Հացերու բազմացումը Հացերու բազմացումը 

Կիրակի 2 սեպտեմբեր 2018 - Գ Կիրակի զկնի Փոխման - (Մարկոս 6, 30-44)

Հացերու առաջին բազմացումը

Երբ Սուրբ Գրքի ճշմարտութիւններու մասին խօսինք, սովորաբար կը գործածենք “պատգամ” բացատրութիւնը։ “Պատգամ” բառը մեզ ընդհանրապէս կը տպաւորէ «հրաման, վճիռ, հրահանգ եւ պատուիրան» իմաստներով։ Սակայն ինքնին Սուրբ Գրքի անուանումները մեզի տարբեր իրականութիւն մը կը բացայայտեն՝ «Աստուածաշունչ, Կտակարան, Աւետարան՝ Բարի Լուր, Աւետիս»։ Հետեւաբար Աստուծոյ շունչի´ն, Աստուծոյ խօսքի´ն է որ կ՛անդրադառնաք. ա՛յն «կտակին, դաշինքին», որ Աստուած հաստատած է մարդուն հետ. «աւետիսին, բարի լուրին», որ Քրիստոսի մարդեղութեամբ Աստուած յայտնած է մեզի։ Այս իմաստներուն մէջ մեզի կը բացայայտուի Աստուծոյ սիրոյ յարաբերութիւնը իւրաքանչիւր մարդու հետ։ Հետեւաբար, Սուրբ Գիրքը մեզի կ’աւետէ ճշմարտութիւն, փրկութիւն, ողորմութիւն, գթութիւն, յոյս, լոյս եւ սէր։

Այսօրուան Սուրբ Աւետարանի հատուածին մէջ կը տեսնենք Յիսուսի բարութիւնը, հոգատարութիւնը եւ գութը մարդուն հանդէպ։

Նախ, առաքեալները կը վերադառնան իրենց քարոզութենէն, եւ Յիսուսին կը պատմեն իրենց գործերուն մասին։ Պատկերացուցէք պահը, ուր Յիսուս իր աստուածային ամբողջ բարութեամբ եւ ուշադրութեամբ կը հետեւի անոնց խօսքերուն։ Կ՛ուրախանայ անոնց ուրախութեան հետ, եւ կ՛ազդուի տեսնելով անոնց յոգնած մարմինները։ Անոնց կ’ըսէ՝ «Եկէք առանձին տեղ մը երթանք, հոն հանգստացէք»։ (Մրկ Զ, 31)

Յիսուսի գութը, գուրգուրանքը, Անոր սրտին քնքշութիւնը մեզմէ իւրաքանչիւրին հրաւէր կը կարդայ, “եկուր, հանգստացիր իմ մօտս”։ Կեանքի ճանապարհը լի է վազքով, յոգնութեամբ, տառապանքով եւ բեռներով։ Յիսուսի խօսքը կը հնչէ՝ “Եկէք ինծի, բոլոր յոգնածներդ եւ բեռնաւորուածներդ. ես ձեզի հանգիստ պիտի տամ”։ (Մտթ ԺԱ. 28) Ե՞րբ սակայն Յիսուսի պիտի մօտենանք, ե՞րբ անոր մօտ հանգիստ պիտի գտնենք. մահէ՞ն ետք։ Ո՛չ. Յիսուս ա´յս կեանքին մէջ իսկ մեզ կը հրաւիրէ դադար առնելու։ Կը հրաւիրէ մեզ՝ կիրակնօրեայ մեր սրբազան հանգիստը կատարելէ զատ, կեանքի որեւէ վայրկեանի՝ շունչ մը քաշելու եւ Իր ներկայութենէն զօրութեամբ եւ յոյսով սնանելու. մեր յոգնութիւնը եւ հոգերը իր ձեռքերուն մէջ դնելու։

Աւետարանը կը շարունակէ պատմել, թէ ինչպէս բազմաթիւ մարդիկ Յիսուսի կը հետեւէին։ Յիսուս եւ առաքեալները անգամ ճաշ ուտելու ժամանակ չունէին։ Յիսուսի մտահոգութիւնը սակայն իր ստամոքսը չէ, այլ ժողովուրդը։ Յիսուս կը խղճայ, կը գթայ ժողովուրդին վրայ, «որովհետեւ անհովիւ ոչխարներու նման էին» (Մրկ Զ 34)։ Ահա ճշմարիտ Հովիւին գուրգուրանքը, ուշադրութիւնը եւ մտահոգութիւնը։ Ոչ մէկ ոչխար կը վրիպի իր սրտի եւ սիրոյ ուշադրութենէն։ Իւրաքանչիւրին ձայնը կը ճանչնայ, իւրաքանչիւրի սրտին հոգերուն ծանօթ է, իւրաքանչիւրի սրտի աղաղակը եւ աղօթքը կը լսէ, իւրաքանչիւրի փառաբանութիւնը կ՛ընդունի. ո´չ ոք կրնայ մեզ յափշտակել Յիսուսի ձեռքէն։ (հմմտ. Յովհ Ժ. 27-28) Կարեւոր չէ, թէ կեանքի ինչ պայմաններու մէջ ենք. Յիսուսի ուշադրութիւնը միշտ մեր վրայ է. որեւէ րոպէ, որեւէ ակնթարթ կրնանք դիմել իրեն։ Բարի Հովիւը միշտ պատրաստ է Իր գուրգուրանքով մեզ ընդունելու, մեզի հանգիստ տալու, մեր սրտերուն եւ հոգիներուն ճարակ տալու։

Ժողովուրդը անօթի է, առաքեալները կ՛առաջարկեն, որ անոնք երթան եւ կերակուր գտնեն։ Յիսուս կը պատասխանէ՝ «Դու´ք անոնց ուտելիք տուէք»։ (Մրկ Զ. 37) Յիսուսի խօսքը ուղղուած է իւրաքանչիւր քրիստոնեայի։ Իւրաքանչիւր քրիստոնեայ պարտականութիւնն ունի կատարելու բարի գործեր։ Անոնց վրայ հիմնուած է նաեւ մեր դատաստանը, ինչպէս Յիսուս ինք մեզի կը բացայայտէ՝ «ինչ որ ըրիք իմ եղբայրներէս մէկուն՝ ինծի ըրիք»։ (Մտթ ԻԵ. 31-40)

Նայինք մեր շուրջը։ Սակաւ անհատներ չեն, որ անօթի են եւ ծարաւի, թշուառութիւնը կը ճնշէ անհատներու եւ ընտանիքներու վրայ։ Ագահութեամբ չվարուինք անոնց հետ, մեր ցուցաբերած օգնութիւնը ըլլայ անկեղծ, մաքուր եւ առատաձեռն՝ «առանց փոխարէնը սպասելու … որովհետեւ քեզի պիտի հատուցուի արդարներու յարութեան օրը”։ (Ղուկ ԺԴ. 12-14) Խօսքը միայն հացի, ջուրի եւ նիւթական օգնութեան մասին չէ. ասոնք էական են անկասկածօրէն. սակայն նաեւ հոգինե´ր ու սրտե´ր կը պապակին։ Սրտեր, որոնք մխիթարութիւն կը փնտռեն, որոնք վախերու մէջ են, որոնք հիւանդութեամբ կը տառապին, որոնք հալածուած են, որոնք հեռացած են Աստուծմէ եւ խաւարի մէջ կը խարխափեն, որոնք ճշմարտութիւնը կը փնտռեն՝ սակայն իրենց ուղղութիւն տուող չկայ։ Այս շարքը կրնանք բազմապատիկ աւելցնել։ Յիսուս մեզի կոչ կ՛ուղղէ՝ «դու՛ք անոնց ուտելիք տուէք, դու՛ք զանոնք մխիթարեցէք, դու՛ք անոնց ցաւերը սփոփեցէք, դու՛ք անոնց հոգերը բաժնեցէք, դու՛ք անոնց յոյս ներշնչեցէք, դու՛ք զանոնք անորոշութենէ դուրս բերէք, դու՛ք անոնց իմ սիրոյս եւ ողորմութեանս աւետիսը տուէք»։ Ահա իւրաքանչիւր քրիստոնեայ հաւատացեալի առօրեայ պարտականութիւններ։

Քրիստոնէական կեանքը պատգամներու, պատուէրներու, պատուիրաններու եւ հրահանգներու մէջ չի կայանար։ Քրիստոնէական կեանքը սիրոյ կեանք է, հետեւաբար՝ ստեղծագործ, կեանքով լեցուն եւ կեանք տուող, յոյս ներշնչող, ներող եւ գթացող, ինչպէս Պօղոս Առաքեալի կորնթացիներուն ուղղուած երկրորդ նամակին մէջ կը կարդանք՝ «Դուք Քրիստոսի նամակներն էք, պատրաստուած մեր ծառայութեամբ, ո´չ թանաքով գրուած, այլ կենդանի Աստուծոյ Հոգիով, ոչ քարեղէն տախտակներու վրայ, այլ սրտի վրայ, մարմնեղէն տախտակներու վրայ» (Բ Կոր Գ, 3)։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/09/2018, 10:16