Որոնել

Աղթամարի եկեղեցին Աղթամարի եկեղեցին 

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ

Սարդին ու մարդուն յարակցութիւնը

Մէկ տառի փոփոխութեամբ, «սարդ» բառը կը դառնայ «մարդ»:

Անշուշտ այդ միջատին համար կարելի չէ՛ ըսել, թէ մարդը անկէ սերած է, սակայն մարդկային որոշ տեսակի խառնուածք կամ բնաւորութիւն կայ, որ շատ նման է սարդի բնազդին:
Սարդը ի՛նչ չափի ալ ըլլայ, միշտ պժգալի է: Բնականաբար, երբ գիտենք, թէ սարդի որոշ տեսակներ նաեւ թունաւոր կ՛ըլլան, ու անոնց խայթոցը կրնայ մահացու հարուած հասցնել մեր կեանքին, ուրեմն աւելի՛ զգուշաւորութիւն ցոյց կու տանք այդ միջատին նկատմամբ:
Վտանգաւոր սարդերը կամ անոնց թունաւոր տեսակները գիշեր ատեն դուրս կու գան, ու յաճախ առաստաղներու անկիւններուն կը դիրքաւորուին, հաւանական որս գտնելու յոյսով: Զանոնք ցերեկ ատեն գտնելը դժուար պիտի ըլլար, ուստի զանոնք սպաննելու եւ անոնց խայթոցէն փրկուելու լաւագոյն առիթը գիշերուան պահն է:
Սարդերու տեսքէն, մանաւանդ անոնց մեծ տեսակներու փշոտ ու անողորկ ոտքերէն զզուող մարդիկ բնաւ ալ չեն խղճահարուիր, երբ տեսնեն անոնց առաստաղէն վար իյնալն ու սարսափահար փախուստի դիմելը: Ընդհակառակը, կը քաջալերեն զայն հալածողը, որպէսզի անպայման սպաննէ զանիկա, ու մինչեւ որ սպաննուած չտեսնեն, չե՛ն հանգստանար:
Մարդուն զգացած վախը, որ սարդին կողմէ թունաւորուելէ յառաջ կու գայ, յատկապէս հետեւանքներուն մասին երբ մտածենք, արդարացի կը նկատուի: Վախը շատ բնական երեւոյթ է սարդի խորհրդաւոր յարձակումներուն դիմաց:
Պէտք է կենդանաբոյծներուն եւ մասնագէտներուն հարց տալ, թէ՝ արդեօք սարդն ալ վախի զգացում կ՛ունենա՞յ ի տես զինք հալածող մարդոց:
Ինչպէս տարբեր կենդանիներու, սարդերու ալ բնազդին մաս կը կազմէ վախի զգացումը: Հաւանական յարձակումի եւ իրեն սպառնացող նուազագոյն վտանգի դիմաց, կենդանիները ունին պաշտպանուելու բնազդային նախազգացումը, ինչպէս նաեւ «զէնքեր»՝ դիմադրելու համար: Մէկուն լորձունքը, միւսին փուշը, մէկ ուրիշին կոտոշը, մէկուն յօշոտող ակռաները, միւսին ուժեղ մկանները, մէկ ուրիշին թոյնը կամ խայթոցը, ինքնապաշտպանութեան համար տրուած զէնքեր են կենդանիներուն: Ուժի դէմ ուժ ցուցադրելու բնական զգացումը, կենդանիներու բնազդին մաս կը կազմէ:
Արդեօ՞ք սարդն է մարդէն վախցողը, թէ մարդը՝ սարդէն…
Ըստ երեւոյթին, երկուքն ալ իրարմէ կը վախնան: Բայց, բնազդաբար եւ իսկապէ՛ս վախցողը սարդը ի՛նք է: Մարդը տրամաբանութիւնը օգտագործելով կրնայ մասնաւոր հնարքներու դիմել, կա՛մ սպաննելու, եւ կամ՝ քշելու ու հեռացնելու զայն իր բնակութեան սահմաններէն:
Այս կեանքի բարոյագիտական նիւթերով հարուստ գիրքի էջերուն մէջ կը հանդիպինք սարդի բնազդին շատ մօտիկ բնաւորութիւն ունեցող մարդոց: Անոնց հետ որեւէ գործի պարագային, չե՛ս գիտեր թէ դո՞ւն կը վախնաս իրենցմէ, թէ իրենք քեզմէ: Սակայն մէկ բան յստակ կ՛ըլլայ, որ երկուստեք վախ կայ:
Ժողովրդային առածը կ՝ըսէ՝ պէտք է նետուիլ գործի մէջ, յաջողելու համար: Ու նման պարագաներու, միշտ ալ մարդկային սարդեր կանգնած կ՛ըլլան իրենց հիւսած ոստայններուն կեդրոնը կամ ատոր մէկ ծայրը:
Մարդկային խառնուածքներու մէջ իրայատուկ է այս բնաւորութիւնը, որ ո՛չ քաջութիւն եւ ո՛չ ալ վախկոտութիւն կարելի է անուանել: Երկուքին միջեւ է այդ կացութիւնը, ուր յայտնի չեն վախցնողին եւ վախցողին սահմանները: Փաստօրէն երկուքն ալ իրարմէ կը վախնան, սակայն տարբեր ժամանակներու: Այսինքն՝ երբեմն առաջինն է վախցնողը ու երկրորդը վախցողը, եւ երբեմն ալ ճիշդ հակառակը…
Սարդը կը վախնայ մեղուին խայթոցէն, զգուշութեամբ կը շարժէ իր բազմաթիւ ճկուն ձեռքերը, նախ չէզոքացնելու համար մեղուին այդ կարողութիւնը:
Ասիկա վախկոտ սարդին քաջագործութիւնն է…
Սարդի բնաւորութեամբ մարդիկ ալ նոյնը կ՛ընեն:
Վախով կը շարժին, սակայն՝ ընելիքնին կ՛ընեն: Իսկ մարդը, երբեք պէտք չէ՛ վախնայ ո՛չ սարդէն, ո՛չ ալ անոր նմանէն:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/09/2018, 08:01