Որոնել

Մարիամի ծնողքը Յովակիմ եւ Աննա Մարիամի ծնողքը Յովակիմ եւ Աննա 

Ծնունդ Սրբոյ Կուսին Մարիամու Աստուածածնի։

Սուրբ Կոյս Մարիամը «Ուխտի Զաւակ» մըն էր, որովհետեւ ան ծնած էր իր ծնողաց կատարած ուխտին ի պատասխան

Սեպտեմբերի 8-ին քրիստոնեայ բոլոր եկեղեցիները անփոփոխ կը տօնեն Սուրբ Մարիամ Աստուածածնի ծննդեան տօնը։

Քրիստոնեայ բոլոր ազգեր, ու մանաւանդ մեր ժողովուրդը, յաճախ ուխտ կը կատարէ Ս. Աստուածածնին: Պատահական չէ ուխտի այդ գաղափարը, որ արմատաւորուած է մեր ժողովուրդի մտայնութեան մէջ հանդէպ Աստուածամօր, որովհետեւ ի՛նք «Ուխտի Զաւակ» մըն էր, որովհետեւ իր ծնողաց կատարած ուխտին ի պատասխան, ան ծնած էր Աննայէն՝ իր մօրմէն, որ ամուլ ճանչցուած էր:

«Յայսմաւուրք»ը կը պատմէ, որ Ս. Մարիամի հայրը՝ Յովակիմը, տօնական օր մը իր ընծան Աստուծոյ մատուցելու համար երբ տաճար կ՛երթայ, քահանաներէն մէկը չընդունիր անոր ընծան՝ ըսելով, թէ իրաւունք չունի տաճարին ընծայաբերելու անձ մը, որ Իսրայէլի զաւակ չէ տուած: Շատ վիրաւորուելով այս վերաբերումէն՝ տուն կը վերադառնայ. Աննա կ՛իմանայ անոր սրտին ցաւը ու լալով կը դիտէ ճնճղուկները, որոնք իրենց տան դիմացի ծառին վրայ բոյն շինած՝ իրենց ձագուկները շուրջերնին առած կը ճռուողէին: Աննա աղօթելով կ՛ըսէ. «Տէր Աստուած, մենք այս չնչին ճնճղուկներուն չափ անգամ չկանք: Յիշէ՛ քու ծառաներուդ տառապանքը եւ վերջ տուր անոնց ցաւին»: Եւ ապա ինքնիրեն կ՛ուխտէ ըսելով. «Եթէ զաւակ ունենամ, Աստուծոյ պիտի ընծայեմ զայն, թող ծառայէ Անոր, իր ամբողջ կեանքի ընթացքին»:
Եւ Աստուած կը լսէ անոնց աղօթքը: «Յայսմաւուրք»ը այնուհետեւ հռետորաբանելով ամուլ Աննայի յղութիւնը եւ Մարիամի ծնունդը՝ երկար շարք մը բարիքներ կը թուէ՝ ըսելով, թէ անով բոլոր ազգերը օրհնուեցան, անով Եւան ալ օրհնուեցաւ, անով Ադամին տրուած անէծքը վերցուեցաւ, կիներու երկունքը լուծուեցաւ, ամբողջ աշխարհին շնորհք սփռուեցաւ, անէծքը օրհնութեան փոխուեցաւ, Աստուած մեզի հետ հաշտուեցաւ, եւ այլն:

Իսկ Յովակիմ, իր անսահման ուրախութեան մէջ, երբ Մարիամ մէկ տարեկան կ՛ըլլայ, խնճոյք կը սարքէ, ու մինչեւ իսկ կը կանչէ քահանայապետը, որ իր գիրկը առնելով մանուկը՝ մարգարէանալով կ՛ըսէ. «Տէր Աստուած, անուանի ըրէ այս մանկիկը բոլոր ազգերուն մէջ մինչեւ յաւիտեան»:

Իրենց կատարած ուխտին համաձայն, Յովակիմ եւ Աննա իրենց դուստրը տաճարին կ՛ընծայեն եօթը տարեկանին, ուր կը մնայ եօթը տարիներ: «Յայսմաւուրք»ը կ՛աւելցնէ ըսելով, որ այնքան նուիրուած էր աղօթքի եւ Ս. Գիրքերու ընթերցանութեան, որ այլեւս իր հայրն ու մայրը չէր յիշեր:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/09/2018, 08:22