Խոր Վիրապ Խոր Վիրապ 

Վանականութիւն. «Վարք Հարանց» հաւաքածոն, ունի բազմաթիւ յորդորներ սիրոյ պատուիրանի մասին։

«Եթէ քու եղբօրդ մասին չարախօսես եւ խիղճդ քեզ կը խթէ, գնայ եւ անոր առջեւ ծնրադրէ եւ ըսէ՝ ներէ ինծի, որովհետեւ քու մասիդ չարախօսեցի։ Զգոյշ եղիր եւ մի կատակեր, որովհետեւ մահը հոգիներու չարախօսն է։ »

Պատրաստեց Հայր Ներսէս վրդ. Սագայեան

Սէրը գերագոյն պատուիրանն է. սիրել զԱստուած եւ սիրել ընկերը կը բովանդակեն բոլոր պատուիարնները։ Իւրաքանչիւր քրիստոնեայ որ կոչուած է հետեւելու Քրիստոսի, պէտք է իր կեանքով եւ գործերով ապրի սէրը։ Առաւել եւս կրօնաւորը կամ միայնակեացը, որոնք ընտրած են Քրիստոսի հետեւելու մասնաւոր ճանապարհ մը, պէտք է իրենց անձը կատարելագործեն պատուիրանապահութեան մէջ։ «Վարք Հարանց» հաւաքածոն, որուն խրատները լսեցինք նախորդ հաղորդումներուն մէջ, ունի բազմաթիւ յորդորներ սիրոյ պատուիրանի մասին։
«Եթէ քու եղբօրդ մասին չարախօսես եւ խիղճդ քեզ կը խթէ, գնայ եւ անոր առջեւ ծնրադրէ եւ ըսէ՝ ներէ ինծի, որովհետեւ քու մասիդ չարախօսեցի։ Զգոյշ եղիր եւ մի կատակեր, որովհետեւ մահը հոգիներու չարախօսն է։ Եթէ եղբայրդ քեզի սէր տայ, եթէ նոյնիսկ գիտակից ես թէ աղքատիկ սէր է, անոր աւելի՛ն տուր քան ան քեզի տուաւ։ Իսկ եթէ չունիս աւելի սէր, անոր առջեւ ծնրադրէ եւ ըսէ՝ ʼՆերէ´ ինծի, Աստուծո´յ սիրոյն, որովհետեւ աղքատ եմ, բայց Աստուած քեզ պիտի վարձատրէʼ։»
«Վարք Հարանց»ը կը շարունակէ յորդորելով թէ միայնակեացը ի´նչպէս պէտք է ընթանայ մեղքերու թողութիւն ընդունելու եւ կատարելութեան հասնելու համար։
Եթէ Սուրբ Հայրերու մասին մեծամեծ բաներ լսես, դուն ալ սկսէ կանչել Յիսուս Քրիստոսի անունը, որպէս զի զօրացնէ քեզ։ Եթէ գոհունակ ես եւ համբերես այն գործին մէջ որուն ձեռնարկեցիր, Աստուծոյ շնորհակալ եղիր. իսկ եթէ կարող չես, մեղադրէ քու անձիդ տկարութիւնը, ճանչցիր քու անձիդ տկարութիւնը եւ խոնարհեցուր միտքդ մինչեւ մահուան օրը՝ որպէս դժգոհ եւ տրուպ եւ անհամբեր, միշտ յանդիմանելով անձդ որպէս սկսող եւ ոչ կատարումի հասցնող։
«Եթէ մարմնաւոր մեղքեր գործած ես, մի´ խորհիր թէ ինչ հանգամանքով կամ ձեւով գործած ես, եթէ ոչ՝ անձդ կը մնայ մեղքին մէջ։ Այլ աղօթէ ըսելով՝ Տէր, դուն գիտես ատոնք, ջնջէ զանոնք ինչպէս որ կʼուզես, որովեհետեւ ես կարող չեմ մտածել անոնց մասին։ Եթէ անապատի մէջ կը բնակիս եւ կը տեսնես թէ Աստուած մերձ է քեզի, սիրտդ թող չհպարտանայ, ապա թէ ոչ՝ քեզմէ կը վերանայ Աստուծոյ օգնութիւնը. այլ մանաւանդ ըսէ՝ թէ Աստուած ողորմութիւն կը գործէ՝ տկարութեանդ պատճառով եւ լրումի հասցնելու համար, որպէսզի համբերեմ եւ չնեղսրտիմ։
Եթէ պոռնկութիւնը մարտնչի քու մարմնոյդ դէմ, քննէ եւ տես թէ որտեղէ՛ն հասաւ քեզի մարտը, կերակուրներէ՞ն թէ քունէ՞ եւ կամ հպարտութենէ՞, եւ կամ թէ անձդ աւելի լաւ կը նկատես քան շատեր, կամ թէ մեղաւորներ դատապարտած ես։ Որովեհետեւ առանց այս երեք բաներուն չի կրնար մարդ մարտնչիլ պոռնկութեան դէմ – այսինքն՝ ժուժկալ ըլլալ որովայնով, չդատապարտել որեւէ մէկը եւ չխորհիլ թէ բարի կեանք ունիս կամ թէ գործերդ հաճելի են Աստուծոյ։
Եթէ մէկուն սէր տաս եւ յետոյ քու միտքդ կը խռովի թէ շատ տուիր, այդ խորհուրդներուն մտիկ մի ըներ, որովհետեւ սատանայէն է։ Սակայն որքան որ կրնաս՝ աղքատութեամբ եւ անձկութեամբ ապրէ, այնպէս թէ դու´ն սէր ստանալու կարիքն ունիս։ Որովհետեւ ան որ կու տայ՝ անոր սիրտը կʼուրախանայ մտածելով թէ բարի գործ կʼընէ. իսկ ան որ ոչինչ ունի, այլ աղքատութեամբ կʼապրի, մեծ խոնարհութեան մէջ է՝ մտածելով թէ ոչ մէկ բարիք կʼընէ եւ ոչ մէկուն բան կու տայ, այլ եւ կը մուրայ եւս։ Այսպէս ապրեցան մեր սուրբ հայրերը, այսպէս եւ Աբբա Արսէնիոս գտաւ զԱստուած։
Քու բոլոր գործերուդ մէջ միշտ ըսէ՝ այժմ եթէ Աստուած ինծի գայ (եթէ մահանամ), արդեօք ի՛նչ պիտի ըլլամ։ Եւ տե՛ս թէ ինչ պատասխան պիտի տայ քեզի այդ մտածումը։ Ապա դատապարտէ´ դուն քեզ նոյնին մէջ եւ լքէ ձեռքիդ գործը որ ունիս, ապա խիզախութիւն պիտի ունենաս ընթանալու, ինչպէս որ մշակը միշտ պատրաստ է քալելու իր ճանապարհէն։ Եթէ ձեռագործի վրայ ես, միշտ այս ըսէ՝ եթէ հիմա Աստուած ինծի այցելէ (մահանամ) արդեօք ի՞նչ պիտի ըլլամ։ Եւ տե´ս, թէ ինչ պատասխան պիտի տայ քեզի խիղճդ, եւ ճեպէ ընել ինչ որ քեզի կը թելադրէ։ Եթէ կʼուզես տեսնել, թէ Աստուած քեզի պիտի ողորմի, աղօթելով հարց տուր մտքիդ, եւ մի դադրիր աղօթելէ՝ մինչեւ որ սիրտդ հաւանի եւ ըսէ քեզի, թէ կը հաւատամ Աստուծոյ գթութեան եւ թէ Ան ինծի պիտի ողորմի։ Եւ զգուշացիր քու սրտիդ մէջ որ երկմտելով չըսէ այդ խօսքը. իսկ եթէ երկմիտ է նոյնիսկ մազաչափʼմ իսկ, հեռու է ան Աստուծոյ ողորմութենէն։»
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/09/2018, 09:21