Որոնել

Սուրբ Խաչ Սուրբ Խաչ 

Եկեղեցական Գիտելիքներ Դ. Կիրակի զկնի փոխման (9-16 Սեպտեմբեր 2018)

Բարեկենդան Սուրբ Խաչի - Սուրբ Խաչի շաբաթ

Կիրակի 9 Սեպտեմբեր,  բարեկենդան է Ս. Խաչի  ։

Օրուան աւետարանը կը խօսի, խուլ համրին բուժումին մասին.

Սուրբ Մարկոսի աւետարանին մէջ կը կարդանք. ՝՝ Բերին իրեն խուլ մը, որ  դժուարաւ կը խօսէր եւ կ՝աղաչէին իրեն որ ձեռքը վրան դնէր. Յիսուս  ամբոխէն մէկդի տարաւ զինք,  մատները խուլին  ականջներուն մէջ դրաւ , թուքով լեզուին դպաւ  ու աչքերը երկինք բարցրացնելով  ըսաւ. Եփփաթա՝  որ կը նշանակէ բացուէ,  ու խուլին ականջները անմիջապէս բացուեցան՝՝ ։ Յիսուս – կը կարդանք աւետարանին մէջ- պատուիրեց  որ մարդու բան չըսեն. սակայն որքան ինք պատուիրէր  անոնք այնքան աւելի կը հռչակէին։  Անոնք  խորապէս զարմացած կ՝ըսէին. ՝՝Ամէն բան լաւ կ՝ընէ, խուլերուն լսել կու տայ  եւ համրերուն՝ խօսիլ՝՝։

Բարեկենդանէն ետք ամբողջ շաբաթը պահք է ։

Պահքը, պաս, պահոց օրեր, պահեցողութիւն, ծոմ կամ ծոմապահութիւն, որոշ կրօններու մէջ ուտելիքի կամ յատուկ ճաշատեսակներու համար որոշուած ժամկէտով սահմանուած արգելք է, կերակուրներէն լրիւ կամ մասնակի հրաժարում (պահեցողութիւն)։

 Պահքի արտայայտած միւս իմաստը ինքնաքննութեան եւ խոկումի ժամանակաշրջանն է, յատկապէս՝ Մեծ պահոց շրջանը, երբ հաւատացեալները ո՛չ միայն կերակուրներէն կը հրաժարին, այլեւ՝ հեռու կը մնան մարմնական հաճոյքներէն, ապաշխարութեամբ ու աղօթասացութեամբ չափաւոր, զուսպ կեանք մը կը վարեն։ Պահքը կը հիմնաւորուի «մարմնի հանդէպ հոգւոյ առաջնայնութեան ուսմունքով»։ Քրիստոնէական, Իսլամական եւ մովսիսական կրօններուն մէջ Պահքը հաւատքի ամրապնդման միջոց է, որ ունի նաեւ մաքրագործական եւ ճգնակեցական նշանակութիւն

Ըստ Հայ եկեղեցւոյ սահմանած կարգին, տարուան շուրջ վեց ամիսները պահոց օրեր են։ Հայ եկեղեցին տարուան օրերը բաժնած է երկու մասի՝ տօնական եւ պահոց օրերու։ Եկեղեցական կանոններու համաձայն, իւրաքանչիւր շաբթուան Չորեքշաբթի եւ Ուրբաթ օրերը Պահք են։ Պահոց օրերը կ'ըլլան բուն պահոց օրեր, երբ պէտք է հրաժարիլ կենդանական ծագում ունեցող կերակուրներու (մսեղէն, կաթնեղէն, ձկնեղէն) օգտագործումէն եւ նաւակատեաց պահոց օրեր, երբ կարելի է ուտել կաթնեղէն եւ ձկնեղէն։

Պահոց օրերը բաժնուած են երեք խումբերու՝ Օրական Պահք, շաբթուան Չորեքշաբթի եւ Ուրբաթ օրերը.  Քառասնօրեայ Պահք ի պատրաստութիւն Ս. Յարութեան տօնին որ կը կոչուի նաեւ Մեծ Պահք   եւ Շաբաթական Պահք (Շաբաթապահք) անոնք  թիւով տասներկուք են՝ Ս.Ծննդեան, Եղիական, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի, Վարդավառի, Վերափոխումն Ս. Աստուածածնի, Խաչվերացի, Վարագայ Խաչի, Յիսնակաց, Ս. Յակոբի, Առաջաւորաց, Մեծ պահոց երկրորդ շաբթուան, Աւագ շաբաթ։

Շաբաթ օրը,  նաւակատիք է Սրբոյ Խաչի . Նաւակատիքի օրեր են հինգ Տաղաւարներու շաբաթապահոց Շաբաթ օրերը։

Կիրակի 16 Սեպտեմբերին,  Խաչվերաց  է .տօն վերացման Ս. Խաչի. Տաղաւար տօն է ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/09/2018, 09:00