Կալկաթայի Մայր Թերեզա Կալկաթայի Մայր Թերեզա 

Կալկաթայի Մայր Թերեզայի Սրբադասման երկրորդ տարեդարձը։

Աղօթքը, հոգեւոր կեանքը ու սուրբ խորհուրդները Մայր Թերեզայի համընդհանուր առաքելութեան հիմքը կը կազմէին։

Երեքշաբթի 4  սեպտեմբեր 2018-ին կը յիշատակուի Կալկաթայի Մայր Թերեզայի սրբադասման արարողութեան երկրորդ տարեդարձը։ Սրբադասումը տեղի ունեցած էր՝ 4 սեպտեմբեր 2016-ին, Վատիկանի Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին նախագահութեամբ, որ արարողութեան առթիւ համայն աշխարհին հրաւէր ուղղած էր  գուրգուրանքի ու սիրոյ յեղափոխութիւն ընելու, հետեւելով նոր սրբուհիին քայլերուն:

Ֆրանչիսկոս Պապին խօսքերը

«Արիւնով ալպանացի եմ, ազգութեամբ՝ հնդիկ, հաւատքով՝ կաթողիկէ կրօնաւորուհի, կոչումով՝ կը պատկանիմ ամբողջ աշխարհին, իսկ ինչ կը վերաբերի սրտիս՝ ամբողջովին կը պատկանիմ Սիրտ Յիսուսի»: Այս խօսքերով է որ Կալկաթայի Մայր Թերեզան կը սիրէր ինքզինք ներկայացնել աշխարհին։

Աւազանի անունով Ակնես Կոնկա Պոյաճիու, ծնած է 26 օգոստոս 1910-ին Սքոփիէի մէջ։ Ան եղած է կաթողիկէ միանձնուհի եւ Գթութեան Քոյրերու միաբանութեան հիմնադիրը։ 1979-ին արժանացած է նաեւ խաղաղութեան Նոպելեան Մրցանակին։

Մայր Թերեզա իր ամբողջ կեանքը նուիրեց  ամնա-յետիններու ծառայութեան ու հոգին աւանդեց 5 սեպտեմբեր 1997-ին։

Որոշ տուեալներու համաձայն ան ունի Հայկական ծագում, որուն մասին անձամբ խօսած է Վազգէն Առաջինին հետ ունեցած հանդիպումի ժամանակ, 1988 թուականի Սպիտակի երկրաշարժէն ետք, երբ Մայր Թերեզան ժամանած էր Հայաստան: Մայր Թերեզան կաթողիկոսին պատմած է իր հայկական ծագման մասին: Անոր իսկական անուն ազգանունը Ակնեսսա Պոյաճեան է, հայրը Արեւմտեան Հայաստանէն է գաղթած է Ալպանիա, մայրն էլ ալպանուհի քրիստոնեայ է։

Ամբողջ աշխարհի համար Մայր Թերեզան դարձած է քրիստոնէական սիրոյ եւ գթութեան խորհրդանիշը ու շատեր հետաքրքրուած էին իմանալու թէ ո՞րն էր անոր յաջողութեան գաղտնիքը։ Անոնք որոնք առիթը ունեցած են զինք մօտէն ճանչնալու կարող են հաստատել թէ` սուրբ պատարագը, ս. հաղորդութիւնը եւ պաշտամունքի կեանքը յատուկ դեր կը խաղային Մայր Թերեզայի կեանքին մէջ։ 

Օր մը երիտասարդ վարդապետ մը անակնկալ հարցում մը կ՛ուղղէ Մայր Թերեզային ըսելով. ''Մայր Թերեզա, Ի՞նչ բանի մէջ կը կայանայ ձեր գաղտնիքը''։ Մայր Թերեզան շեղակի նայելով հարցադրողին պատասխանած է ''շատ պարզ` աղօթքի''։ 

''Առանց Աստուծոյ մենք այնքան աղքատ ենք որ անկարող ենք նոյնիսկ մէկ աղքատի օգնել, բայց եթէ աղօթենք, Աստուած կը լեցնէ մեր սիրտը իր սիրով։ Սէրը աղօթքի պտուղն է։ Իսկ սիրոյ պտուղը ծառայութիւնն է։ Միայն աղօթքով կրնաս աղքատներուն ճշմարտապէս ծառայել'' ըսած է Սրբուհի Մայր Թերեզան խօսելով աղօթքի կարեւորութեան մասին։

Ան այլ առիթով մը նաեւ հաստատած է ''աղօթքը սրտէ սիրտ հաղորդակցութիւն է. Երբ Յիսուսին կ՛աղօթեմ, իմ սրտէս Յիսուսի սրտին կը խօսիմ։ Մայր Թերեզայի համար աղօթքի հիմնական սահմանումը հետեւեալն էր ''Աստուած կը խօսի մեր սրտի լռութեան մէջ, իսկ մենք կը լսենք զինք, ապա մեր սրտի լռութենէն մենք կը սկսինք խօսիլ, իսկ այս անգամ Ան մեզ կը լսէ։ Ասիկա է աղօթքը''։ 

Մայր Թերեզայի աղօթքները չէին սահմանափակուէր միայն աղօթքի մնայուն ժամերով։ ''Ամէն ատեն աղօթք կատարեցէք'' Պօղոս առաքեալի սորվեցուցած այս յորդորը առանցքը կազմած էր Մայր Թերեզայի հոգեւոր կեանքին։ Անոր ձեռքին մնայուն վարդարան մը կար։ 

Աղօթքը արդարեւ ամբողջ հոգեւոր կեանքը ու յատկապէս սուրբ խորհուրդները Մայր Թերեզայի համընդհանուր առաքելութեան հիմքը կը կազմէին։  

Գթութեան Միսիոնարներու տուներուն մէջ ամենակարեւոր բաժինը մատուռն է ուր կը պահուի սուրբ հաղորդութեան տապանակը։ Ատոր համար այդ բաժինը միշտ մաքուր պիտի ըլլայ եւ որքան հնարաւոր գեղեցիկ։ 

Մայր Թերեզան համոզուած էր որ Յիսուսին կարելի էր հանդիպիմ հաղորդութեան խորհուրդին մէջ եւ երկրորդ ծայրայեղ աղքատ, տառապող մերձաւորին ընդմէջէն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/09/2018, 08:14