Եկեղեցական  Գիտելիքներ  Եկեղեցական Գիտելիքներ  

Եկեղեցական Գիտելիքներ - Գ. Շաբաթ Վերափոխումէն ետք 2-9 սեպտեմբեր 2018

Կիրակի 2 Սեպտեմբերին` կը սկսինք վերափոխման երրորդ շաբաթը.

Կիրակի 2 Սեպտեմբերին` կը սկսինք վերափոխման երրորդ շաբաթը. Կիրակի օրուայ աւետարանը մեզ կը տանի Գալիլիա, ուր Քրիստոս առաջին անգամուան համար կը բազմացնէ հացերն ու ձուկերը ՝՝ հինգ հաց եւ երկու ձուկ՝՝ եւ զանոնք կը բաժնէ 5000-էն աւելի անձերու։ Զգայացունց հրաշք մը որ աչքերը կը բանայ իր հայրենակիցներուն` Նազարէթցիներուն, որոնք զինք գրեթէ վտարած էին իրենց քաղաքէն, որով Յիսուս, տեսնելով իրենց թերահաւատութիւնը, հրաշք չէր կրցած գործել հոն եւ ըսած էր հետեւեալ նշանաւոր խօսքը. Մարգարէն ընդունուած չէ իր հայրենիքին մէջ։

Հետաքրքրական է դիտել ու վերլուծել Քրիստոսի ընթացքը. Նախ իր անսահման գութը ժողովուրդին վրայ, ապա իր որոշումը աշակերտները եւս մասնակից դարձնելու հացերու բազմացման հրաշքին, իրենց յանձնելով հացերն ու ձուկերը ժողովուրդին բաժնելու պաշտօնը. Եւ երրորդ` կանոնաւորութիւնը խումբերու բաժանման եւ խոտերու վրայ տեղաւորումին, որպէսզի աւելորդ խառնաշփոթութիւններ տեղի չունենան։

Հացերու հրաշքը մին է անոնցմէ որոնք կը փաստեն ակնբախ կերպով Յիսուսի գերակայութիւնը բնութեան օրէնքներուն վրայ, ինչպէս նաեւ իր կարողութիւններուն անսահման տարողութիւնը։ Արդարեւ ինք Աստուած է, որովհետեւ Աստուած միայն կրնայ գեր ի վեր ըլլալ բնութեան օրէնքներէն եւ խախտել զանոնք, մարդկութեան օգտակար դառնալու նպատակով։

Երկուշաբթի 3 Սեպտեմբերին,  կը տօնենք Մեր ազգի սուրբ թարգմանիչները, Մեսրոպ Վարդապետ, Եղիշէ, Մովսէս Խորենացի, Դաւիթ Անյաղթ, ինչպէս նաեւ Միջին դարու մեր մեծագոյն սուրբերը` Գրիգոր Նարեկացի, Ներսէս Շնորհալի եւ Ներսէս Լամբրոնացի։ Շնորհիւ իրենց` ծաղկեցաւ Հայ լեզուն ու գրականութիւնը, բայց նաեւ զարգացաւ քրիստոնէական հաւատքը Հայ Ազգին մէջ։ Յուլիս ամսոյն մէջ` տօնեցինք նաեւ Թարգմանչաց տօնը, յիշելով սակայն միայն երկու մեր տիտանները, Սահակ եւ Մեսրոպ սուրբերը։

Երեքշաբթի 4 Սեպտեմբերին ,  տօնն է մարգարէներու՝ Եզեկիէլ, որ նշանաւոր է իր յարութեան տեսիլքով ­ միակ մարգարէն է որ կը խօսի յստակօրէն մեռելներու յարութեան մասին։ Եզր, կամ Եզրաս, որ Բաբելոնի գերութենէն վերադարձի եւ տաճարի վերաշինութեան վերահսկող անձն է, Նեհեմիաս քահանայապետին հետ միատեղ։ Եւ  Սուրբ Յովհաննէս Մկրտչի Հօր՝  Զաքարիայի ։

Հինգշաբթի  օրը` կը յիշատակենք  Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչը, որ մեր ծէսին մէջ` երեք տօներ ունի։ Այստեղ կը յիշատակուի անոր գլխատումը, Հերովդէս թագաւորի հրամանով, որ հաճոյք պատճառելու համար իր ապօրինի կնոջ` Հերովդիայի, անոր աղջկան` Սողոմէի թիւդական պարին որպէս նուէր, կ՛ընծայէ ափսէի մը վրայ, Յովհաննէս Մկրտչի գլուխը։ Այս հզօր մարգարէին եղերական այս վախճանը անշուշտ մեծ ցաւ կը պատճառէ Յիսուսի եւ իր աշակերտներուն, որոնցմէ ոմանք նախապէս Յովհաննէսի աշակերտած էին։

Նոյն օրը կը յիշատակուի նաեւ Յոբ Երանելին, որ նշանաւոր է Սուրբ Գրքի մէջ իր համբերութեամբ. օրուայ ընթերցուածը կը յիշէ զինք եւ կը ներկայացնէ որպէս օրինակ երկայնմտութեան ու համբերատարութեան։ Յետ բազմաթիւ փորձանքներու զորս Աստուած թոյլ կու տայ որպէսզի քննէ անոր հաւատքը, Յոբ խոնարհաբար կ՛ընդունի Աստուծոյ կամքը եւ կը հպատակի անոր։

Կը տօնենք նաեւ՝  Նիկիոյ Ա. Տիեզերական Սուրբ Ժողովին 318 Հայրապետները։  Այս ժողովը գումարուեցաւ 325 թուին, Կոստանդիանոս Կայսեր հրաւէրով, որ արդէն մէկ տարի առաջ` մկրտուած էր, Սուրբ Երրորդութեան Միութիւնը հաստատելու համար, ընդդէմ Արիոս քահանային, որ կ՛ընդունէր միայն Հայրը որպէս աստուածային բնութեան տէր, իսկ Որդին եւ Հոգին կը համարէր արարածներ։ Այս Սուրբ Ժողովին` Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ ուղարկած էր իր Որդին, Արիստակէսը, ներկայացնելու համար հայ եկեղեցին։

Շաբաթ օր` 8 Սեպտեմբերին, բոլոր եկեղեցիներու մէջ` տօնն է Սուրբ Կոյս Մարիամի Ծննդեան. Եկեղեցին որոշած է Աստուածամօր Անարատ Յղութեան եւ Ծննդեան թուականները, հետեւելով հին Սուրբ Հայրերու Աւանդութեան։ Ինչպէս Յիսուսի Ծննդեան թուականները, նոյնպէս ալ Աստուածածնայ յղութեան ու ծննդեան թուականները յայտնի չեն առաքելական դասուն. Հետագային յարմարցուած թուականներ են։

Աստուածածնայ Ծննդեան տօնը յատուկ յիշատակի արժանի է, մանաւանդ հայ կաթողիկէ ծիսարանի մէջ, որովհետեւ այդ օրն է որ, 8 սեպտեմբեր 1701-ին, Կ.Պոլսոյ մէջ, իր շուրջը հաւաքելէ ետք 8 աշակերտներ, Մխիթար Սեբաստացի հիմնեց իր Միաբանութիւնը, զոր նախապէս նուիրած էր Աստուածածնի. Իր մահէն ետք է որ իր աշակերտները կոչուեցան Մխիթարեաններ։

Կիրակի  9 Սեպտեմբերը  Դ. Կիրակին է զկնի Փոխման, եւ Բարեկենդան Ս. Խաչի տօնին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/09/2018, 08:37