Պոզէ Վանքին Աբբահայրը Պոզէ Վանքին Աբբահայրը 

«Պոզէ»ի համամիութենական Վանքին մէջ Օրթոտոքս Հոգեւորականութեան նուիրուած գիտաժողով։

Գիտաժողովը կազմակերպուած է օրթոտոքս եկեղեցւոյ համագործակցութեամբ, 5 – 8 սեպտեմբեր 2018-ին։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

5 – 8 սեպտեմբեր 2018-ին,  Պոզէի համամիութենական վանքին մէջ, օրթոտոքս եկեղեցւոյ համագործակցութեամբ, կազմակերպուած է՝  Օրթոտոքս Հոգեւորականութեան նուիրուած միջազգային 26-րդ գիտաժողովը, որուն բանանն է «Քրիստոնէական կեանքի զատորոշում» եւ որուն նպատակն է քննարկել՝ մարդկային կեանքի կազմաւորումի ու անոր միջանհատական յարաբերութիւններու հիմնական գործընթաց հանդիսացող՝ զատորոշումի  կերպերն ու միջոցները, յատկապէս տագնապի պահերուն։ Այս մէկը պիտի կատարուի ներշնչուելով  Արեւելքի Եկեղեցւոյ Հայրապետներու վկայութիւններէն ու հիմնուելով անոնց մեզի թողած ուսուցումներուն վրայ։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/09/2018, 08:15