Որոնել

Խոր Վիրապ Խոր Վիրապ 

Վանականութիւն. «Ծեր»ը կը յորդորէ հաւատարիմ մնալ աղօթքի մէջ։

Եթէ եղբայրներ քեզի գան, երբ տեսնես զանոնք հեռուէն՝ աղօթէ եւ ըսէ՝ Տէր Յիսուս Քրիստոս, փրկէ մեզ չարախօսութենէ

Պատրաստեց Հայր Ներսէս վրդ. Սագայեան

Նախորդ հաղորդումին մէջ սկսած էինք կարդալ անապատի հայրերէն «ծեր»ի մը, ուսուցիչի մը խրատները ուղղուած իր աշակերտին կամ կրտսեր եղբայրակիցին։ Այնտեղ երէցը կը խրատէր իր եղբայրակիցը, որ զգոյշ ըլլայ նիւթական բարիքներու վայելքին մէջ եւ միշտ մտածէ թէ ամէն բանէ պէտք է «Քրիստոսի բաժին» հանէ։ «Ծեր»ը շարունակելով իր խրատը կʼըսէ ՝«Եթէ քու խորհուրդներդ քեզի կը թելադրեն տօնի առիթով պէսպէս կերակուրներ պատրաստել, մի լսեր անոնց, ապա թէ ոչ՝ հրէաբար կը տօնես, որովհետեւ անոնք են որ այդ բաները կը պատրաստեն. մինչ միայնակեացին կերակուրը սուգ է եւ արտասուք։

Եթէ մէկէ մը լսես թէ կʼատէ քեզ կամ կը բամբասէ, անոր առաքէ եւ տուր օրհնութիւն քու ամբողջ զօրութեամբդ, կամ առաքէ քիչ մը հաց կամ փոքր մախաղ մը, որպէսզի դատաստանի ժամանակ համարձակութիւնն ունենաս ըսելու՝ թող մեզ զպարտիս մեր, որպէս եւ մեք թողաք մերոց պարտապանացն (ներէ մեզի մեր պարտքերը, ինչպէս որ մենք մեր պարտապաններուն ներեցինք)։

Եթէ ունիս խուց մը որ կը ծածկէ վրադ, մի շիներ աւելի մեծը, հոն ընդարձակութիւն եւ լայնութիւն վայելելու նպատակով։ Եթէ խուցէդ ելլես եւ ուրիշին մօտ երթաս, մի դադրիր սուգ պահելէ։ Երբ կը դառնաս խուցդ, անմիջապէս շարունակէ այդ եւ մնացիր քու առաջին կարգիդ մէջ։ Եթէ եղբայրներ քեզի գան, երբ տեսնես զանոնք հեռուէն՝ աղօթէ եւ ըսէ՝ Տէր Յիսուս Քրիստոս, փրկէ մեզ չարախօսութենէ. ապա խաղաղութեամբ ճամբէ եղբայրները։ Եթէ կʼուզես սուգ պահել, ջանացիր որ քու անօթներդ տրուպ ըլլան, ինչպէս հրապարակի վրայ նստող մուրացկաններունը։ Եթէ գիրք ստանաս, մի զարդարեր անոր կողքը։ Թանկագին հագուստ մի ընդունիր, անոր միջոցաւ երկրպագութիւն ընդունելու նպատակով։ Ոսկեղէն կամ արծաթեղէն անօթ, եթէ նոյնիսկ փոքր ըլլան, քու խուցիդ մէջ մի առներ։ Նոր հանդերձներ մի հագուիր, ոչ իսկ նոր կնգուղ։ Անձեռոց (թաշկինակ) մի ունենար եւ ոչ ալ գօտիէդ կախէ զայն, որովեհետեւ այս բոլորը կը խափանեն քեզմէ զղջումը եւ սուգը։ Երբ նստիս, տակդ կտաւ մի դներ, այլ խոտ եւ արմաւենիի խսիր, Աբբա Արսէնիոսի նման։ Եւ միանգամայն քու անկողինդ, անօթդ եւ հողաթափներդ այնպէս ըլլան, որ եթէ մէկը գայ քեզ կողոպտելու քու խուցէդ ոչ մէկ բան հաճի առնել։ Եթէ տեսնես անօթ մը կամ գործիք մը եւ կամ որեւէ բան որ եղբօր կը պատկանի, մի ցանկար ատոր, ապա թէ ոչ՝ մեծ չարիքի մէջ կʼիյնաս. որովեհետեւ ան որ կը ցանկայ վատթար եւ փոքր բանի, տեսնելով մեծը՝ պիտի ցանկայ նաեւ մեծին։ Եթէ ունենաս անօթ կամ սուր կամ տապար կամ որեւէ ուրիշ բան, եւ իմանաս թէ քու սիրտդ կը սիրէ այդ բաները, հեռացուր քեզմէ ատոնք, որպէսզի ուսուցանես սիրտդ բնաւ բան մը չսիրել՝ բայց միայն զԱստուած։ Եթէ դանդաղիս գիշերը արթննալ աղօթքի կանոնը կատարելու համար, մարմնոյդ կերակուր մի տար, որովհետեւ կʼըսէ Սուրբ Գիրքը՝ ʼան որ չուզեր գործել, հաց ալ թող չուտէʼ (Բ. Թես Գ. 10)։ Կʼըսեմ քեզի, այնպէս ինչպէս որ մէկը աշխարհի մէջ կը գողնայ եւ մեծ դատաստանի կʼենթարկուի, նոյնպէս եւ Աստուած դատաստանի արժանի կը տեսնէ ամէն ոք՝ որ չարթննար կատարելու պաշտամունքը, առանց տկարութեան կամ մեծ հոգնութեան պատճառի։ Սակայն Աստուած հիւանդէն եւ ծանր աշխատանք կատարողէն ալ ամէն օր ժամը ժամին աղօթք կը պահանջէ, որովհետեւ անով է որ կարելի կʼըլլայ մօտենալ Աստուծոյ։»

Այս խրատներուն մէջ փորձառու ճգնաւորը կը խրատէ իր կրտսեր եղբայրակիցը, կրկին շեշտելով կրօնաւորին աղքատ ապրելու պարտականութեան վրայ։ Ան կը յորդորէ գոհանալ փոքր խուցով, խեղճ անօթներով, պարզ անզարդար գրքով, աղքատիկ հին զգեստով, խոտէ կամ խսիրէ բազմոցով. որովհետեւ մեծ խուցը, զարդարուած գիրքը, նոր զգեստը, գօտիէն կախուած թաշկինակը կը խափանեն կրօնաւորէն զղջումը եւ սուգը. կրօնաւորին ուշադրութիւնը կը սեւեռի այդ ստացուածքներուն վրայ եւ ան կը մոռնայ զղջում կատարել, կʼապրի հանգստաւէտութեամբ եւ կը մոռնայ թէ պէտք է սգայ մեղքերուն համար։ Կրօնաւորը պէտք չէ նաեւ ցանկայ ուրիշին ստացուածքին, պէտք չէ սիրտը կապէ ստացուածքի, սիրտը պէտք է սիրէ միայն զԱստուած։

Խստակեաց կեանքը չի բաւեր սրբանալու համար։ Եղբայրսիրութեան պատուիրանը առաւել եւս կʼարժէ միայնակեացին, ճգնաւորին, կրօնաւորին համար։  Խրատներուն մէջ յստակ են եղբայրսիրութեան յորդորները՝ եթէ բամբասուիս, օրհնէ քեզ բամբասողը (հմմտ Մտթ Ե. 44), երբ եղբայր մը քեզ այցելէ՝ հեռու մնացիր չարախօսութենէ։

Վերջապէս, «ծեր»ը կը յորդորէ հաւատարիմ մնալ աղօթքի մէջ։ Իսկ եթէ մէկը հիւանդ կամ տկար է եւ կամ բազմազբաղ, սակայն եւ այնպէս պէտք չէ զանց ընէ աղօթքի կեանքը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/09/2018, 08:24