Որոնել

Սփիւռքի  նախարարը Գրիգոր Պետրոս Ի կաթողիկոս Պատրիարքին հետ Սփիւռքի նախարարը Գրիգոր Պետրոս Ի կաթողիկոս Պատրիարքին հետ 

ՀՀ Սփիւռքի Նախարարը այցելեց Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան

Շուրջ 45 վայրկեան տեւած հանդիպումը առաւելաբար ծանօթացման բնոյթ ունէր։

Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Գրիգոր Պետրոս Ի․ Կաթողիկոս Պատրիարքը՝  կիրակի, 23 Սեպտեմբերի ժամը 12․45-ին Պատրիարքարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեանին, որուն կ,ուղեկցէին նախարարութեան աշխատակիցներ, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մօտ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան, հիւպատոս Լէոնիտ Ապաճեան եւ Սփիւռքի նախարարութեան ներկայացուցիչ Վլատիմիր Պօղոսեան։ Հանդիպումին ներկայ եղան գերապայծառ տիարք Մանուէլ  եպիսկ․Պաթագեան, Գէորգ եպիսկ․Խազումեան եւ արժ․Կարապետ քհնյ․ Թադէոսեան։

Շուրջ 45 վայրկեան տեւած հանդիպումը առաւելաբար ծանօթացման  բնոյթ ունէր։ Նախարարը Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ ներկայացուց Հայաստանի նորագոյն իրադարձութիւններուն հետեւանքով ստեղծուած դրական մթնոլորտը եւ անոր յառաջացուցած դրական արձագանգը թէ ներքին եւ թէ արտաքին ճակատներու վրայ, եւ յատկապէս Սփիւռքի մօտ։ Անդրադարձ կատարուեցաւ յատկապէս Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններուն վերաբերեալ նախարարութեան առաջադրանքներուն, նոր մօտեցումներուն եւ հայրենադարձութեան խնդիրներուն։

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը իր կարգին վստահեցուց որ հայկական պետականութեան հզօրացման, ժողովրդավարացման, ընկերային արդարութեան, արդարադատութեան եւ հաւասարութեան  գործընթացի յառաջընթացին, Հայաստանի բարգաւաճութեան եւ հայրենաբնակ ժողովուրդի բարօրութեան ի նպաստ ամէն նախաձեռնութիւն պիտի շարունակէ վայելել Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ եւ համայնքին քաջալերանքն ու զօրակցութիւնը։

armeniancatholic.org

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/09/2018, 07:00