Տաթեւի վանք Տաթեւի վանք 

Վանականութիւն. «Վարք Հարանց» հաւաքածոյէն խրատներ:

Հոգւոյ ճմշարիտ զարգացում է՝ անձդ օր ըստ օրէ աւելի խոնարհ պահել ըսելով՝ թէ ամէն մարդ ինձմէ աւելի լաւ է։

Այսօրուան մեր հաղորդումին մէջ կը շարունակենք կարդալ «Վարք Հարանց» հաւաքածոյէն խրատներ, որ փորձառու միայնակեացը, «ծեր»ը կʼուղղէ իր կրտսեր եղբայրակիցին, իր աշակերտին։
«Եթէ ճգնելու սկսիս եւ ապա դարձեալ թուլանաս, կրկին ձեռնարկէ եւ մի՛ հեռանար, այլ մինչեւ մահ կատարէ այդ. որովհետեւ որտեղ որ կը դիմես՝ այնտեղ ալ կը հասնիս՝ ըլլա՛յ պղերգութեան ըլլա՛յ ժուժկալութեան։ Ամէն տարի եւ ամէն շաբաթ քննէ թէ ի՛նչ բանի հասար հսկումի, աղօթքներու, պահքի, լռութեան եւ ամենէն աւելի խոնարհութեան մէջ։ Որովհետեւ հոգւոյ ճմշարիտ զարգացում է՝ անձդ օր ըստ օրէ աւելի խոնարհ պահել ըսելով՝ թէ ամէն մարդ ինձմէ աւելի լաւ է։ Որովհետեւ առանց այս մտածումին, եթէ մարդ նոյնիսկ հրաշքներ գործէ եւ մեռելներ յարուցանէ՝ հեռու է Աստուծմէ։ Եթէ երթաս ծերի մը մօտ եւ ան աղօթքի ժամուն հրամայէ քեզի նստիլ, ըսէ անոր՝ ʼհայր, խօսէ մեզի կենդանութեան խօսքեր, թէ ի՛նչպէս կը գտնենք զԱստուած, եւ աղօթէ ինծի համար, որովհետեւ բազմաթիւ մեղքեր ունիմʼ. եւ ասկէ աւելի մի խօսիր։ Եթէ եղբայր մը քեզի իր խորհուրդները վստահի եւ ուրիշ մը երդմնեցնէ քեզ յայտնելու այդ բաները, մի´ յայտներ անոր եղբօր խորհուրդները։ Մի վախնար այն բանէն որ քեզ երդմնեցուց, որովհետեւ անո´ր պիտի գայ երդման պատուհասը։ Եթէ զղջում չունիս, իմացիր թէ սնափառ ես եւ որկրամոլ, որովհետեւ անոնք թոյլ չեն տար անձին որ զղջայ։
Եթէ պակսին մարմնոյդ պէտք եղածները, մի ըսեր մարդու որ տայ քեզի, այլ մանաւանդ՝ քու հոգերդ Աստուծոյ ձգէ։ Իսկ այն անձը որ կը թողու զԱստուած եւ մարդոցմէ՛ կը խնդրէ, չի հաւատար որ Աստուած կրնայ օգնել իրեն։ Եթէ մարդ մը ինքն իրմէ քեզի սէր տայ, եւ դա պէտք է քեզի՝ առ, որովհետեւ Աստուած զայն ուղարկեց. իսկ եթէ քեզի պէտք չէ՝ մի առներ, որովհետեւ սատանան փորձեց քեզ որ առնես այն՝ ինչ որ քեզի պէտք չէ։
Եթէ մարդ գովէ քեզ քու դիմացդ, մտաբերէ միաժամանակ քու մեղքերդ, եւ աղաչէ անոր ըսելով՝ Աստուծո՛յ սիրոյն եղբայր, մի գովեր զիս, որովհետեւ թշուառական եմ եւ չեմ կարող տանիլ այդ։ Իսկ եթէ մեծ մարդ է, աղաչէ Աստուծոյ ըսելով՝ Տէր, ծածկէ զիս եւ փրկէ զիս մարդոց գովեստներէն եւ անոնց պարսաւանքներէն։
Սորվեցուր որ աչքերդ օտար մարմնի չնային, իսկ եթէ հնար է ո՛չ իսկ քու մարմնիդ։
Եթէ Աստուած քեզի սուգ շնորհէ, մի՛ կարծեր թէ մեծ գործ կը կատարես սգալով, որովհետեւ երանի անոնց որոնք կարիք չունին սուգի։ Իսկ եթէ Աստուած կը տեսնէ մարդ մը որուն սիրտը կը պարծի թափած արտասուքներուն վրայ, կը հեռացնէ արտասուքները անկէ, եւ անոր սիրտը կը մնայ կարծր քարի նման եւ կը կորսուի։
Եթէ անձդ քու դէմդ կը մարտնչի կերակուրներու առատութեամբ, նեղէ զայն զրկելով նոյն իսկ հացէն, որպէսզի աղաչէ քեզի գոնէ հացով յագենալ։
Եթէ հարցումներ ուղղես հայրերուն եւ Աստուածաշունչէն Աստուծոյ խօսքերը լսես, փութացիր ընել ինչ որ կը լսես։ Իսկ եթէ որոշ ժամանակ մը հեղգանաս եւ չաշխատիս, թող այդ քեզի պատճառ չըլլայ դադրիլ հարցնելէ։ Որովհետեւ ան որ կը հարցնէ եւ կը լսէ եւ չանսար՝ կը դատապարտէ իր անձը եւ կը խոնարհի, եւ քիչ ողորմութիւն կը գտնէ. իսկ ան որ չի հարցներ եւ չի լսեր եւ չանսար եւ չի խոնարհիր, ողորմութիւն չի գտներ։ Որովհետեւ ինչպէս հիւանդը որ ստամոքսի ցաւ ունի, չի հաճիր շատ մը կերակուրներու որոնք կը մատուցուին իրեն, իսկ յետոյ կը գտնէ խորտիկ մը եւ ուրախութեամբ կʼընդունի եւ այդ ուտելով կʼառողջանայ, նոյնպէս եւ հեղգ անհատը եթէ նոյնիսկ շատ անգամ չանսար, սակայն ժամանակ մը վերջ կը պատկառի, եւ գուցէ լսածներէն բան մը գտնելով որ իրեն հաճոյ կը թուի՝ կը կատարէ այդ եւ կը փրկուի անով։»
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/09/2018, 09:00