Որոնել

Հանգուցեալ Գեր. Մանուէլ Արք Տապպաղեան Հանգուցեալ Գեր. Մանուէլ Արք Տապպաղեան 

Արհ. Էմմանուէլ Արք Տապպաղեանի թաղման կարգը։

Հ. Էմմանուէլ Արք. Տապպաղեան իր աչքերը փակեց 13 Սեպտեմբեր 2018-ին

Ողջոյն քեզ Սուրբ Եկեղեցի։ Ողջոյն քեզ սեղան սրբութեան։ Ողջոյն ձեզ դասք քահանայութեան։ Ողջոյն ձեզ հաւատացեալ եղբարք իմ ի Քրիստոս։ Ողջոյն ձեզ համօրէն ժողովրդականք։ Ես ճանապարհորդեցի առ Արարիչ իմ։ Ես ճանապարհորդեցի առ Քրիստոս յոյս ամենեցուն:

Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան անդամ՝ Հ. Էմմանուէլ Արք. Տապպաղեան իր աչքերը փակեց 13 Սեպտեմբեր 2018-ին, կենաց 84-րդ եւ քահանայութեան 51-րդ տարին, ի Զմմառ:

Ուրբաթ 14 Սեպտեմբեր 2018-ին, կ.ա. ժամը 11:00ին, լուսահոգի Գերապայծառին յուղարկաւորութեան և թաղման կարգը կատարուեցաւ Զմմառու Մայրավանքիս տաճարին մէջ: Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ կղերական դասը, գլխաւորութեամբ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքին և հաւատացեալ ժողովուրդը համախմբուած էին հոգելոյս Գերապայծառին դագաղին շուրջ, իրենց յարգանքի տուրքը մատուցանելու անոր, որ երկար տարիներ ծառայած էր սոյն համայնքին, ամենայն նախանձախնդրութեամբ և նուիրումով՝ իբրեւ բարի, քաջարի և անձնուէր հովիւ և իր ամբողջ կեանքը ընծայած էր աղքատներու, որբերու և հիւանդներու խնամքին, ինչպէս նաեւ դպրեվանքի պատանիներու դաստիարակութեան նուիրական գործին, և անոնց կողքին կանգնած էր, ըլլա՛յ ուրախութեան պահերուն, ըլլա՛յ նեղութիւններուն և դժուարութիւններուն մէջ:

Յուղարկաւորութիւնը սկսաւ Սուրբ և Անմահ Պատարագով, զոր մատուցանեց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքը վանքիս մայր տաճարին մէջ: 

Պատարագիչ Հայրապետը այս առթիւ հոգելոյս Հօր դամբանականը հաղորդեց ներկայ հաւատացեալներուն, ըսելով. «Տապպաղեան Գերապայծառին վախճանումը մեր սրտերը ցաւով լեցուց: Անոր հոգեւոր կեանքը, բարութիւնը, խոնարհութիւնը, աղքատասիրութիւնը և առաքինի հոգեւորականի օրինակը խոր տպաւորութիւն ձգած էր բոլոր անոնց վրայ որոնք զինք ճանչցած էին: Այսօր Տապպաղեան Գերապայծառը ամէնուս հրաժեշտ տալով, մեկնեցաւ Երկինքի Արքայութեան մէջ իրեն համար պատրաստուած տեղը: Ան որպէս քահանայ և ապա եպիսկոպոս երկար տարիներ ծառայեց, արդիւնաբերեց և գոհ ձգեց բոլորը: Վրաստանի Սուխլիս գիւղէն այսօր ցաւակցագիր նամակներ ստացանք, ուր ժողովուրդը իր վիշտը կը յայտնէր և միեւնոյն ատեն իր մեծ սէրը՝ Գերապայծառին հանդէպ, որովհետեւ անոնց ցոյց տուած էր փրկութեան ճամբան: Իր առաքելութիւնը սկսաւ որբերով զբաղուելով, ըլլայ Տգուանէ, ապա Այնճար: Լիբանանեան պատերազմի օրերուն խիզախօրէն պաշտպանած էր վանք ապաստանող գաղթականները: Աղքատասէր էր, ինչ որ ունէր կը բաժնէր անոնց, նոյնիսկ իր ստացած նուէրները: Հիւանդները կը բուժէր և անոնց դեղագործի պաշտօն կը կատարէր: Այժմ մեր աղօթքը կը բարձրացնենք առ Աստուած, խնդրելով յաւիտենական հանգիստ հանգուցեալին հոգւոյն, որպէսզի Անոր նման հաւատքով և սիրով տոգորուած նորանոր քահանայական կոչումներով օժտուի Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութիւնը, ի փառս Աստուծոյ և ի պայծառութիւն Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ»:

Յուղարկաւորութեան կարգը իր մարգարէական ընթերցումներով, աղօթքներով և շարականներով կատարուեցաւ հոգեւոր դասուն և դպրեվանքի սաներուն կողմէ:

Յուղարկաւորութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին՝ Սուրբ Աթոռի Առաքելական նուիրակի քարտուղարը, Արհիապատիւ Գերապայծառ Տիարք՝ Գէորգ Արք. Խազզումեան, Մանուէլ Եպս. Պաթագեան, Յովսէփ Եպս. Առնաութեան, Պէյրութի Հայ Կաթողիկէ Թեմի Օգնական Եպիսկոպոս՝ Արհի. Հ. Գէորգ Եպս. Ասատուրեան և Պէյրութի Հայ Կաթողիկէ Թեմի Պատրիարքան Փոխանորդ և Զմմառու վանքի Մեծաւոր՝ Հ. Գաբրիէլ Թ.Ծ.Վ. Մուրատեան, Պաղտատի Հայ Կաթողիկէ Թեմի Առաքելական Կառավարիչ՝ Հ. Ներսէս Թ.Ծ.Վ. Զապարեան, Անարատ Յղութեան Միաբանութեան առաքինազարդ քոյրեր, Լիբանանի Հայ Կաթողիկէ կղերական դասը, հանգուցեալ Գերապայծառին մայրապետ քոյրը և հարազատները, ինչպէս նաեւ սգակիր բազմաթիւ հաւատացեալներ:

Այս առթիւ ցաւակցական հեռագիր նամակներ հասան նաեւ Միաբանակից Հայրերու կողմէ, զորս Հ. Գրիգոր վրդ. Պատիշահ ընթերցեց:

Եկեղեցւոյ կարգի աւարտին՝ հոգեւոր դասուն առաջնորդութեամբ բոլոր ներկաները ուղղուեցան դէպի Միաբանութեան դամբարանը, ուր հանգուցեալ Գերապայծառին մարմինը ամփոփուեցաւ


Արարողութենէն ետք՝ ցաւակցութիւնները ընդունուեցան մայրավանքի դահլիճին մէջ, և նոյն օրը շարունակուեցան կ.ե. ժամը 4-էն 7:00:

Խունկ և բիւր օրհնութիւն հոգելոյս Գերապայծառին անմահ և պայծառ յիշատակին:

Դիւան Զմմառու վանքի

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/09/2018, 07:08