Որոնել

Սուրիոյ մէջ գաղթականներու լուսանկար Սուրիոյ մէջ գաղթականներու լուսանկար 

Տեղեկագիր, Սուրիոյ եւ տարածաշրջանի մէջ մարդկային տագնապի մասին գումարուած ժողովի աւարտին:

Սուրիոյ մէջ պէտք է պայքարիլ խթանելով տեղեկատուութեան, մշակութային, առողջապահութեան, սննդարարութեան մարզերը:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Հռոմի Ուրպանիա քահանայապետական համալսարանին մէջ ներկայացուեցաւ,Վատիկանի մարդկային համապարփակ խթանման բաժանմունքին նախաձեռնութեամբ, Սուրիոյ եւ տարածաշրջանի մէջ մարդկային տագնապի մասին,Վատիկանին մէջ գումարուած ժողովէն աւարտական տեղեկագիրը:

Տեղեկագիրին մէջ նշուած է, որ Սուրիոյ մէջ 7 տարի առաջ սկիզբ առած պատերազմին դէմ պէտք է պայքարիլ խթանելով, տեղեկատուութեան, մշակութային, առողջապահութեան, սննդարարութեան մարզերը եւ այս իրականացնելու համար կաթողիկէ եկեղեցին այս տարի տրամադրած աւելի քան 100 միլիոն տոլար:

Հրամայական նկատուած է գիւղատնտեսական տարածքներուն զարգացումը, դիտել տալով , որ անոր մէջն է որ կը կայանայ երկրին ապագան որովհետեւ Սուրիան, արաբական երկիրներուն մէջ եղած է ամենահարուստ երկիրը:

Տեղեկագիրին մէջ ապա կարեւոր համարուած է կրթական, առողջապահական ոլորտներուն մէջ ծրագիրներու մշակումը ինչպէս նաեւ տեղական հաստատութիւններուն հանդէպ զօրակցութիւնը, ամրապնդելով կրօններուն միջեւ համագործակցութեան կապերը :

Տեղեկագիրին մէջ ամենէն շատ շեշտուած է ,որ Սուրիոյ մէջ ամենէն շատ պէտք է աջակցիլ հողագործութեան եւ գիւղատնտեսութեան մարզերուն, որովհետեւ անոնք չեն կարօտիր ֆիանասնական մեծ ներումներուն ու կը նպաստէ համակեցութեան մշակոյթին:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/09/2018, 12:20