերապայծառ Հէքիմեանի եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան արարողութիւն 

«Եպիսկոպոսութիւնը նախ եւ առաջ ծառայութիւն է». Գրիգոր Պետրոս Ի։

Գերապայծառ Հէքիմեան եպիսկոպոսութիւնը նկատեց պատիւ ու միեւնոյն ատեն հրաւէր անձնուիրումի ու անձնազոհութեան։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ 29 սեպտեմբեր 2018-ին, Հռոմի Քահանայապետական Լեւոնեան Վարժարանի Սուրբ Նիկողայոս Թոլենթինոյի անուան եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ  Գերապայծառ  Պօղոս Հէքիմեանի եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան արարողութիւնը զոր գլխաւորեց Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարք՝ Գրիգոր Պետրոս Ի, ի ներկայութեան Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի կառավարիչ՝ Կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրիի, Հայ Կաթողիկէ եպիսկոպոսներու, քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչներու, Արժանթինի հայ կաթողիկէ կղերական դասի մէկ պատուիրակութեան, քահանաներու, մայրապետներու, Սուրբ Աթոռի մօտ ՀՀ դեսպանի ներկայացուցիչը ու հայ ու օտար հաւատացեալներու։

Ունկնդրէ լուրը

Յաւարտ Սուրբ Պատարագին Ամենապատիւ եւ գերերջանիկ Հոգեւոր Տէր՝ Գրիգոր Պետրոս Ի իր սրտին խօսքը ուղղեց նորօծ եպիսկոպոսին անոր յիշեցնելով թէ «եպիսկոպոսութիւնը նախ եւ առաջ ծառայութիւն է, իշխանութիւն չէ» ապա քաջալերեց զինք յառաջ տանելու իրեն յանձնուած այդ առաքելութիւնը ի փառս Աստուծոյ եւ ի նպաստ հայ ազգին եւ հայ եկեղեցւոյ։

Խօսք առաւ նաեւ Արեւելեան Եկեղեցիներուն Ժողովի կառավարիչ Կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրին որ իր կարգին շնորհաւորեց նորօծ եպիսկոպոսը անոր մաղթելով բեղուն առաքելութիւն, ապա Արհիապատիւ գերապայծառ Հէքիմեան իր պատգամը ուղղեց ներկաներուն շնորհակալական խօսքեր արտայայտելով նախ եւ առաջ Աստուծոյ՝ իրեն պարգեւած շնորհքներուն համար, ապա իր ծնողքին՝ «որոնք երկինքէն այսօր մասնակից դարձան այս արարողութեան», հուսկ հայ կաթողիկէ թեմին ու բոլոր անոնց որոնք իրեն ընկերացան իր քահանայական 37 տարուայ ծառայութեան ընթացքին։ Ան իր խօսքին մէջ՝ ի մէջ այլոց նշեց թէ եպիսկոպոս ըլլալ կը նշանակէ ըլլալ Յիսուսին տասներկու աշակերտներուն յաջորդը ու նաեւ անոնց հետեւորդը, առ այդ՝ աւելցուց գերապայծառ Հէքիմեան,  «ասիկա պատիւ է, որովհետեւ Տէրը կամեցաւ ինձ կոչել այս ծանր պարտականութեան, սակայն միեւնոյն ատեն հրաւէր է՝ անձնուիրումի ու անձնազոհութեան մինչեւ կեանքի պարգեւը, եղբայրներուն ու Աստուծոյ համար, նման Յիսուսին աշակերտներուն որոնք հակառակ կրած հալածանքներուն ու չարչարանքներուն  յանդուգն կերպով պաշտպանեցին իրենց հաւատքը ու Յիսուսի սիրոյն համար յանձն առին նոյնիսկ մահը։

Նորօծ եպիսկոպոսը, Կարդինալ Սանտրիին, Հոգեւոր Տիրոջ, եւ պատարագի առընթերակայ՝ գերապայծառ Ասատուրեանի եւ գերապայծառ Պօղոսեանի հետ միասին ներկաներուն շնորհեցին օրհնութիւնը, վերջ տալով արարողութեան որուն աւարտին Լեւոնեան Վարժարանի ներքնափակին մէջ տեղի ունեցաւ կոկիկ հիւրասիրութիւն։ 

 

Ձեռնադրութեան արարողութիւնը

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/09/2018, 09:42